İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ի՞նչ կը նշանակէ Հայ ըլլալ

Երկրի մը մէջ ծնիլ, ուրիշ երկիր մը ապրիլ, տարբեր երկրի մը մէջ մեռնիլ և չորրորդ տեղ մը թաղուիլ:
Բազմաթիւ լեզուներ խօսիլ, սակայն ոեւէ մէկը կատարեալ չգիտնալ, մանաւանդ հայերէնը:
Անաստուած ըլլալու իսկ պարագային, եկեղեցի յաճախել, կրօնական արարողութեանց հետեւիլ բան մը չհասկնալով:

(Not: Bazı dostların isteği üzerine bu yazıyı tekrar yayımladık. HYETERT)

Եկեղեցիի մը թաղական ըլլալ առանց անոր օրէնքները ճանչնալու:
Խոնարհ ըլլալ օտարներու հանդէպ և գոռոզ՝ իր ազգակիցներուն:
Ապրիլ օտար երկրի մը մէջ հայրենիքի կարօտով և հայրենիքի մէջ՝ օտար երկիրներ երազելով:
Ողբալ հայերէն լեզուին նահանջին, բայց տան մէջ օտար լեզուով խօսիլ:
Ընկերային դիրքը բարձրանալուն զուգահեռ հայութիւնը մոռնալ, զայն յիշել միայն երբ ծերութեան դուռը հասնի:
Ունենալ արեւելահայերէն և արեւմտահայերէն, երկու ուղղագրութեամբ:
Օտար լեզուով խօսիլ, հայերէն աղօթել, թրգերէն երգել և հայհոյել:
Ադրինե Գաբրիելյան
Գրվել է 12 Հունվարի 2011 -ին
Mashtots

Yorumlar kapatıldı.