İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համբարձման Տօն

Համբարձմն Քրիստոսի եւ Յիշատակ Փոխադրութիւն Հայրապետական Աթոռոյն Հայոց ի Սսոյ ի Սբ.Էջմիածին. Համբարձում կը նշանակէ “Բարձրացում”: Համբարձումը Յիսուսի յարութիւն առած ու փառաւորուած մարմնոց երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակումին տօնն է,որ տեղի կ’ունենայ միշտ Հինգշաբթի օր.Յարութեան 40- րդ օրը:

Յարութիւնէն ետք,Յիսուս  իր աշակերտներուն երեւնալէ ետք,40- րդ օրը իր աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ բարձրացաւ ուր յայտնեց իր աշակերտներուն.”Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ,զօրութեամբ պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք,Երուսաղեմի,Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը”:Երբ Ան արտասանեց այս խօսքերը,Յիսուս երկինք բարձրացաւ մինչեւ որ ամպերը ծածկեցին զինք աշակերտներուն  տեսեղութիւնէն:
Համբարձումի տօնի օր,Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրուիլը:
Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք որ,Հայ Եկեղեցւոյ Կեդրոնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նստավայրը 484 թուականէն սկսեալ զանազան պատճառներով տեղափոխուած է պատմական Հայաստանի այլազան վայրեր ,նաեւ Կիլիկիա: 1441 թուականին Կաթողիկոսութեան Աթոռը Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքէն վերադարձաւ իր բնօրրանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածիմ :Այս որոշումը տրուեցաւ 25 Մայիս 1441թուականին Համբարձման տօնի օր:
Այսօր անուանակոչութեան տօնն է նաեի հետեւալ անուններուն: Համբարձում,Համբար,Համօ,Համբօ,Համբիկ
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
:

Yorumlar kapatıldı.