İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ՅՈՒՇԱՏՕՆ

Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ  տեղի ունեցան, Հայոց ցեղասպանութեան 101- տարելիցին նուիրուած այլեւայլ ձեռնարկներ ,որոնց իր կազմակերպչական մասնակցութիւնը բերաւ Գերմանիոյ Հայոց Առոջնորդութիւնը: 17 Ապրիլ 2016 թուականին, Տիար Փոլ Կիւլօղլուի բարերարութեամբ Գերմանիոյ Ենա քաղաքի մէջ, 23 Ապրիլ 2016 թուականին Մոսկուաբնակ Տիար Արթուր Վարժապետեանի բարերարութեամբ Պեռլինի մէջ, 29 Ապրիլ 2016 ին Տիար Վահան Արսէնեանի բարերարութեամբ Քէհլ քաղաքի մէջ քաչքարեր օծուեցան ձեռամբ Գերմաիոյ Առաջնորդ Տ.Գարեգին Արք.Պեքճեանի ձեռամբ,օծման  արարողութիւններուն ներկայ էինշ, Հ.Հ Գերմանիոյ դեսպան Տիար Աշոտ Սմբատեան, քաղաքական, եկեղեցական, ընկերային հաստատութիւններու, հայ եւ գերման համայնքներու ներկայուցուցիչներ եւ համայնքայիններ:

24 Ապրիլ 2016 Կիրակի հարաւային Գերմանիոյ Կէօփփինկէն քաղաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ առջեւ եւ Շթութթկարթ քաղաքի հայկական գերեզմանատան մէջ նախապէս տեղադրուած քաչքարերու մօտ կատարուեցան Մեծ Եղեռնի 101-ամեակի առթիւ Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակաց բարեխօսական կարգ:

Ցեղասպանութեան նահատակները յուշատօնով ոգեկոչուեցան նաեւ Քէօլն, Նիւրինպերկ, Միւնիխ,Նոյվիկ, Պրօնշըվայկի հայ համայնքներու մէջ եւ նաեւ Քէօլն, Պրեմէն, Նոյվիտ, Նիրէնպերկ,Պրօնշըվայկ քաղաքներու մէջ նահատակներու յիշատակին նուիրուած նախապէս տեղադրուած քաչքարերու առջեւ բարեխօսական կարգ կատարելով:

Տոքթ.Սարգիս Ատամ
 

Yorumlar kapatıldı.