İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՂԲ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
«Ո՞ ւր ես գնում, Մանուկ,- հարցնում է Աճառեանը:
-Գնում եմ էն աշխարհը:
-Էհ, լաւ, էս աշխարհի մեղքերիցդ ու քննադատներիցդ կ’ազատուես, բա էն աշխարհում Մաշտոցը օձիքդ կը բռնի,
ո՞նց ես ազատուելու, ի՞նչ պատասխան պիտի տաս նրան…»:
             Հայոց լեզուն հազարագանձ, Օշականի վսեմական վարդապետին երկունքէն ծնած այս  ոսկեղինիկ լեզուն, երբեմնի կրանիթեայ սիւնը մեր գոյութեան, այսօր խամրած է եւ դատապարտուած ամլութեան, ուծացումի եւ յամրաքայլ կորստեան: Ժողովուրդներու պատմութիւնը ցոյց տուած է որ լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան:

            Լեզուն է որ իր մէջ  կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը: Առանց լեզուի՝ մշակոյթ մը կը դատապարտուի անհետ կորստեան եւ կը թաղուի պատմութեան փոշիին տակ: Այս յօդուածին շարժառիթը հայոց լեզուի նահանջն է, եւ մեր մտահոգութիւնը՝ թէ ինչպէ՛ս կրնանք կենդանութիւն տալ մեսրոպաշունչ այս հազարամեայ գանձին:
            Ցաւալի իրողութիւն է, որ ամէն նորաձեւութեան կուրօրէն երկրպագու մեր ժողովուրդը հայերէնը կը նկատէ երկրորդական լեզու: Արեւմտեան աշխարհի մեր գաղթականական վիճակը մեզ մղած է հաւատալու որ եթէ չկարենանք տիրապետել մեր ապրած երկիրներու լեզուին՝ չենք կրնար բարօր կեանք մը ապահովել մեր ընտանիքին համար: Այս սխալ հասկացողութիւնը պատճառ դարձած է որ նոր սերունդը տակաւ առ տակաւ հեռանայ իր մայրենի լեզուէն, ինքզինք դատապարտելով մշակութային անկման:
            Անշուշտ այս դժբախտ կացութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ երկու աշխարհաբարներու գոյութիւնն է, ու այս իրողութեան վրայ կու գայ բարդուիլ Աբեղեան (որ հիմա հաշիւ կու տայ Օշականի հանճարին) խեղագրութիւնը, որուն վերացման մասին ո՛չ մէկ աշխատանք կայ հայրենի պետութեան կողմէ, եւ ո՛չ ալ կամեցողութիւն: Համայնավարութեան «բարի» պտուղները կը վայելենք տակաւին ի դէմս հայ լեզուի նահանջին, երբ «անկախ» Հայաստան մը ունինք այսօր:  Կ’ակնկալէինք, որպէս երկու չարեաց փոքրագոյնը, որ առ նուազն Մայր Աթոռի բոլոր հրատարակութիւնները կատարուէին Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:    Բայց աւա՜ղ, մեր յոյսերը ի դերեւ ելած են մինչեւ օրս:
            Արեւելահայերէնը ո՛չ միայն կորսնցուցած է իր երբեմնի փայլքն ու հմայքը -(արթնցի՛ր Խաչատուր Աբովեան) – այլ դարձած է «սովետերէն», իր բոլոր այլանդակութիւններով, նամանաւանդ օտարամուտ բառերու կուտակումով եւ փոխ առնուած շարահիւսութիւններով, որոնք կը մռայլեն, կ’արատաւորեն, կը խորթացնեն եւ կը որբացնեն մեր հազարամեայ մայրենի ոսկեղինիկ լեզուն: Ի՞նչ պատասխան պիտի տանք երբ հանդիպինք Օշականի հանճարին…
            Երկրորդ գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ մեր ներազգային պայքարներն են, որոնք ջլատած են մեր ոյժերը եւ տակաւին անյոյս ենք, որովհետեւ հորիզոնին վրայ չենք տեսներ ազգային միասնականութեան աշխատանքի լուրջ նշոյլներ, եւ այս աններելի ողբերգական վիճակին պատասխանատուները բոլորս ենք անխտիր, մեր անհանդուրժողութեամբ եւ մերժողական հոգեբանութեամբ:
            Միասնականութեան թերացումին գլխաւոր պատճառներէն պէտք է նկատել Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պայքարները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Նոյնքան եւ առաւել եւս մտահոգիչ եւ ազգակործան են մեր քաղաքական, միջակուսակցական պայքարները, որոնք մինչեւ իսկ եղբայրասպանութեան յանգեցան շատ մօտիկ ացեալին՝ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներէն ներս: Կը խօսինք այս բոլորի մասին՝ յաճախ առանց լուծումներ առաջարկելու, որովհետեւ չենք կամենար զոհել մեր անհատական, կուսակցական եւ միութենական շահերը ի շահ հաւաքականին:  Այս երեւոյթը իր տխուր անդրադարձը ունեցած է նաեւ մեր սփիւռքեան հաւաքական կեանքէն, նամանաւանդ  հայկական վարժարաններէն ներս, որոնք այս ոչ բաղձալի պայմաններուն տակ չեն կրնար ներշնչել, արժեւորել մշակոյթով մէկութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը:
            Բոլորս ալ գիտենք որ այս փտախտը համատարած է, չի պատկանիր միայն այս կամ այն կողմին: Հայ վարժարանները՝ ազգային մեր մշակոյթը իր հարազատութեամբ ուսուցանելու եւ պահելու փոխարէն վերածուած են կուսակցական քարոզչական միջոցներու:  Մեր վարժարաններէն ներս չկայ մշակուած ռազմավարութիւն՝ նոր սերունդը զինելու եւ մշակոյթի պահպանութեան սրբազան ջահը անոր աւանդելու առումով: 
            Այս խառնաշփոթ վիճակին մէջ ինչպէ՞ս ակնկալել որ հայոց լեզուն անաղարտ  պահպանուի, երբ մեր բոլոր «ղեկավարութիւնները» ըլլանք անոնք քաղաքական, եկեղեցական կամ մշակութային հաստատութիւններ, իրենց անհատական եւ հաւաքական հաշիւներէն եւ շահերէն ելլելով տակաւին պայքար կը մղեն իրարու դէմ՝ «յանուն հայ ժողովուրդի» բարւոք կեցութեան: Այնքան ատեն որ մեր ոյժերը չենք համախմբեր, հայոց լեզուն ալ միշտ նահանջի մէջ պիտի ըլլայ եւ մեր բոլոր վերականգնումի յոյսերն ալ ապարդիւն պիտի մնան:
            Չի՛ բաւեր թութակի պէս կրկնել որ լեզուն ազգապահպանման մեծագոյն կռուանն է, միջնաբերդը մեր գոյութեան: Անհրաժեշտ է ունենալ տեսիլք ունեցող ղեկավար անհատներ որոնք իրենց անձին օրինակով (ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը) ռահվիրաները դառնան այս նոր մշակութային յեղափոխութեան, որուն կարիքը կը զգացուի հայրենիքէն սկսած մինչեւ արտերկիր, հոն ուր հայու շունչ կայ, եւ սիրտ՝ որ հայութեամբ կը տրոփէ:
            Ցաւալին հո՛ն է որ Հայաստան եւ սփիւռքներ կը ղեկավարուին նոյն խմբակներուն կողմէ, որոնք կը հետապնդեն միայն իրենց շահերը եւ յաջողած են լռեցնել բոլոր անոնք՝ որոնք կը բողոքեն: Հայաստանի մէջ, ինչպէս խորհրդային տարիներուն՝ նոյնպէս եւ այսօր, պաշտօններ կը տրուին, նամանաւանդ եկամտաբեր պաշտօններ, «ղեկավարութեան» ընտանիքի անդամներուն եւ անմիջական հարազատներուն:
            Նոյնն է պարագան սփիւռքի մէջ, ուր պետական բարերար, շինիչ ու հոգատար  հսկողութեան մը բացակայութիւնը կրկնակի առիթ է որ «հաւատարիմներ» պաշտօնի հրաւիրուին եւ բացորոշ կերպով կեղեքեն ու կողոպտեն մեր ազգային հաստատութիւններն ու կառոյցները, եկեղեցիէն սկսելով մինչեւ ազգային վարժարաններ ու մշակութային կազմակերպութիւններ:  Այլ խօսքով՝ աւատապետական դրութիւնը կը շարունակուի «հայրենասիրութեան» եւ «եկեղեցասիրութեան» կեղծ պիտակին տակ:
            Հանրային բարոյականութիւնը ծալած եւ մէկ կողմ դրած են թէ՛ Հայաստանի ղեկավարները եւ թէ՛ սփիւռքի աւատապետները, որոնք բացէ ի բաց առանց քրտինքի տիրացած են հարստութիւններու, նամանաւանդ հայրենիքէն ներս,  եւ տակաւին կը շարունակեն շահագործել մեր ժողովուրդի հայրենասիրական ազնիւ զգացումները: Հաշուետուութեան եւ թափանցիկ գործունէութեան բացակայութիւնը այսօրուան տխուր վիճակին հասցուցած է մեզի, եւ ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է այս խառնաշփոթութեան մէջ վերականգնել հայոց լեզուն, եւ զայն փոխանցել որպէս ժառանգութիւն գալիք սերունդներուն:
            Ժամանակը հասած է որ ազգովին զարթօնք մը ապրինք, ոտքի ելլենք մեր ամբողջ իմացական կարողութեամբ, եթէ կ’ուզենք պահպանել մեր հազարամեայ գանձը՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ:
            ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
            1 Մայիս 2016
Posted by: VOSGAN@aol.com

Yorumlar kapatıldı.