İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 17 Ապրիլ Կիրակի օրը Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանի ձեռամբ Ենա քաղաքի մէջ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքարի մը օծումը: Քաղաքապետարանի աջակցութեամբ եւ Տիար Փոլ Կիւլօղլուի բարերարութեամբ տեղադրուած խաչքարի օծման ներկայ էին ՀՀ Գերմանիոյ Դեսպան Տիար Աշոտ Սմբատեան, Քաղաքապետ Ալպրէխթ Շրէօթէր, եկեղեցական, քաղաքական, ընկերային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմահարիւր հիւրեր:

ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ
DIÖZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 Köln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
 www.armenische-kirche.de, E-Mail: info@armenische-kirche.de
 23 եւ 24 Ապրիլ 2016-ին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պեռլինի մէջ տեղի ունեցան
Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած այլեւայլ ձեռնարկներ, որոնց իր կազմակերպչական մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութիւնը:
23 Ապրիլին, Պեռլինի Կաթողիկէ «Սուրբ Հեդվիգ» Արքեպիսկոպոսանիստ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին զետեղուած խաչքարի հանդիսաւոր բացումը եւ օրհնութիւնը: Խաչքարի տեղադրումը կարելի դարձած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանութեան եւ Գերման-Հայկական Ընկերակցութեան ջանքերու եւ մոսկովաբնակ հայ բարերար Արթուր Վարժապետեանի նուիրատւութեան շնորհիւ: Տեղադրման վայրը պատահաբար չէ ընտրուած: 14 Մայիս 1919 թ. առաջին անգամ ըլլալով գերմանական հողին վրայ այս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հայոց նահատակներու յիշատակին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն
մը` հայերէն լեզուով, որուն ներկայ գտնուած են պետական, դիւանագիտական եւ եկեղեցական շրջանակներէ զանազան ներկայացուցիչներ: Եկեղեցին կը գտնուի Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պեռլինի կենդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ, ուր բաղի հաւատացեալներէն կ’այցելեն նաեւ բազմահազար այցելուներ աշխաչհի բոլոր երկիրներէն:
Խաչքարի օրհնութիւնը եւ օծումը կատարեց Թեմիս Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան` քովն ունենալով Հայր Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Գնել Քհնյ. Գաբրիէլեան: Օրհնութեան արարողութենէ ետք Առաջնորդ Սրբազան ընկերակցութեամբ յիշեալ հոգեւորականներու մասնակցութիւնմը բերաւ նաեւ ՀՀ Դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան:
24 Ապրիլ, առաւօտեան ժամերուն, Պեռլինի Պրանտենպուրկեան դարպասներու
հրապարակին վրայ, ուր կը գտնուին նաեւ ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի Դեսպանութիւնները, գերմանահայ երիտասարդութեան կողմէ կազմակերպուած էր Հայոց եւ քրիստոնեայ միւս ժողովուրդներու Ցեղասպանութեան նուիրուած տեղեկատուական զանգուածային ձեռնարկ մը (Flashmob)` «100 եւ 1 տարուայ լռութիւն» խորագրով, որ կը հովանաւորուէր Գերմանահայ Կեդրոնական Խորհուրդին կողմէ: Շուրջ 120 հայ երիտասարդներ զանգուածային այս ձեռնարկի միոջոցով այցելուներու եւ տեղաբնկաներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան, Գերմանիոյ եւ
Թուրքիոյ կողմէ անոր ճանաչման կարեւորութեան վրայ: Սերովբէ Հայր Սուրբ եւ Տէր Գնել Քահանայ իրենց ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ քաջալերեցին հայ երիտասարդները իրենց հրաշալի մտայղացման մէջ:
Կէսօրէն ետք, Սերովբէ Հայր Սուրբ եւ Տ. Գնել Քահանայ իրենց մասնակցութիւնը բերին Պեռլինի «Լուիզընհօֆ» գերեզմանոցին մէջ տեղի ունեցող Յիշատակի Ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր նոյն գերեզմանատան մէջ զետեղուած ցեղասպանուած երեք ազգերու` հայերու, ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու, զոհերու յիշատակին տեղադրուած Յուշահամալիրի “Աջակցութեան Յանձնախմբի” կողմէ` գլխաւորութեամբ
Տոքթ. Թեսա Հոֆմաննի:
Յիշատակի արարողութիւնը բացուեցաւ Պեռլինի Մշակութային եւ Եկեղեցական Համայնքի ատենապետուհի Տիկին Սոնա Այբէրի կողմէ, որմէ ետք խօսք առին Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան, ՀՀ գերմանիոյ Դեսպան Պրն. Աշոտ Սմբատեան, Պեռլին-Պրանտենպուրկի Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տիկին Թրաութվայն եւ Տիկին Թեսա Հոֆմանն: Արարողութենէն ետք Յուշահամալիրին քով տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, որմէ ետք տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ աղօթեցին զոհերու յիշատակին համար, որ եզրափակեց Սերովբէ Հայր Սուրբը «Պսակիչ սրբոց, Քրսիտոս» աղօթքով եւ միասնական «Հայր մերո»ով:
Երեկոյեան 18-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին
նուիրուած Գերմանիոյ Կեդրոնական Յուշատօնը, որ կազմակերպուած էր ՀՀ
Գերմանիոյ Դեսպանութեան, Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի կողմէ` մասնակցութեամբ Պեռլինահայ աշխարհիկ եւ եկեղեցական զոյգ համայնքներու:
Աշխարհիկ եւ եկեղեցական մասերէ բաղկացած ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ԳԿԽ-ի ատենապետուհի Տիկին Ժագլին Խաչատուրեանի կողմէ, որմէ ետք հերթականութեամբ խօսք առին՝ ՀՀ Դեսպան Պրն. Աշոտ Սմբատեան, Գերմանիոյ Պունտեսթակի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի նախագահ Միքայէլ Պռանտ եւ Կանաչներու Կուսակցութեան նախագահ Ջեմ Էօզդեմիր:
Բոլոր բանախօսներն ալ յստակօրէն ընդգծեցին, որ Գերմանական Պետութիւնը
պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունի երկար լռութենէ եւ յետաձգումէ ետք պաշտօնապէս ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` առանց նկատի առնելու Թուրքիոյ կողմէ հնարաւոր որեւէ բողոք կամ ազդեցութեան փորձ: Պունտեսթակի երկու պատգամաւորներն ալ` Միքայէլ Պռանտ եւ Ճէմ Էօզտեմիր, ընդգծեցին, որ այս տարի Յունիսի 2-ին Գերմանական Պունտեսթակը պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ընդունման դիմումնագիրը եւ պարտաւոր ըլլայ ընդունիլ
ցեղասպանութեան համապատասխան բանաձեւէր: Բանխօսութիւնները կ’ընդմիջուէին երաժշտական կատարումներով, որ ստանձնած էին երգշուհի Նարինէ Եղիյեան, դաշնակահարուհի Լիլիթ Գրիգորեան եւ սաքսոֆոնիստ Հայրապետ Առաքելեան:
Եկեղեցական բաժնին մէջ Առաջնորդ Գարեգին Սրբազան եւ Սերովբէ Հայր Սուրբ կատարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակաց Բարեխօսական Կարգ:
 Մեծ Եղեռնի 101-ամեակի առթիւ 24 Ապրիլ Կիրակի օրը Պատէն-Վիւրթեմպէրկի Հայ Համայնքի մէջ նախ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ապա Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ առջեւ տեղադրուած եւ Շթութկարթի հայկական գերեզմանատան մէջ գտնուող խաչքարներու մօտ կատարուեցաւ Սրբոց Նահատակաց բարեխoսական յատուկ կարգ:
Շթութկարթի կեդրոնական միջոցառումը տեղի ունեցավ բողոքական Մարթին Լութէր եկեղեցւոյ մէջ։ Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տիրատուրի ողջունի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցան Նահանգային Խորհուրդի պատգամաւոր, կանաչների կուսակցութեան անդամ Վիլի Հայտէրը եւ CDU կուսակցութեան անդամ Պիրկիւլ Աքփընար: Ծագումով թուրք Աքփընար իր խօսքին մէջվ ներողութիւն խնդրեց հայ ժողովուրդէն ցեղասպանութեան համար, գլուխ խոնարհելով զոհերուն առջեւ եւ դատապարտելով Թուրքիոյ այսօրուայ իշխանություններու մերժողական կեցուածքը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ նահանգի Բողոքական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Փրոֆ. Ուլրիխ Հեկելը իր ցաւակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդին:
Ողջունի խօսքերէն ետք տեղի ունեցաը Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքվիեմի»
կատարումը՝ մասնակցութեամբ Պադ-Վիլպելի սենեկային նուագախմբի, ZwischenTöne երգչախումբի, երգիչներ Անի Յորենցի եւ Գուրգեն Բաղէեանի, Քլաուս Ալպերթ Պաուերի ղեկավարութեամբ։
 Քէօլնի Հայ Համայնքի ցեղասպանութեան յուշատօնը եւս տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ կիրակի օրը, Ս. Սահակ-Մեսրոպ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, բազմահարիւր հիւրերու մասնակցութեամբ: Յուշատօնին խօսք առին համայնքի ատենապետուհի Մինու Նիքփայ, քաղաքապետ Հանս Վէրնէր Պարչ, CDU կուսակցութեան Քէօլնի նախագահ Պէրնտ Փէթթէլքաու եւ Թեմական Խորհուրդի անդամ Տոքթ. Ֆրէտէրիք Միրզախանեան: Օրուայ բանախօսն էր Կանանչներու կուսակցութեան Քէօլնի նախագահ Հանս Շվանից: Յուշատօնի երաժշտական բաժինը ստանցնած էր համայնքի Կոմիտաս Երգչախումբը: Երեկոն վերջ գտաւ Տէր Հրաչ քահանայի կողմէ կատարուած բարեխօսական աղօթքով:
 Մեծ Եղեռնի 101-ամեակը 24 Ապրիլին յուշատօնով մը նշուեցաւ նաեւ Միւնխէնի Հայ Համայնքի մէջ եւ բարեխօսական աղօթք կատարուեցաւ Նիւրնպէրկ/Հէօհշթաթի եւ Պրէմէնի Խաչքարներու առջեւ, տեղւոյն հայ համայնքներու կազմակերպութեամբ:

Քէօլն, 28.04.2016 Դիւան Առաջնորդարանի
file:///C:/Users/User/Downloads/Haghortakrutyun+4-16.pdf

Yorumlar kapatıldı.