İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՅՈՎԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶԻ (Օննիկ Կարապետեան) ԾՆՆԴԵԱՆ 101-րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԱՌԹԻՒ (1915- 1984).

101տարի առաջ 27 Ապրիլ 1915 թուականին Մեծ Եղեռնի արհաւիրքին Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի մէջ ծնաւ Օննիկ Կարապետեան անունով մանուկ մը:Երբ, Օննիկ հազիւ 3 տարեկան էր,1918 թուականին Թուրքական արշաւանքին հայրը զոհուեցաւ եւ  հօր կողմէ որբեցաւ: Ապա վերջ պատերազմի խուճապային մթնորլորտին մայրը կորսունցուց ու մնած անօթեւան,երկար ժամանակ ապրեցաւ անպատսպար ու թափառեցաւ փողոցներու մէջ:

Ատենէ մը վերջ ապաստարան գտաւ Կիւմիի որբանացի մէջ: Օննիկ  դառն ու դաժան մանկութիւն մը ունեցաւ:
Երբ որ,ան պատանի տարիքի հասաւ ,հեռացաւ  որբանոցէն  ու դարձաւ  դարձեալ փողոցի կեանքին ուր~, պատահականօրէն գտաւ իր կորսուցուացած մայրը ,Աստղիկը:Այդ ճակատագրական օրէն ի վեր Օննիկի համար մօր խօսքը “Սրբութիւն եւ Օրենք” եղաւ:
Որբութեան ու չքաւորութեան երկար տարիներէ վերջ Օննիկ եղաւ Սիրոյ,Վշտի եւ Հայոց Սրբազան  Դատին “Յովաննէս Շիրազ” գրչանունով  երգիչը:

“Շիրազ” Պարսկաստանի մէջ քաղաքի մը անուն է,որը յայտնի է վարդերով եւ բանաստեղծներով,Յովաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւններն ալ Շիրազ քաղաքի թարմ վարդերու  բուրմունքը ունեցան եւ անոր առաջին քերթուածը լոյս տեսաւ 1930 թուականին կիւմիի մէջ, իսկ 1935 թուականին  հրատարակուեցաւ “Գարնամուտ” անուն ստեղծագործութիւնը որը, արագօրէն մեծ համբաւի հասցուծ Շիրազը:

Շիրազ ուսանեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի եւ Մոսկուայի Մաքսին Կօրքի Գրական Ինստիւտի մէջ:
1958 թուականին հրատարակուեցաւ “Քնար Հայաստանի” անուն գիրքը, որուն երկրորդ  հատորը 1965 ին ,իսկ երրորդը      1974 թուականին հրատարակուեցաւ:
Ան հեղինակն է հայրենասիրական ու լիրիկական  բանաստեղծութիւններու, որոնցմէ  մի քանիներն են :Անի, Իմ Սուրբ Հայրենիք, Սէրս Գաղտնի Թող Մնայ,Հայերի Ճակատագիրը:
Ան հեղինակն է նաեւ”Հայոց Տանթէական” մեծածաւալ ստեղծագործութեան , որը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին է, գլուխգործոց համարուող այս գործին առաջին տարբերակը գրուէր է 1941թուականին ,իսկ ամբողջութիւնը լոյս տեած է         1990 թուականին Երեւանի մէջ:
Շիրազի,Սիրոյ եւՎիշտի երգերը շուտով  տեղ գտաւ հայ գրականութեան մէջ:
Անոր բանաստեղծութեան ոճը ,20-րդ դարու երկրորդ կէսին  հայ գրականութեան վերազարթումին վրայ իր տիրական դրոշմը դրաւ: Շիրազ,հայ ժողովուրդի կեանքի մէջ եղաւ ապրող  առասպել մը, նորահաս սերունդը երգեցին  անոր բանատեղծութիւններով Սէրը,Հայոց Վիշտը,Մօր Պաշտամունքը, Հայկական Հարցը արդար լուծման  արժանացնելու  պահանջատիրական պայքարը:
Անոր առաջին կինն էր,յայտնի  բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանը :
Յովաննէս Շիրազ մահացաւ 19 Մարտ 1984 թուականին, գերեզմանը Երեւանի Կոմիտաս Պանթէոնի մէջն է:
Ի յարգանք ու սէր Յովաննէս Շիրազի վաստակին ու յիշատակին, Երեւանի մէջ կան իր անունով դպրոցներ ու յուշատախտակներ,իսկ Կիւմրիի մէջ կայ նաեւ իր անուոնով յուշատուն եւ թանգարան մը:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Օգտուած Ակ: Ազատ Հանրագիտարան

Yorumlar kapatıldı.