İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Առաջնորդ Մարտիրոսեան Կատարեց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Նիստի Բացման Աղօթքը

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, Ապրիլ 18ին մեկնեցաւ Սաքրամենթօ, ուր Ցեղասպանութեան յիշատակման Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի յատուկ նիստին բացումը կատարեց աղօթքով: Այս նիստը դարձած է բարի աւանդութիւն՝ շնորհիւ խորհրդարանի Հայկական խմբակին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին միջեւ սերտ գործակցութեան: Առաջնորդին կ՛ընկերանային Տաճատ վրդ. Աշըգեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի զօրակիցներ, ազգային վարժարաններու աշակերտներ եւ հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Իր աղօթքին մէջ սրբազանը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է անգամ մը եւս այս պաշտօնական յարկին տակ ու պետական ներկայացուցիչներու հետ միասին խոնարհելու Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին առջեւ, պատմական ոճիրին 101րդ տարեդարձին առիթով: Ան նշեց, որ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան յիշատակումը առիթ է յիշելու անցեալի ու ժամանակակից նման արարքներու զոհերը, եւ Աստուծմէ խնդրեց խաղաղութիւն ու ամոքում պարգեւել տառապեալներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ծերակոյտին, որ վշտակից է հայութեան ցաւերուն եւ աղօթեց առ Աստուած, որ հովանի ըլլայ հայութեան արդար Դատը հետապնդողներուն ու անոնց զօրակցողներու ճիգերուն: Առաջնորդը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ մեզի առիթ ընծայած է ապրելու ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան ու ապահովութեան այս հայրենիքին մէջ, ուր բոլոր ժողովուրդները կը գոյակցին խաղաղութեամբ, սիրով ու եղբայրական ոգիով: Ան իր աղօթքը եզրափակեց խնդրելով, որ Աստուած խաղաղութիւն ու յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ մարդուն կողմէ մարդոց հանդէպ կատարուած անմարդկային արարքներու բոլոր նահատակներու հոգիներուն, որոնք զոհ գացած են ցեղասպանական արարքներու։

Նշենք, որ Ծերակոյտն ու խոր-հրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրեցին «AJR-34» բանաձեւը, որ ի շարս այլոց՝ 2016 տարին կը հաստատէ իբրեւ «1915-1923 թուականներուն իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման տարի՝ Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ», իսկ Ապրիլ 24, 2016ը՝ իբրեւ «Քալիֆորնիոյ նահանգին կողմէ 1915-1923 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցի Ոգեկոչման օր». բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ նախագահին եւ Քոնկրեսին վերահաստատելու պատմական ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ 1915-1923 տարիներու հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած դէպքերը միանգամընդմիշտ եւ պաշտօնապէս ճանչնալու իբրեւ Ցեղասպանութիւն։

http://asbarez.com/arm/251836/

Yorumlar kapatıldı.