ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Պատմական երկարամեայ կապերը ամրագրելու նպատակով, հայկական ու յունական շարք մը կազմակերպութիւններ Ապրիլ 9ին համագործակցութիւնը սերտացնելու նպատակով համաձայնագիր մը կնքեցին։
Յունաստանի անկախութեան 195րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած ստորագրութեան արարողութեան մասնակցեցան Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Յոյն-Ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը, Կիպրացի ամերիկացիներու կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը եւ Կիպրոսի համար արդարութեան կազմակերպութեան համակարգումի միջազգային խորհուրդը։
Ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ կը շեշտուի, թէ կողմերը միասնաբար ջանք պիտի տանին հայոց, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց ճանաչումը ապահովելու եւ կրթական նախաձեռնութիւններ իրականացնելու նպատակով. նաեւ, աշխատանք պիտի տարուի՝ Կիպրոսի վերամիացումը ու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ապահովելու, Հայաստանի եւ Կիպրոսի դէմ Թուրքիոյ պարտադրած շրջափակման վերջ տալու, ինչպէս նաեւ պիտի պաշտպանուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ ապրող կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները։
Yorumlar kapatıldı.