İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Բարի Յիշենք Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքը

Տօքթ.Սարգիս Ատամ
ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԷՆ  ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐ ՅԵՏՈՅ  ՆՈՅՆԻՍԿ ՄԵԾ ԿԱՐՕՏՈՎ ԵՒ ԽՈՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՅԻՇՈՒՈՂ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՇՆՈՐՀՔ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ:  Շնորհք արք. Գալուստեան ծնած է 1913 թուականին, Եոզկատի Իյտէլի գիւղին մէջ: Աւազանի անունով կը կոչուէր Արշակ: Զաւակն էր գիւղին հարուստ եւ ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկուն:

Հայրը կը կոչուէր Միհրան, իսկ մայրըՙ Շուշան-Կիւլթանէ: Ունէր եղբայր մըՙ Արմէն եւ երկու քոյրՙ Անուշ եւ Շնորհիկ: Անոնցմէ Անուշ վաղամեռ եղաւ, իսկ Շնորհիկ կորսուեցաւ պատերազմի խառնաշփոթութեան մէջ: Ա. Աշխարհամարտին, 1915ին, երբ տակաւին հազիւ երկու տարեկան էր, Արշակ որբացաւ իր հօրմէն: Եղբայրը, Արմէն, իրմէ առաջ ղրկուած էր Թալասի Ամերիկեան որբանոցը, ուր ան յետագային այլ որբերու հետ զոհ գնաց ջերմի համաճարակին, 1923-ին:
Երբ Արշակ գիտակցութեան տարիքին հասաւ, կ՛ապրէր մօրըՙ Շուշանին եւ քրոջըՙ Շնորհիկին հետ:

1922-ին, փոքրիկն Արշակ բաժնուեցաւ իր մօրմէն, երթալու համար նախ Նահր Իբրահիմի «Լիբանան», ապա Նազարէթի «Պաղեստին» ամերիկեան որբանոցները, իսկ յետոյ Կեսարիոյ Թալաս գիւղի Ամերիկեան քոլէճը, որ որբանոցի վերածուած էր այդ օրերուն, ուր ապաստան գտած էր նաեւ իր եղբայրըՙ Արմէն:

Այդ թուականէն սկսեալ փոքրիկն Արշակ առանձին էր այլեւս, զուրկ ընտանեկան տաքուկ յարկի մը ընձեռած բարիքներէն: Այնուհետեւ, ան 33 երկար տարիներ ետքՙ 1955ին էր որ պիտի գտնէր իր սիրեցեալ մայրը:
Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք ունեցաւ դժնդակ մանկութիւն մը, ճաշակելով կեանքի բազմապիսի դառնութիւնները:

1927 թուականին Արշակ ընդունեցաւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորած վարժարան որպէս դպրեվանքի սան:
1932 թուականին Սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ  Երուսաղէմի մէջ:
1935 թուականին ձեռամբ Արմաշական հոգեւորական Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի ձեռնադրուեցաւ աբեղայ,ստանալոբ Շնորհք անունը:
1945-ին  Լոնտոնի Հայոց իսկ 1948-ին Նիւ Ճըրզիի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ:
1952 թուականին Գալիֆորնայի Հայոց Առաջնորդ ընտրուեցաւ եւ ծայրագոյն վարդապետի աստիճան ստացաւ:

1955 թուականին Վազգէն Ա.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ եւ 1957 թուականին Երուսքղէմի Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ ընտրուեցաւ:
1960 թուականին  Գարեգին Ա. Խաչատուրեան պատրիարքի հրաւէրով Պոլիս վերադարձաւ  եւ Խաչատուրեան պատրիարքի վախճանումէն յետոյ 11 Հոկտեմբեր 1961 թուականին ընտրուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան Աթոռի 82-րդ գահակալը,դառնալով ամէնէն հաւատաւոր սպասաւորը Հայ Առաքելական Եկեղեցիին:
7 մարտ 2016-ին լրացաւ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքին (1913-1990) վախճանման 26-րդ տարին եւ իսկ 2016 թուակիր տարինՙ նաեւ իր ծննդեան 103-րդ տարեդարձն ալ էր: Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան աթոռի 82-րդ գահակալը 29 տարուան շրջանով եղաւ ախոյեանը իր 81 նախորդներուն եւ հետեւորդը Յովհաննէս Կոլոտ, Յակոբ Նալեան, Մկրտիչ Խրիմեան, Ներսէս Վարժապետեան, Խորէն Աշըքեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Եղիշէ Դուրեան, Զաւէն Տէր Եղիաեան, Մեսրոպ Նարոյեան, Գարեգին Խաչատուրեան եւ այլ մեծանուն պատրիարքներու:
Արշակ պատերազմի տարիներուն որբութեան դառնութիւնը ճաշակեց, հայերեն կարդալ-գրելը օտարներէ սորվեցաւ, մանկութիւնը որբանոցը ապրեցաւ, բախտը իրեն ժպտեցաւ եւ Ժառանգաւոր սանը դարձաւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան:
Աշակերտեցաւ Արմաշական հարերու եւ միշտ իր մէջ պահեց Արմաշու հոգին: Պաշտօնավարեց Ամերիկայի հայ համայնքներու մէջ եւ նաեւ շատ մը երկիրներու, բայց վերադարձաւ Երուսաղէմ եւ եղաւ լուսարարապետ:
Կեանքի ղեկը զինք բերաւ Պոլիս, որպէս գործակից երջանկայիշատակ Տրապիզոնցի Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի: Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինեց, որ, Եոզկատի որբուկ Արշակը գայ Պոլիս եւ յաջորդէ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքին:
1961-ին յանձն առաւ պատրիարքական ասան եւ բարձրացաւ Յովակիմի աթոռը: Իր 29 տարիներու գահակալութեան հայելին է Պոլիսը, ուր բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վարժարաններ նորոգուեցան, գիրքեր հրատարակուեցան, սերունդներ իր գրաւիչ անհատականութեամբ հմայեցան: Ան Հայ եկեղեցին ու անոր ուսուցումը պաշտպանեց որպէս հոգեւորական եւ ուխտաւոր, հայ լեզուին ծառայեց որպէս հայ գրիչի մշակ, ան եղաւ գաւառի զաւակ, եղաւ միաբաններու համար «Հայրիկ», գաւառացիին համար «Պապա»ՙ որպէս Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի հետեւորդ:
Շնորհք Պատրիարք իր բոլոր արժանիքներուն քով նաեւ «Շնորհք Վանականն» էր, իր ծոմով, պահեցողութեամբ ու աղօթքով:
Յարգանքով կը ծնրադրեմ, իր խնկելի եւ սուրբ յիշատակին առջեւ:
Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք ունի  հրատարակուած բազմաթիւն գիրքեր, որոնցմէ գլխաւորներն են:
– Քննական Մօտեցում Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռի Տագնապին. Տէրտէրեանի Անօրէնութիւնները – Փարիզ, 1961։
– Աւետարան Ըստ Մատթէոսի (վերածում) -Իսթանպուլ , 1966։
– Աւետարան Ըստ Մարկոսի (վերածում)– Իսթանպուլ, 1966։
– Աւետարան Ըստ Ղակասի (վերածրսմ)֊ Իսթանպուլ, 1966։
– Աւեւոաւսսն Ըստ Յովհաննէսի (վերածում) – Իսթանպուլ, 1966։
– Ձեոագրերու Գողութեան Գայթակղութիւնը – Իսթանսպուլ, 1969։
– Նկատողութիւններ Երուսաղէմի Ցանձնաժողովի Տեղեկագրի Մասին – Իսթանպուլ, 1970։
– Մեծ Պահքի Կիրակիներու Ոսկի Շղթան – Իսթանպուլ, 1971։
– Գունագեղ Կիրակիներ Եւ Հոգեգալուստ – Իսթանպուլ, 1972։
– Միութիւնը Եւ Միասնութիւնը Կը Կազմեն Եկեղեցիի էութիւնը – Իսթանպուլ, 1973։
– Ներսէս Շնորհալիի Ընդհանրական Թուղթ (վերածում) – 1973։
– Ներսէս Շնորհալիի Գիրք Որ Կը Կոչուի Ցիսուս Որդի (վերածում) – Իսթանպուլ, 1974։
– Աւագ Շաբաթ – Պէյրութ, 1974։Նիոյ-Եորք , 1990։
– Տաղաւար Տօներ – Երուսաղէմ, 1976։
 -Եօթը Պատգամներ՝ Եօթը Եկեղեցիների – (Իստամպուլ, 1977)
-Աստուածաշնչական Սուրբեր – (1977)
-Համաքրիստոնէական Սուրբեր – (1978)
– Հայազգի Սուրբեր – (Իստամպուլ, 1982), (Բ. Տպ. Երևան 1997, Գ, Տպ. Իստամպուլ 1998)
– Աւետարան Յիսուսի Քրիստոսի «վերածում»- (Անթիլիաս, 1979)
-Սաղիմական Ձեռագրերի Գողութեան Հարցը Նոր Տուեալների Լոյսի Ներքոյ- (Իսթամպուլ, 1985)
– Ուխտագնացութիւն և Հովուպետական Այցելութիւն Գաւառի Մեր Եկեղեցիներ և Համայնքներ- (Իսթամպուլ, 1989)
Եւ այլ բազմաթիւ գիրքեր:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա
Ակ: Յուշամատեան Շնորհք Պատրիարքի Ինուսուն Ամեակի

Yorumlar kapatıldı.