Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Հայ ժողովուրդը ու~ր որ,ապրած է,ապրած այդ հողին վրայ տուած է նուիրեալ ու առաքինի ծառայութիւններ եւ իր ծոցէն հանած է համայն մարդկութեան օգտակար հազարաւոր հայ որդիներ, գիտնականներ, մտաւորականներ, արհեստաւորներ, ազգային ու մշակութային գործիչներ եւ նաեւ բժիշկներ որոնք, հաւատարիմ մնալավ Հիբոկրատական երդումի նուիրումով ծառայած են, ոչ միայն իրենց ժողովուրդին այլ համայն մարդկութեան:
Անոնք աշխատած են իրենց գիտութեան պաշարով,առանց խտրութիւն դնելու’,հիւանդներու ցաւերը ամոքել,
տառապանքները սփոփելու ու հիւանդութիւնները բուժելու համար:
Հայ բժիշկներու ծառայութիւնները երբեք սահման չէ ունեցած,
անոնք լուրջ պարտաճանաչութեամբ ու առանց նկատի առնելու հիւանդին կրօնքը, լեզուն, պատկանելիութիւնը, հիւանդին ընկերային վիճակը եւ սեռը, անխտրութեամբ ու լուրջ պարտաճանաչութեամբ կատարարելով իրենց բժիշկութեան պարտականութիւնները, բուժած են իրենց հիւանդները ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին վրայ:
Հայ բժիշկներ,Թուրքիոյ մէջ Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին ծառայած են ոչ միայն որպէս հիւանդները բուժող բժիշկներ,այլ ստանձնած են պատասխանատու պաշտօններ որպէս, բժիշկական վարժարաններու վարիչ, դասախօս,հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ,աւագ խորհուրատու եւ բժիշկագիտական հետազոտիչներ:Անոնցմէ շատեր,Օսմանեան Կայսրութեան բանակի բժիշկագիտութեան արդիականացման,
վերելքին,զարգացման եւ նաեւ երկրի պաշպանութեան գործընթացքի մէջ իրենց գործոն մասնակցութիւնը բերած են:
Անոնցմէ ոմանք եղած են,արքունիքի եւ իշխանաւորներու անձնական բժիշկներ, ոմանք ալ արժանացած են բարձրագոյն շքանշաններու եւ պատիւներու:
Այդ շրջանի, Հայ բժիշկները ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ կը վարէին ոչ ծայրայեղ պահպանողական քաղաքականութիւն մը: Սակայն կային մի քանի որոշ թիւով հայ բժիշկներ, որոնք կը խօսէին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու մասին, կային նաեւ հայ կուսակցութիւններու անդամ,կուսակցութեան ղեկավար, հայ ազգային ազատագրական շարժումի մասնակից հայ բժիշկներ:
1915- ին ինչպէս~ որ,Հայ ժողովուրդին գրեթէ բոլոր խաւերը ուղղակի եւ կամ անուղղակի ձեւով կոտարածի ենթարկուեցան, նոյնպէս ալ Հայ բժիշկները անբաժան չմնացին այս կոտարածէն եւ կամ կոտորածի ծնունդ տուած հետքերէն: Նկատի չառնուեցաւ անոնց Օսմանեան կայսրութեան, ժողովուրդին ու երկրին բերած նուիրեալ ու շնորհալի ծառայութիւնները,քանի որ, անոնք բնաջինջ ըլլալը ուզուող ժողովուրդի մը մտաւորականներն ու առաջնորդներն էին,եւ նաեւ հայ հասարակութեան առողջ զարգացման գործընթացքի մէջ կարեւոր եւ պատասխանատու դերեր ունէին:
Հայ բժիշկները,Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ծառայեցին նաեւ Օսանեան Բանակին ,որպէս պարտաճանաչ քաղաքացի բժիշկներ, պաշտօններ ստանձեցին հայրենքի պաշտպանման գործընթացքի մէջ:
Հայ բժիշկները, Համաշխարհային պատերազմէն վերջ երկրի ճգնաժամային պայմաններու մէջ իսկ, անտարբեր չի մնացին ժողովուրդի պահանջներուն, առողջապահութեան կարիքներուն: Ժողովուրդին առողջապահական կարիքներու ու պահաջներուն գոհացում տալու նպատակաւ թափ տուին իրենց բժիշկագիտական առաքելութեան:
Իսթանպուլի մէջ կազմակերպելով առողջապահութեան բանախօսութիւններ, դասընթացքներ, դասխօսութիւներ այս ձեւով հասցուծին բազմաթիւ գիտակից ու զարգացած հիւանդապահուիներ ու բուժաշխատողներ, նպատակ ունենալավ երկրի հիւանդապահուիի ու բուժաշխատողներու բացը գոծել: Տոքթ.Նազարէթ Տաղաւարեան, Տոքթ.Ռուբէն Սեւակ-Չիլիկիրեան եւ բազմաթիւ հայ բժիշկներ ծանօթ են նաեւ իրենց այս այս ուղղութեամբ աշխատանքներով:
Ըստ,1919- ին հրատարակուած “Նահատակ Հայ Բժիշկ,Դեղագործ եւ Ատամնաբուժներու Յուշահամալիր”գիրքին,1915- ին սպաննուել են 67 Հայ բժիշկներ,73 Հայ Դեղագործեր,19 Հայ Ատամնաբուժներ,15 Բժիշկագիտութեան Հայ ուսանողներ: Իսկ ըստ Ծ.Վրդ.Պալաքեանի տուեալններուն 100 է աւելի Հայ բժիշկներ սպանուած են իրենց Թուրք արհեստակիցներու եւ կամ գործակիցներու կողմէ: Հաւանաբար այս վիճակագրութեան տուեալները ամբողջ չեն,նահատակուողներուն թիւը վերի տրուած թիւէն շատ աւելի մեծ է:
1915- ին Հայ բժիշկները ձերբակալուեցան, բանտարկուեցան, հալածուեցան եւ նահատակուեցան:Կարծէս թէ, Օսմանեան բժիշկագիտութեան վերելքին ու զարգացման սիւնները եղող հայ բժիշկները, այս ձեւով կը վարձարտրուէին Կայսրութեան ղեկավարներու կողմէ:
Շատ մը Հայ բժիշկներու ոճրագործները եղան իրենց Թուրք արհեստակից գործընկերները : Հոս պէտք է յիշել նաեւ բացարութիւն կազմող այն Թուրք ողջամիտ բժիշկները, որոնք հետեւացան իրենց բժիշկական կոչումին եւ հաւատարիմ մնալով Հիբոկրատական ուխտին,պաշտպանեցին մի քանի Հայ բժիշկներու ապրելու իրաւունքը ու փրկեցին անոնց կեանքը: Անոնք նաեւ քննադատեցին ու դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Օսմանեան Կեդրոնական իշխանութեան գործընթացքը:
1915- ին Հայ ժողովուրդին ապրած կոտորածի նահատակ հայ բժիշկներէն մի քանիներն են:
Տոքթ.Նազարէթ Տաղաւարեան-Չատըրճեան:
Ծնած է Սեբաստիա, 25 Դեկտեմբեր 1862- ին,1881 թուականին վկայուած է,երկրագործական վարժարանէն Ֆրանսա,1883-ին Պոլսոյ Երկրագործական նախարարութեան մէջ աշխատանքի սկսած է,1887-ին կ’սկսի Փարիզի մէջ իր բժիշկագիտութեան ուսումին,1893-ին կը վերադառնայ Պոլիս ու որպէս բժիշկ պաշտօն կ’ստանձնէ Պոլսոյ Ֆրանսական հիւանդանոցի մէջ: 1899-ին կը նշանակուի,Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժիշկապետութեան պաշտօնի,1908 թուականին կը դառնայ հանրածանօթ, հմուտ բժիշկ ու հեղինակաւոր ազգային գործիչ ու որպէս ազգային երեսփոխան Օսմանեան խորհրդարանի անդամ:
Կը ձերբակալուի13 Ապրիլ1915- ին,կ’աքսորուի Այաշի բանտ ու կը նահատակուի Ուրֆայի մօտերը 21 Ապրիլ1915- ին:
Հեղինակն է ” Բնական Պատմութիւն,Ուսումնասիութիւն Միզային Քարերու,Մանրէբանութիւն,Առողջապահութիւն անուն եւ այլ բժիշկական դասգիրքերուն:
Տոքթ.Ռուբէն Սեւակ-Չիլինկիրեան
Ծնած է,15Փետրուար1805- ին Սիլիվրի: Հիմնական կրթութիւնը Պէրպէրեան վարժարանի մէջ աւարտելէ վերջ,1905- ին Լոզանի Համալսարանի մէջ կ’սկսի բժիշկագիտութեան իր ուսումի,բժիշկ կը վկայուի 1911 թուականին: Լոզանի մէջ կ’ամուսնանայ Գերմանացի Հէլլէն Վան Պրաամի հետ ,1914 -ին կը վերադառնայ Պոլիս:1910 թուականին լոյս կը տեսնէ,բժիշկ Սեւակին”Կարմիր Գիրք”անուն գիրքը, որը գրի առած է Հայոց Կլիկիոյ կոտորածի ողբերգութիւնէն ներշնչուելով:
Տոքթ.Ռուբէն Սեւակ-Չիլինկիրեանի յօդուածները պարբերաթերթերու մէջ կը հրատարակուին”Բժիշկին Գիրքէն Փրցուած Էջեր” անունով: Տոքթ Ռուբէն Սեւակ-Չիլինկիրեան կը ձերբակալուի 11-12 Ապրիլ 1915- ին Մաքթիգիւղ-Պաքըրգիւղի մէջ, ուր իր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր: Ան կ’ուղարկուի Չանքըրը,ուր կը պայքարի Թուրքերու կողմէ կազմակերպուած կրօնափոխութեան արշաւին դէմ: Տոքթ.Սեւակը կրօնափոխ դարձնելու համար իրեն կ’ենթարկէն լուրջ ճնշում ու պարտադրութիւն: Սակայն ան, դիմադրելով ճնշումներուն վճռականօրէն կը մերժէ անոնց թելադրանքը:
1915-ի Օգոստոսին Տոքթ.Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան եւ չորս հայ աքսորեալներ զինեալ ուժերու հսկողութեամբ ճամբայ կը հանուին դէպի “Այաշ” ու ճամբու վրայ կը նահատակուին:
Ռուբէն Սեւակի ”Լեմանի Լիճը” բանաստեղծութիւնը իր գլուխ գործոցը կը նկատուի:
Տոքթ.Կարապետ Փաշայեան
Ծնած է,Պոլիս1864- ին, բժիշկ վկայուածէ Կայսերական Բժիշկական վարժարանէն1888-ին:Պաշտոնավարած է որպէս,պետական բժիշկ Բալու եւ Մալաթիա, ուր զբաղած է նաեւ ազգային գործերով:1890-ին կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի Սեբաստիոյ բանտին մէջ:1891-ին ազատ կ’արձակուի դատաւորին հիւանդ աչքը դարմանելու ի վարձ:1891-ին կը հաստատուի Շէպին Գարահիսար ուր,կ’սկսի բժիշկութիւնը շարունակել,այս շրջանին կը նշանուի Օրիորդ Թորքոմեանի հետ:
Տոքթ.Կարապետ Փաշայեան1892- ին դարձեալ կը ձերբակալուի եւ մահուան կը դատապարտուի:
Իր նշանածին Օր.Թորքոմեանի Անգլիոյ դեսպանին տիկնոջ մօտ միջամտութեամբ ներում կ’ստանայ եւ կը հաստատուի Պարսկաստան, հոն կը նշանակուի Շահին Պալատական բժիշկը:1903-1906 թուականներու միջեւ ապրած է Եգիպտոս ուր, կը հիմնէ ՀՅԴ(Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն) լսարանը ու “Կամպէթթա” տպարանը, ուրկէ կը հրատարակուի “Հորիզոն” թերթը:1908 թուականին Օսմանեան Կայսրութեան Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ,կը վերդառնայ իր ծննդավայրը կ’ընտրուի Սեբաստիոյ երեսփոխան:
Տոքթ.Փաշայեան ունի բժշկական ու գրական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ, իր գործերէն յատկանշական եղած է,”Մարիա Թէ Հայկանուշ”սիրավէպը,իր երկրորդ վէպը կը կոչուի “Աղջկան Մը Յիշատակարանը”,անոր գործերէն են նաեւ ” Առողջապաահութիւն”,”Երախաների Անունը” գործերը:
Տոքթ.Կարապետ Փաշայեան ձերբակալուած է 1915 թուականին եւ ուղղուած է “Այաշ”ի բանտը:Ան կը նահատակուի 1915-ի գարնան:
Տոքթ.Ստեփան Միսքճեան
Ծնած է Պոլիս 1852- ին, Կայսերական Բժշկական Վարժարանէն վկայուած է, մանկաբարձ եւ Վիրաբուժ բժիշկ ,պաշտոնավարած է Ետիգուլէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
1915 թուականին,դեղագործ եղբօր Գրիգորի հետ կը ձերբակալուին ու կ’աքսորուին: Հոն երկու եղբայր կը նահատակուին:
Տոքթ.Լեւոն Պարտիզպանեան
Ծնած է Խարբերդ 1887- ին վկայուած է Կայսերական Բժշկական վարժարանէն,ծառայած է Օսմանեան բանակին մէջ որպէս բժիշկ եւ ձերբակալուած եւ աքսորուած է հարիւրապետի աստիճանով:
Տոքթ.Պէննէ Թորոսեան–Պետրոս Մանուկեան
Ծնած է Խարբերդ, բժիշկ կը վկայուի Պէյրութի Ամերիկեան Բժիշկութեան վարժարանէն, կ’անցնի Ամերիկա իր մասնագիտութիւնը աւարտելու համար:
Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ կը վերադառնայ Պոլիս կ’սկսի իր արհեստը կ’իրարկել եւ շարունակել հասարակական գործիչի ծառայութիւնները.
1915-ի կոտորածի շրջանին կը նահատակուի Պոլիս .
Հայ Բժիշկներէն կան նաեւ,մի քանիներ որոնք Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին ծառայած են Օսմանեան Բանակին:Տոքթ Աւետիս Նաքաշեան անոնցմէ մին է:Ան կը ձերբակալուի ու կ’ուղարկուի աքսոր դէպի Այաշ,աքսորէ վերդառնալու բախտը կ’ունենայ, կը պաշտօնավարէ Կայսրութեան բանակի զինուորական հիւանդանոցի մէջ,կը բուժէ պատերազմի բազմաթիւ վիրաւոր թուրք զինուորներ:(Արսէն Եարման–Էրմէնի Էնթիպպա Ճէմիյէթի):
Կան նաեւ պատերազմին նահատակուող Օսմանեան բանակի ծառայող հայ բժիշկներ, անոնցմէ մի քանիներն են:
Տոքթ.Վարդան Էֆէնտի (1885-1918)
Ան համաշխարհային պատերազմի ընթացքին պաշտոնավարած է որպէս բանակի բժիշկ Պաղեստինի մէջ:
Տոքթ.Վարդանեան Էֆէնտի(Մահացած 1915)
Համաշխարհային պատերազմի մասնակցած է որպէս հարիւրապետ սպայ բժիշկ, ծառայած է Էրզուրումի զինուորական հիւանդանոցի մէջ:
Կան նաեւ հայ բժիշկներ որոնք իրենց հարազատներուն ու ընտանիքի անդամներու մատնուած չարչարանքներուն ու աքսորի ղրկուելնուն անձամբ ականատես եղած են,սակայն որպէս կայսրութեան ծառայող պաշտոնեայ բժիշկ միջոց մը չեն կրցէր ունեալ իրենց ընտանիքին կիրարկուած անմարդկային դէպքերուն արքելք ըլլալ եւ “Լուռ ու Անկարող” մնալու պարտադրութեան տակ մնացած են:
Այս բժիշկներէն են :
Տոքթ.Նավասարթ Տէղիրմէնճեան,որ պաշտոնավարած է Անգարա ի կեդրոնական հիւանդոնոցի մէջ:Ան ապրած բոլոր ողբերգութիւններու հանդերձ ,որպէս բժիշկ բուժած ու դարմանաց է պատերազմի վիրաւոր բազմաթիւ թուրք զինուորները :(Արսէն Եարման–Էրմէնի Էնթիպպա Ճէմիյէթի) Տոքթ.Տէղիրմէնճեան այս ողբերգական յուշերը հաւաքած է գիրքի մը մէջ:
Տոքթ.Պողոս Անտօնեան–Շաշեան
Հայ բժիշկներու դասին ամէմէն կարկառուն դէմքերէն մին էր,1838- ին Օսմանեան Կայսրութեան Իշխան Սուլթան Մահմուտի, բժիշկութեան դպրոցի մը հիմնելու գաղափարը տուող եւ Սուլթանը համոզող անձն է:Սուլթանի անձնական բժիշկը եղած է:Ան եւ Շէշեան ընտանիքէն Տոքթ.Մանուէլ Շէշեան միասին եղած են զինծառայողներ, դասախօսեր,եւ նաեւ երկրի բժիշկի պակասին ու պահանջքին գոհացում տալու համար նոր սերունդի բժիշկներ ու բուժաշխատողներ պատրաստելու գործընթացքին առաջնորդներն եղած են:
Խունկ եւ աղօթք Հայ նահատակ բժիշկ, ատամնաբուժ, դեղագործ եւ բուժաշխատողներու յիշատակին:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Օգտագործուած Ակեր:
-Տօքթ.Կարապետ Հարպոյեան-Հայ Բժիշկներու Նահատակութիւնը Մեծ Եղեռնի Ընթացքին.(Ասպարէզ)
-Տօքթ.Կարոյեան–Մեծ Եղեռնի Նահատակ Հայ Բժիշկներ.
-Արսէն Եարման–Էրմէնի Էնթիպպա Ճէմիյէթի.
Նկար 1-Տօքթ.Նազարէթ Տաղաւարեան
Նկար 2- Տօքթ.Ռուբէն Սեւակ
Նկար 3- Տօքթ.Կարապետ Փաշաեան
Նկար 4- Տօքթ.Ստեփան Միսքճեան
Yorumlar kapatıldı.