İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայ Դատը «Լիհիի Օրէնք»ին Հիման Վրայ՝ Ատրպէյճանի Դէմ Հետախուզութիւն Կը Պահանջէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ապրիլ 11ին կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն, որ Ատրպէյճանի դէմ հետախուզութեան սկսին՝ հիմնուելով ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւններուն առնչուող «Լիհիի օրէնք»ին վրայ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ վստահելի աղբիւրներ հաստատած են, թէ Ատրպէյճանի բանակը մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքներու խախտումներ կատարած է։

 (AP Photo/Sergei Grits)
Նախագահ Պարաք Օպամային հասցէագրուած նամակին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի համացանցային կայքին միջոցաւ ամերիկահայութեան կողմէ շարք մը քոնկրեսականներուն յղուած կոչերուն մէջ ահազանգ կը բարձրացուի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջնորդութեամբ լարուածութիւնը մտագոհիչ կերպով սրող բռնարարքներուն նկատմամբ, որոնց ընթացքին կ՛օգտագործուին արդիական զէնքեր եւ կ՛արձանագրուին քաղաքայիններու եւ զինուորականներու դէմ մարդկային իրաւանց ահաւոր խախտումներ։
Հայ Դատը առաջին հերթին կը պահանջէ, որ անմիջապէս կասեցուին Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնները, մինչեւ որ իրականացուին «Լիհիի օրէնք»ով սահմանուած հետախուզութիւնները։ «Եթէ հաստատուի, որ ատրպէյճանական ուժերը խախտած են նման օժանդակութիւններու կապուած ամերիկեան օրէնքները, ապա Պաքուի տրամադրուող բոլոր ռազմական օժանդակութիւնները պէտք է արգիլուին ու պէտք է անմիջական քայլերու դիմուի՝ Ատրպէյճանի ապահովական ուժերու բարձրաստիճան պաշտօնատարները պատասխանատուութեան կանչելու», գրուած է Հայ Դատէն Օպամային յղուած նամակին մէջ։
Հոն յիշուած է նաեւ ՆԱԹՕի 2004ի մարզումներուն ընթացքին հայ զինուոր Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ատրպէյճանցի զինուոր Սաֆարովի պարագան՝ նշելով, որ Պաքուն նման ոճրագործ մը հերոսացուցած եւ վարձատրած է՝ պատժելու փոխարէն։
Ատրպէյճանական ուժերը Ապրիլ 2էն 7 առնուազն երկու տարեց քաղաքայիններու եւ երեք զինուորներու դէմ բարբարոսային արարքներու դիմած էին։
«Լիհիի օրէնք»ը առաջին անգամ վաւերացուած է 1997ին, իսկ անոր ընդարձակուած տարբերակը՝ 1998ին, Վըրմանթէն ծերակուտական Փեթրիք Լիհիի առաջարկին հիման վրայ: Այդ օրէնքը արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութեանց կ՛արգիլէ ռազմական օգնութիւն տրամադրել այն երկիրին, որուն ռազմական ուժերը անպատժելի կերպով կը խախտեն մարդկային իրաւունքները: Օրէնքին նպատակն է երաշխաւորել, որ ամերիկեան հարկային գումարները չեն օգտագործուիր այնպիսի  ուժերու կողմէ, որոնք կը խախտեն մարդկային իրաւունքները ու կ՛իրականացնեն պատերազմական յանցագործութիւններ:

«Լիհիի օրէնք»ին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.fas.org/sgp/crs/row/R43361.pdf կայքէջը։

http://asbarez.com/arm/251154/

Yorumlar kapatıldı.