İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

7 ԱՊՐԻԼ ԱՒԵՏՈՒՄՆ ՍԲ.ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆՒ եւ ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ:

Հայ Կեանքի Մէջ Մայրերու եւ Գեղեցկութեան Օր: Քրիստոնէութենէն առաջ , բազմաստուածային կեանքի ժամանակաշրջաններուն,հայ ժողովուրդը ունեցած է իգական սեռի բազմաթիւ աստուածուհիներ-դիցուհիներ, այնպէս ինչպէս այլ ազգեր ունեցած են:Դիցուհիներ Անահիտ,Արտեմիս,Տիանա, եւայյն մարմնաւորած են յատկանիշներ ու առաքինութիւններ,որոնք մասամբ այսօր եւս կը գնահատուին ընդհանրապէս մայրերուն մէջ:

Հին ժողովուրդներ այս բոլոր աւանդները իւրայատուկ մօտեցումներով եւ պաշտամունքային արարողութիւններով պահպանած են մինչեւ քրիստոնէութեան հաստատումը:Քրիստոնէութեան հաստատումէն վերջ “Մայրութեան” ու “Գեղեցկութեան”ընբռնումը կեդրոնացաւ “Աստուածամօր” վրայ ,իբրեւ գերագոյն խորհուրդանիշ “Մօր” գաղափարին:                                                                                                    

      Հայ առաքելական Սբ. եկեղեցին 7 Ապրւլին կը նշէ Աստուածածնի “Աւետման” տօնը:                                                                                   

Ղուկասի աւետարանէն կը կարդանք հետեւալը:                  

               

Աստուած , Գաբրիէլ հրեշատակը կ’ուղարկէ ,Գալիլիայի Նազարէթ քաղաք , Յովսեփ հետ նշանուած կոյս Մարիամի մօտ,Գաբրիէլ հրեշատակ  ըսելով “Ուրախացիր ,ով’ շնորհակալ ,Տէրը քեզ հետ է,Աստուած սիրեց քեզ եւ քեզի ամենամեծ շնորհը պարեւեց,դուն յղի պիտի մնաս եւ պիտի ծնէս որդի մը ունի որւպիտի կոչուի “Յիսուս”(Էմանուէլ , որ կը թարգմանուի “Աստուած մեզ հետ”):                            Մեր Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ այս օրը նուիրուած է “Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան”:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ մեր սիրելի մայրերը եւ մայրութեան թեկնածու մեր քոյրերը:Սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութեամբ եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ թող իւրաքանչիւր հայ աղջիկ վայելէ Մայրութեան բեկրանքը,Աստուածածնի սէրը ,խաղաղութիւնը եւ Օրհնութիւնը անոնց բոլորին հետ ըլլայ:
Կը շնորհաւորեմ նաեւ, Սուրբ Աստուածածնի անուանակից ,Լիլի ,Սրբուհի ,Մարինէ, Մարի, Շուշան, Լիլիթ,Մարիա,Մարիամ, Իսկուհի անունով բոլոր հայուհիները:
Շնորհաւոր Մայրութեան ու Գեղեցկութեան Օր.
Սարգիս Ատամ

Yorumlar kapatıldı.