(21 Յունուար1878- 4 Ապրիլ 1945) ՄԱՀՈՒԱՆ 71-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ: Վահան Թէքէեան, 21 Յունուար 1878 թուականին ծնած է Պոլիսի Օրթագիւղ թաղի մէջ , կեսարացի ընտանիքէ։ Յաճախած է Ներսէսեան , Պէրպէրեան ու Կեդրոնական վարժարանները։ 1896 ին ջարդերէն խուսափելով կ’անցնի նախ Անգլիա, իսկ տարի մը ետք` ՚ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաք ուր կը մնայ երկար տարիներ, ապա, կը փոխադրուի Եգիպտոս 1904 ին։ 1905 թուականին հոն ժամանակի հայ գրողներու համագործակցութեամբ կ’սկսի հրատարակել «Շիրակ» պարբերաթերթը։
1908- ին, Թուրքիոյ սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը վերադառնայ Պոլիս եւ ”Շիրակ”ը կը տեղախոխէ Պոլիս։ Կը ճամբորդէ մինչեւ Թիֆլիս, Երեւան եւ Էջմիածին: Տեսչական պաշտօններ կը վարէ Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքին եւ յետոյ` Երուսաղեմի Հայոց վանքին մէջ։ Համաշխարհային առաջին պատերազմի ծագումէն վերջ դարձեալ կը մեկնի Եգիպտոս ուր կը հիմնադրէ «Արեւ» երկօրեայ թերթը (յետոյ օրաթերթ)։
Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին կը վերադառնայ Պոլիս կը խմագրէ “Ժողովուրդի Ձայնը” օրաթերթը , ապա կը վարէ Կենդրոնական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:
Քաղաքական կեանքը զինքը կ’ստիպէ կրկին ապաստան գտնել Եգիպտոսի մէջ, ուր մինչեւ կեանքի վերջը կը խմբագրէ “Արեւ” օրաթերթը
Ազգային-քաղաքական կեանքին բերած է գործօն ծառայութիւն, նախ Վերակազմեալ Հնչակեան, ապա Սահմանադրական Ռամկավար եւ վերջապէս, իր նախագահութեամբ, անոնց միաձուլումով`Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններու կազմաւորման մէջ։
Շրջած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի գրեթէ բոլոր հայ գաղութները, ջանալով բարձր պահել Եղեռնէն վերապրող ժողովուրդին ու որբերուն հոգեկան կորովը։ 1934 ին Փարիզի մէջ կը տօնուի իր գրական գործունէութեան 40 ամեակը, ապա տարի մը կը վարէ Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան տեսչութիւնը։ 1937 ին Պէյրութի մէջ կը հիմնէ «Զարթօնք» օրաթերթը, ու կարճ ժամանակ մը ետք կը վերադառնայ Եգիպտոս «Արեւ» օրաթերթի խմբագրութեան։ Կը Մահանայ 4 Ապրիլ 1945 թուականին Գահիրէի մէջ։ Վահան Թէքէեան մեր ժամանակակից գրականութեան խոշորագոյն դէմքերէն մին կը հանդիսանայ։
Իր բանաստեղծական խորաթափանց ստեղծագործութիւնները հրատարակուած են հետեւալ թուականներուն:
1901 թուականին Փարիզի մէջ կը հրատակուի իր առաջին հաւաքածոն “Հոգիները”, 1914 ին կը հրատակուի “Հրաշալի Յարութիւն”,1920 ին “Կէս գիշերէն մինչեւ Արշալոյս”,1933 ին “Սէր”, 1943 ին “Հայերգութիւն” եւ «Տաղարան» հատորներուն մէջ։
Թէքէեան ոչ միայն բանաստեղծութիւններու հեղինակ է, այլ գրած է նաեւ պատմուածքներ,գաղութահայ կեանքի ու ազգային-ազատագրական շարժումներու մասին յօդուածներ: Անոր գրիչէն դուրս եկած է, փիլիսոբայական միտքեր ու անարդարութեան դէմ ձայներ:Թէքէեան թարգմանած է նաեւ օտար գրողներու , ինչպէսին Շէքսպիրի,Վիքտօր Հիւկոյի, Օսքար Ուայտի եւ շատ մը ուրիշներու արժէքաւոր գործերը:
Իր մահէն երկու տարի ետք1947 ին , իր գաղափարի ընկերներն ու աշակերտները իր անունով հիմնած են Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Պէյրութի մէջ, որը բազմաթիւ երկիրներու մէջ մասնաճիւղեր ունի ու կը տարածէ սփիւռքահայութեան մէջ հայերինի մշակոյթը:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Եկեղեցին Հայկական
Եկեղեցին Հայկական, ծննդավայրն է հոգւոյս,
Ինչպես քարայր մ’ընդարձակ, պարզ ու խորհուրդ, մութ ու լոյս,
Իր գաւիթովն հիւրընկալ, իր լայն բեմով, ու հեռուն,
Կանգնած իր լուռ խորհանով, որ կարծես նաւ մ’է ծըփուն…
Եկեղեցին Հայկական, ես աչքըս գոց կը տեսնեմ,
Ու կը շնչեմ, կը լսեմ՝ իր Յիսուսով մանկադէմ,
Իր սեղանէն մխացող, գուլայ – գուլայ խունկերով,
Եւ իր պատերը ցնցող աղօթքներով ալեխռով…
Եկեղեցին Հայկական բարձըր բե՛րդն է հաւատքին
Իմ պապերուս` որ հողէն զայն քար առ ար հանեցին
Եւ երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ , ամպ առ ամպ
Ու թաղուեցան անոր մէջ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ…
Եկեղեցին Հայկական մեծ վարագոյր մ’ը բանուած,
Որուն ետեւ, սըկիհին մէջ, կ’իջնէ ի՛նքը Աստուած,
Որուն առջեւ՝ գլխահարկ կու գայ իմ ազգըս ամբողջ
Հաղորուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ:
Եկեղեցին Հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ
Նաւահանգիստ մ’է խաղաղ, ցուրտ գիշերին՝ հուր ու բոց,
Ու տռփակէզ ցերեկին անտառ մըն է ստուերոտ՝
Ուր շուշաններ կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ:
Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի.
Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զըրահանդերձ է փայլուն՝ մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբի՛ւն, եւ երգերն է միշտ յաղթութիւն…
Վահան Թէքէեան
ÖLÜMÜNÜN 71.YILI ANISINA
ERMENİ ŞİİRİNİN PRENSİ VAHAN TEKEYAN(21 Ocak 1878-4 Nisan 1945)
Ermeni edebiyatının unutulmaz şair ve yazarlarından Vahan Tekeyan 1878 Tarihinde İstanbul’un Ortaköy semtinde dünyaya geldi. Üsküdar’daki Nersesyan ve Berberyan Ermeni okullarında okuduktan sonra Karaköy’de Getronagan Ermeni Lisesinde öğrenim gördü. İlk yazısı 1894’te “Hayrenik” gazetesinde yayınlandı. Basın dünyasına sürekli hizmet veren yazar 1896 yılında önce Avrupa Ülkelerine daha sonra 1904 yılında Mısır’a yerleşti :1905 tarihinde İskenderiye’de yazar arkadaşlarıyla birlikte “Şirag” dergisini yayınladı. Tekeyan ayraca “Joğovurtin Hamar”(Halk İçin), “Arev” (Güneş) gibi gazetelerde de çalıştı. 1908 yılında Türkiye’de Meşrutiyetin ilanından sonra İstanbul’a döndü ”Şirag” dergisini buraya taşıdı.Önce Kayseri Aziz(surp) Garabet manastırı daha sonra ise Küdüs Ermeni manastırı müdürü oldu. Birinci Dünya savaşı başlarında tekrar Mısır’a dönen şair ”Arev”(Güneş) dergisini yayın hayatına soktu,savaş sonrası tekrar İstanbul’a döndü, ”Joğhovurtin Dzaynı”(Halkın Sesi) gazetesini yayınladı ,daha önce öğrencisi olduğu Getronagan Ermeni Lisesi müdürlüğüne atandı
I. Dünya Savaşı’nda İstanbul ve Kıbrıs’taki Ermeni okullarında gönüllü olarak öğretmenlik yaptı.
Tekeyan şiirlerinde aşırı süslemeden kaçındı ve şiirin öneminin anlamında olduğunu savundu. Yazdıkları ile Ermeni cemaatinin aynası olan Tekeyan, “Şirag” gazetesini ayakta tutabilmek için yıllarını ve maddi varlığını harcadı.
Siyasi ortam ,onu Mısır’a tekrar dönmeye zorladı ve orda hayatının sonuna kadar ”Arev” dergisi başyazarı olarak yaşadı:
Vahan tekeyan Ermeni toplumsal ve siyasi hayatta faal olarak çalışarak önemli görevler aldı,Ermeni Sosyal Demokrat Parti ve Ermeni Hür Demokrat Parti teşkilatlarında sorumlu görevler üstlendi ve başkanlık görevinde bulundu .
Avrupa ve Orta Doğu’daki tüm ermeni yerleşim yerlerini dolaşarak 1915 Büyük Felaketinden sağ kalan katliam mağduru ve yetim ermenilerle bağ kurarak onların acılarını dindirmeye ,travmalarını yumuşatmaya,iç dünyalarındaki ruhsal çöküntüyü tamir etmeye çalıştı.
Çağdaş Ermeni şiirinin büyük isimlerinden biri olan şair ,4 Nisan 1945 tarihinde Kahire’de hayata gözlerini yumdu.
Ünlü şairin ilk toplama kitabı 1901’de Paris’te yayınlanan”Hoker” (Endişeler) adlı eseri oldu. Tekeyan’ın diğer eserleri, 1914’te yayınlanan “Hraşali Harutyun”, 1919’da “Ges kişeren Minçev Arşaluys” (Gece Yarısından şafağa Kadar), 1933’te yayınlanan ”Ser” (Aşk)tır. Bunların dışında şairin tercüme, deneme, gibi çalışmalarının yanında Ermeni toplum hayatı ve Ulusal kurtuluş hareketi ile ilgili makaleleri de oldu.
Ölümünden 2 yıl sonra 1947 yılında fikir yoldaşları ve öğrencileri onun anısına ,Beyrut’ta VAHAN TEKEYAN KÜLTÜR DERNEĞİ ni kurdular ,dünyanın birçok ülkelerinde şübeleri olan dernek ,Diyaspora’daErmeni kültürü yaymaya çalışmaktadır.
Toplu eserleri kendi adına kurulan dernek tarafından yayınlandı.
Dr.med.Sarkis Adam
Yorumlar kapatıldı.