ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Ույկար Կիւլթեքին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Մարտ 25ին տուած մէկ որոշումով, պետականացուցած է Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ գտնուող 6300 կառոյցներ եւ տարածքներ, որոնց շարքին նաեւ՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: ետականացուած կալուածներու շարքին են նաեւ ասորական, քաղդէական եւ բողոքական եկեղեցիներ:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին տարիներ շարունակ ձգուած էր բախտի քմահաճոյքին: Վերջին տարիներուն, մեծ ջանքերու շնորհիւ վերանորոգուած ու վերաբացուած էր հայկական այս սրբատեղին:
«Ակօս»ի թղթակիցը կապ հաստատած է Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի Մշակութային ժառանգութեան գրասենեակի նախագահ Նեւին Սոյլուքայանի հետ, որ իր կարգին յայտնած է, թէ Սուրի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն եւ հիմնադրամներու պատկանող տարածքներուն պետականացման որոշումը կայացած է արդէն: Այդ կալուածներու ցանկին մէջ կը գտնուին քաղաքապետարանին պատկանող ունեցուածքներ, որոնց համար քաղաքապետարանը որոշած է դատի տալ կառավարութիւնը:
Սոյլուքայան նաեւ յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է, որ սեփականատէրերը նոյնպէ՛ս դատական գործընթացի սկսին:
Թուրքիոյ մէջ հիմնադրամներուն առնչուող օրէնսդրական փոփոխութիւններէն ետք, Պոլիս բնակող տիգրանակերտցիները վերստեղծած էին Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամը եւ սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն: Եկեղեցին վերականգնած էր տարբեր երկիրներէ ստացուած օգնութեանց շնորհիւ: Վերականգնումի աշխատանքներուն համար, շուրջ 2 միլիոն թրքական լիրա ծախսուած է:
Yorumlar kapatıldı.