(1 Corinthians 15:57).
He gives us the victory through our Lord Jesus Christ”
“But thanks be to God!
The pinnacle of every Christian’s spirituality is the Victorious Resurrection of Christ, our Lord, an event which has revolutionized the course of history and has woven into the fabric of society the spirit of rebirth and the breath of new faith.
https://www.youtube.com/watch?v=Yrl56frr4LU
Through Christ’s Resurrection, the image of the Almighty God, which had been stained by sin, has been rekindled in the heart of humanity. In his message to the Corinthians, St. Paul, the Apostle, reflects on the power and the glory of God. “But thanks be to God! He gives us the victory through our Lord Jesus Christ.” The Apostle’s message delivered in the first century applies to each of us today, for we too, must nourish our souls by reliving Christ’s Victorious Resurrection in our hearts.
As the Great Lent concludes, let us reflect on the impact of the spiritual journey. We prayed, fasted, and engaged in God-pleasing deeds through almsgiving. What we gained in the process is the spiritual strength to greet our Lord and Savior Jesus Christ in His Triumphant entry into Jerusalem. From exclaiming “Hosanna” to proclaiming “He is Risen,” we have become the living testimony of the Resurrection of Christ, our Lord. Today, along with the myrrh-bearing women, we proudly announce the greatest news in history:
“Christ is Risen from the Dead!
Blessed is the Resurrection of Christ!”
Christ’s Resurrection draws us closer to God, requiring from us the commitment to lead a Christ-like life. In doing so, we continue to be engaged in fervent prayer, we renounce the sinful life and hence, the self-alienation from God. Those whose hearts are filled with the mystery of the Resurrection express it purely through a God-pleasing lifestyle.
Undoubtedly, man, in essence, is sinful. However, as spiritual beings, we are able to reignite the spark of spirituality to elevate our lives to God thus, transfiguring the course of our lives.
Dear faithful,
Follow in the footsteps of Christ, our Lord and adopt the life of Christ as you own. Empower your lives through the Living Word of God so that you may be renewed in Christ. The Gospel is the book of life. The source of the light radiating from the Gospel is the divine love of God. The Gospel of Christ our Lord inspires humanity with the Victorious Resurrection, the sole purpose of the Christian Faith.
“Christ is Risen from the Dead!
Blessed is the Resurrection of Christ!”
On Easter Sunday, we celebrate the Feast of victory over death. The journey of our nation is similar to that of our Lord and Savior Jesus Christ carrying His cross on the path to Golgotha. However, what seemed to be a woeful path for the Son of God, became a sign of victory. The lives of our martyred ancestors became victorious ones as well. To us as Christian Armenians, the Church, the Motherland, our Christian Land, our spiritual values, the school and the sanctity of the family are divine gifts of God cherished by all in the depth of our hearts.
May the Victorious Resurrection of Christ, become the revelation of God’s power and glory in our lives.
“Christ is Risen from the Dead!
Blessed is the Resurrection of Christ!
Archbishop Hovnan Derderian
Primate
Easter 2016
ՍԲ. ԶԱՏԻԿ – ՏՕՆ ՅԱՐՈԻԹԵԱՆ
«Այլ շնորհք Աստուծոյ, որ ետ մեզ զյաղթութիւն ի ձեռն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»
(Ա. Կորնթ. ԺԵ. 57):
Քրիստոնեայի կեանքին մէջ ճառագայթող մեծագոյն յաղթանակը Յարութեան շունչն է, որն յեղաշրջեց մարդկութիւնը եւ նոյն մարդուն հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ հաստատեց վերստին կենդանութեան հաւատքն ու տեսիլքը: Յարութեան շունչին աոաջնորդութեամբ մարդը իր մէջ վերագտաւ Աստուծոյ պատկերը, որն հետզհետէ աղօտուած ու տկարացած էր մեղքին ծանրութեան տակ: Եւ ինչպէս Պօղոս Աոաքեալ կ’ըսէ իր Կորնթացիներուն ուղղուած նամակին մէջ. «Այլ շնորհք Աստուծոյ, որ ետ մեզ զյաղթութիւն ի ձեռն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»:
Մեծ Պահքի քառասնօրեայ աղօթքի ու պահեցողութեան ճանապարհորդութենէն յետոյ հոգեւորապէս ամրացած եւ Աւագ Շաբթուան գունագեղ պատկերով ներ֊շնչուած, մեր էութեան մէջ աոաւել պայծառատես աչքերով կ՚ապրինք Քրիստոսի ներկայութիւնը, որուն Յարութեան խորհուրդին ի տես կը վկայենք նաեւ մենք Իւղաբեր Կանանց հետ մեղքին վրայ տարուած յաղթանակը եւ մարղկութեան առջեւ բացուած ճանապարհը լոյսի:
«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց»
«Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»
Յայտարարել Քրիստոսի Յարութիւնը կը նշանակէ զան դարձնել պատկերն ու հայելին մեր կեանքին: Եւ ինչքան հաւատքով կը կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին վրայ, ապա այնքան կը մօտենանք ու կը միանանք Քրիստոսի եւ կը դառնանք նմանակից Անոր կեանքին: Կը նշանակէ թէ երբ կը հետեւինք Քրիստոսի կենդանի պատկերին աղօթքով ու երկիւղածութեամբ, ապա մեր մէջ կը դադրի մեղքն ու Աստուծմէ օտարացած մարդը: Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով լեցուած մարդը, երբ իր կեանքի ընթացքը կը հաստատէ ուղիղ, արդար, ճշմարիտ, Աստուածանուէր ու մարդասէր ուղիին վրայ, այդպիսին արդէն գործնապէս կը տօնախմբէ Քրիստոսի Յարութիւնը:
Մարդը, անտարակոյս, իր էութեամբ տկար արարած մըն է, եւ սակայն եթէ հոգեւոր էակ մըն ենք, ապա մեր մէջ կրնանք ջերմացնել փափաքն ու ներքին մղումը բարձրանալու առ Աստուած, որ պայմանաւորուած է միայն պայծառակերպ կեանքի ընթացքով մը:
Հաւատաւոր ժողովուրդ, նայեցէք Քրիստոսի կեանքի ճանապարհին ու Անոր խօսքերուն մէջ մկրտեցէք ձեր կեանքը, որպէսզի դառնանք նոր ի Քրիստոս:
Քրիստոսի Աւետարանը արդարեւ կեանքի գիրքն է, տարբեր միւս բոլոր գիրքերէն ու գէթ ի վեր մարդկային այն ըմբռնումներէն, որոնց արմատը Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը չէ: Քրիստոսի Աւետարանը մարդուն կը շնորհէ յաղթութիւն եւ առաւել կեանք, որուն գիտակցութիւնը կ’արմատանայ մեր մէջ, մանաւանդ Զատկուան Uբ. Պատարագին, երբ բոլորով հոգեւին հրճուած կը յայտարարենք.
«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց»
«Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»
Հայ քրիսաոնեայ հաւատացեալին համար Զատիկը, Սբ. Յարութեան տօնը տօնն է նաեւ մեր յաղթանակած կեանքին, որուն գրաւականն է մեր հաւատքը: Մեր ազգի կեանքին ու պատմութեան ճանապարհը նման է Քրիստոսի կեանքին Գողգոթայի ճանապարհին:
Նման ւպն առումով, որ եթէ Քրիստոս խաչի ճանապարհի աւարտին յաղթեց աշխարհին, ապա մեր նախնիք նոյնպէս վերապրեցան կեանքը մեր մէջ: Ուրեմն ինչքան պատասխանատուութիւն կը վստահուի մեզի, որպէսզի դառնանք հարազատ ժառանգորդները մեր դարաւոր Սուրբ Եկեղեցիին, Մայր Հայաստանին, հայ արժէքներուն, հայ դպրոցին ու հայ ընտանիքի սրբութեան, որպէսզի մեր ձեռքերով կերտենք վաղուան արշալոյսը եւ դառնանք ճարտարապետները անմահութեան:
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան խորհուրդով շաղախենք մեր հոգեւոր էութիւնը, որպէսզի փառաւորուի Աստուած եւ հրաշակերտուի մեր կեանքը:
«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց»
«Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»Ամէն:
Սուրբ Զատիկ, 2016
Yorumlar kapatıldı.