Մեռելոցի Եւ Գերեզմանօրհնէքի Հայկական Գեղեցիկ Աւանդութիւնը: Մեր եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, հինգ տաղաւարներու երկրորդ օրը նուիրուած է ննջեցեալներու յիշատակութեան, որը կը կոչենք մեռելոց: Այսինքն` մեր հանգուցեալներու յիշատակը հաւաքական կերպով յարգելու եւ յիշատակելու յատուկ օր: Մեռոլեցի օր մասնաւորապէս կը յիշենք զանոնք եւ կ՛այցելենք անոնց գերեզմանները ,կ’աղօթենք անոնց հոգիներու փրկութեան համար , հաւատքի ու աղօթքի ճամբով կը վերամիանանք իրարու եւ կը բաժնենք կանխող մեծ տօներու խորհուրդն ու օրհնութիւնները:
Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան համաձայն, եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն այս աշխարհի մէջ ապրող եւ այս աշխարհէ հեռացող հաւատացեալները : Մենք կը հաւատանք, որ մեր հանգուցեալ սիրելիներուն հոգիները կը շարունակեն ապրիլ մեզի հետ ,սպասելով մեր Տիրոջ երկրորդ գալուստին: Մենք կը յիշենք զանոնք ամէն օր, անոնց անունները կու տանք մեր զաւակներուն` հաւատալով, որ անոնք չեն կորսուիր մոռացութեան մէջ, այլ մեր միջեւ եղող հոգեւոր կամուրջը անխափան կը մնայ:
Մեռելոցի օրերուն մեր ննջեցեալներու գերեզմաններուն` վրայ կ՛աղօթենք: Այս գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, որ մեզ կը զօրացնէ անդենական կեանքի մեր հաւատքին մէջ` ի Քրիստոս ննջած մեր սիրելիներուն սէրը կենդանի պահելով մեր մէջ: Իսկ հանգուցեալի պարագային, ճիշդ է, որ այս արարողութեամբ անոնք անմիջապէս դրախտ չեն մտներ, բայց կը հաւատանք սրտի խորերէն առ Աստուած ուղղուած աղօթքի ու աղաչանքի զօրութեան, որմէ կ՛օգտուին ո՛չ միայն ողջերը, այլեւ` մեռածները:
Ահա թէ ինչո՛ւ համար առհասարակ հանգուցեալներու համար եղած աղօթքները հոգեհանգիստ թէ գերեզմանօրհնէք, երբ կը կատարենք սրտաբեկ աղաչանքով, գիտակից հաւատքով եւ բարեյոյս ակնկալութեամբ, խորքին մէջ Աստուծոյ խնամքին կը յանձնենք անոնց հոգիները` վստահելով, որ Իր անհուն սիրով Ան լաւագոյնս կը տնօրինէ:
Այս հաւատքով, երբ մեռելոցի օրը մոմ մը կը վառենք մեր հանգուցեալներու շիրիմին վրայ, զայն վառենք` խնդրելով, որ Երկնաւոր Հայրը իր ողորմութեամբ վերաբերի անոնց հետ եւ թողութիւն շնորհէ անոնց յանցանքներուն եւ իր լոյսի խորաններուն մէջ ընդունի անոնց հոգիները:
Պատրաստեց: Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.