Armenian Redwood Project-ը (ARP) Երեւանի մէջ նուիրատուներու խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտարարեց‚ որ սփիւռքահայ բարերարներու եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու մեծ խումբ մը $350‚000 խոստացած են՝ Հայաստանի մէջ սուրիահայ տեղահանուածներու բնակեցման ծրագիրին դրամագլուխը նկատառելի կերպով բարձրացնելու համար։ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձրագոյն յանձնակատարին կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրը 2016-ին շարունակելու համար՝ այդ գումարը անհրաժեշտ է ։
Նուիրատուներու շարքին էին Ճերըլտ Թուրփանճեան‚ Գարոլին Մուկար եւ Զաւէն Աքեան‚ ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեան հիմնարկը‚ Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկը, Նարօտ յիշատակի հիմնարկը‚ Դանիոյ Առաքելութեան Արեւելահայաստանի մասնաճիւղը‚ Սուրիահայերու Օժանդակութեան ֆոնտը եւ ծրագիրի գործընկեր Oxfam Armenia-ն։
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան‚ աւելի քան 20‚000 սուրիահայ տեղահանուածներ ապաստանած են Հայաստան‚ ուր անոնցմէ շատեր սահմանափակ աջակցութեամբ կը պայքարին իրենց կեանքը վերակարգաւորելու։ Տեղահանուածներու բնակեցման ճգնաժամը լուծելը Հայաստանի կառավարութեան կամ որեւէ առանձին կազմակերպութեան մը կարողութիւններէն վեր է։ Այդ պատճառով ալ‚ ARP-ին հիմնուեցաւ իբրեւ համագործակցական բեմահարթակ՝ տեղահանուածներուն օժանդակելու համար։ Մէկ կողմէ՝ իբրեւ սփիւռքահայ բարերարներու եւ հիմնարկներու համախմբում եւ միւս կողմէ՝ իբրեւ միջազգային օժանդակութեան գործընկեր, ARP-ի առեւտրական ընկերակցութեան նոր խոստումին նպատակն է Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն տուներու վարձքի նպաստի ձեւով բնակեցում ապահովել:
ARP-ի գործադիր գլխաւոր պատասխանատու Ռաֆֆի Արտհալճեան յայտնեց. «Բնակեցման ծրագիրը Հայաստանի մէջ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար ի՞նչ հոլովոյթէ ծնած է։ Բնակեցման օժանդակութիւնը‚ զոր մենք կը տրամադրենք, կու գայ ամբողջացնելու այն ինչ որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը կատարէ‚ այսպիսով մենք կրնանք մեծագոյն ներդրում ունենալ։ Սուրիացի տեղահանուածներու հարցը մեր ժամանակներու մարդասիրութեան քննութիւնն է‚ եւ մենք խորապէս զգացուած ենք աշխարհի չորս կողմէն մեր ստացած աջակցութենէն»։
2015-ին Հայաստանի մէջ շուրջ 1000 սուրիահայ ընտանիքներ օգտուած են ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձրագոյն յանձնակատարութեան (UNHCR) եւ Oxfam-ի կողմէ տրմադրուող վարձքերու նպաստի միացեալ ծրագիրէն։
«Իբրեւ հիւրընկալ երկիր, Հայաստանը կատարելապէս օրինակելի է՝ հիւրընկալած սուրիահայ տեղահանուածներու եւ իր բնակչութեան թիւի համեմատութեան առումով»‚ ըսաւ Հայաստանի մէջ UNHCR-ի ներկայացուցիչ Քրիսթոֆ Պիրուըրթ։ Ըստ «Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ»ուն կողմէ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութեան‚ Հայաստան 1000 քաղաքացիի դիմաց 6 սուրիացի տեղահանուած հիւրընկալած է‚ համեմատութիւն մը, որ շատ աւելի բարձր է, քան բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ կամ Միացեալ Նահանգները‚ մասնաւորաբար նկատի ունենալով երկրին տնտեսական իրավիճակը։
Մինչ UNHCR-ը յանձնառու կը մնայ 2016-ին շարունակելու սուրիահայերու օժանդակութեան իր ծրագիրը‚ սակայն յայտարարեց պիւտճէի կրճատում: Այս մէկը կը բացայայտէ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական գործակալութեանց դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւնները։ Նկատի առած UNHCR-ի պիւտճէի կրճատումը՝ ARP-ին զօրակոչի ենթարկեց սփիւռքահայ բարերարներու եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու հատուած մը եւ գործընկերութիւն հաստատեց Oxfam Armenia-ի հետ՝ ամբողջացնելու համար UNHCR-ի 2016-ի բնակեցման ծրագիրին մէջ ստեղծուած նիւթական բացը։
Լոս Անճելոսի մէջ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տէր Յովնան սրբ. Տէրտէրեան սփիւռքի աջակցութեան ապահովման ջանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ։
«Թէեւ տեղահանութիւնը մեր պատմութեան մաս կը կազմէ, սակայն այսօր սփիւռքի զօրակոչը պիտի կանխարգիլէ անոր մաս կազմելը մեր հասարակաց ապագային»‚ ըսաւ Սրբազան Հայրը։ «Մեր հաւաքական գիտակցութիւնը բաւարար չէ առանց ֆինանսաւորումի՝ իրագործելու համար այսպիսի ծրագիր մը‚ որ որոշ չափով կ’ապահովէ տեղահանուած ընտանիքներու արժանապատիւ կերպով ապրիլն ու գոյատեւելը մեր հայրենիքին մէջ։ Աւելին‚ վստահ ենք‚ որ ներկայիս սփիւռքի աջակցութիւնը ճամբայ պիտի հարթէ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն յաւելեալ օժանդակութեան տրամադրման»‚ նշեց ան։
Հայաստանի մէջ Oxfam-ի ղեկավար Մարկարիթա Յակոբեան յայտնեց‚ որ սուրիացի ընտանիքներուն բնակեցման հարցը լուծելով՝ վարձքերու այս ծրագիրը 2015-ին նպաստեց կենսամակարդակի պահպանման հարիւրաւոր սուրիահայ ընտանիքներու‚ որոնք սկսան իրենց նոր կեանքը կերտել Հայաստանի մէջ՝ իրենց նախահայրերուն հողին վրայ։
«Բայցեւայնպէս‚ Սուրիոյ մէջ պատերազմի ահագնացումին պատճառով‚ Սուրիայէն հայ տեղահանուածներու հոսքը կը շարունակուի‚ եւ բնակեցման հարցով կարիքը կ’աճի։ Ուստի‚ անմիջական հարկաւորութիւն կայ բոլորը զօրակոչի ենթարկելու եւ մեր ջանքերը միացնելու, որպէսզի 2016-ին շարունակենք օժանդակել տեղահանուած սուրիահայերուն‚ եւ ես վստահ եմ որ կրնանք այս մէկը յաջողցնել»‚ աւելցուց Յակոբեան։
Oxfam-ի հետ UNHCR-ի եւ սփիւռքի գործակցութեամբ տրամադրուած օժանդակութեան շնորհիւ Հայաստանի մէջ աւելի քան 500 սուրիահայ տեղահանուած ընտանիքներ 2016-ին պիտի կարենան շարունակաբար բնակեցման օժանդակութիւն ստանալ։ Վարձքերու նպաստին նպատակը անոնց համար ժամանակաւոր ապահովութիւն ստեղծելն է։
«Հայաստանի մէջ բնակարաններու վարձքերու սղաճը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ սուրիահայ տեղահանուածներուն իրենք իրենց ծախսերը հոգալը»‚ բացատրեց Արտհալճեան՝ աւելցնելով. «Բնակեցման օժանդակութեան կենսական ըլլալը ակներեւ է‚ երբ նկատի ունենանք‚ թէ սուրիահայերուն մեծամասնութիւնը Հայաստան կը հասնին փոքր կամ առանց գումարներու‚ գործի առիթներու սակաւութեան պատճառով տեղահանուած ընտանիքներուն միայն մէկ անդամը կ’աշխատի եւ եկամուտին 69 առ հարիւրը կը տրամադրուի տան վարձքի»։ Աւելին‚ Արտհալճեան կը նշէ. «Տեղահանուածներուն տրամադրուած վարձքերու նպաստը ուղղակի օժանդակութեան լաւագոյնը ըլլալը փաստուած գործելաոճ մըն է»։
SARF-ը‚ որ վերջերս Լոս Անճելոսի մէջ իր առաջին «Կեանք մը փրկէ» թելեթոնին աւելի քան 1‚2 միլիոն տոլար ապահովեց‚ այս ծրագիրին մէջ եղած է հիմնական գործընկեր մը եւ յայտարարած է‚ որ 2016-ի ծրագիրին պիտի տրամադրէ $50‚000 տոլարի նպաստ մը։
«Ժամանակաւոր կամ մնայուն կերպով՝ սուրիահայ տեղահանուածները Հայաստանի մէջ բնակեցնելը բնական ընտրանք մըն է։ SARF-ը երկրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի սփիւռքահայ նուիրատուներու հաւաքին, որ կը ծառայէ հարիւրաւոր տեղահանուած ընտանիքներու վարձքերու նպաստի ապահովման։ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տրամադրուած ձրի կրթութիւնն ու առողջապահական ծառայութիւնը ամբողջացնելով՝ մենք կը յուսանք բնականոն կեանք ապահովել տեղահանուածներուն, մինչ անոնք կը փորձեն աւելի արմատական լուծումներ գտնել»‚ ըսաւ SARF-ի ատենապետ Ճոն Թիթիզեան։
Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայ համայնքի բաժանմունքի տնօրէն տոքթ. Ռազմիկ Փանոսեան‚ որ ծրագիրին լաւագոյն աջակիցներէն է‚ իր կարգին Կիւլպէնկեան հիմնարկի աջակցութիւնը յայտարարեց։
«Մենք շատ ուրախ ենք աջակցելով Հայաստանի մէջ սուրիահայ տեղահանուածներուն օգնելու ARP-ի նախաձեռնութեան»‚ ըսաւ Փանոսեան։ «Ծրագիրը լաւագոյն եւ օրինակելի ձեւով աջակցութիւն ցուցաբերած է՝ հիմնուելով UNHCR-ի‚ Oxfam-ի‚ Հայաստանի կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան նման կառոյցներու մասնագիտական աշխատանքին եւ ներուժին վրայ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկը յանձնառութիւնը կը ստանձնէ 2016-ին ֆինանսաւորում տրամադրելու՝ մասնակցելու համար Հայաստանի մէջ տեղահանուածներու բնակեցման այս կարեւորագոյն ծրագիրին»։
2016-ի ծրագիրը պիտի առաջացնէ ընկերային ծառայութեան բաժին մը՝ բարելաւելու համար ընկերատնտեսական պայմանները ոչ միայն նոր հասնող սուրիացի տեղահանուածներուն‚ այլ նաեւ հարիւրաւոր տեղահանուած ընտանիքներուն‚ որոնք արդէն իսկ ծրագիրին մէջ ներառուած են։
Այս մարդասիրական ծրագիրը Հայաստանի մէջ սուրիահայ տեղահանուածներուն ուղղուած շարունակական մեծագոյն ծրագիրներէն մէկն է։
Yorumlar kapatıldı.