Երկար ժամանակ համբերութեամբ սպասելէ յետոյ, որոշեցի փորձել իմ համեստ գրիչովս կրկին տեղեակ պահել Ֆրանսայի եկեղեցասէր մեր հանրութիւնը, մեր քաղաքի տագնապներով լի գաղութին եւ մեր «որբ» եկեղեցւոյ շուրջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Քանի որ, արդէն աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր տեւող մեր գաղութային եւ եկեղեցական այս ճգնաժամին եւ վերջին շրջանին մեր մօտ պատահած իրադարձութիւններուն մասին ոչ մէկ տեղ կար նոյնիսկ փոքր տեղեկութիւն մը: Ո՛չ հայկական մամուլին, եւ ո՛չ նոյնիսկ Առաջնորդարանի ողջունելի թերթիկին մէջ:
Միայն, ամիսներ առաջ անգամ մը կարդացինք վերոնշեալ թերթիկին մէջ քանի մը տող, ուր կ՚ըսուէր, որ Ֆրանսայի նոր Առաջնորդը եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետը հաշտութեան փորձեր կ՚ընեն Նիսի «երկու ծուխերուն» միջեւ: Կը կարծեմ, թէ օգտակար է կրկին յիշեցնել, քանի որ շատ քիչերը գիտեն, թէ մենք սա պահուս Նիսի մէջ ունինք երկու աղօթավայր, աւելի ճիշդը՝ ըստ Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնին՝ հայկական կրօնական զոյգ միութիւններ, որոնցմէ միայն մէկ հատը կը համապատասխանէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «ծուխ» հասկացողութեան:
Ամփոփելով կրնանք ըսել, թէ 2009ին եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած վէճերէն յետոյ կայացած կրօնական միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռին եւ նաեւ մաս կը կազմէ Ֆրանսայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմին, Ֆրանսայի տարածքին նոյն կանոնադրութեամբ գործող միւս 20 քոյր եկեղեցիներուն նման: Հինգ տարիէ ի վեր այս ծուխին հոգեւոր հովիւն է Հայր Գրիգոր Խաչատրեան, որ կ՚ապրի շատ դժուար պայմաններու մէջ, բայց ան կը պատարագէ ամէն Կիրակի անխտիր, շուրջ 60 կամ 70 հաւատացեալներով, կանոնաւոր ու ճոխ դպրաց դասով, Սէն Ֆիլիփ եկեղեցւոյ մէջ, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած է հայկական ծուխին: Տօնական առիթներով՝ հաւատացեալներու թիւը կը քառապատկուի: Հայր Գրիգոր կը հոգայ եւ կը կատարէ ծուխի անդամներուն կամ առ հասարակ շրջանի բոլոր ցանկացող հայ հաւատացեալներուն կրօնական ծէսերը:
Մինչ, Boulevard de la Madeleine-ի վրայ գտնուող պատմական եկեղեցւոյ շէնքը կը պատկանի ուրիշ մէկ կրօնական միութեան, որ կը շարունակէ մաս կազմել մեր քաղաքին մէջ քառորդ դարէ ի վեր իշխող հայկական ինքնակոչ համակարգին:
Փորձենք հիմա նկարագրել այս հաւաքատեղին եւ միջավայրը: Նախ ըսենք, որ եթէ Սէն Ֆիլիփ եկեղեցւոյ ծուխը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Էջմիածնի կարգին մաս կը կազմէ, Boulevard de la Madeleine-ի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ոչ մէկ եկեղեցական կարգի կը պատկանի այլեւս, եւ այդ ալ՝ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր: Այս եկեղեցւոյ վարչութիւնը կը հպատակի միայն Նիսի տեղւոյն ինքնիշխան համակարգին: Ա՛յն, որու անդամները դրժեցին այն բոլոր խոստումները, զորս ըրած էին Ֆրանսայի թեմի նորանշանակ Առաջնորդին, որ պահ մը հաւատաց երկխօսութեան եւ հայ կարգերուն վերադառնալու անոնց խոստումներուն անկեղծութեան: Սրբազան Հայրը հաւատաց, որ բարի կամեցողութեամբ եւ քրիստոնէական եղբայրական ջանքերով բուժում մը պիտի գտնէ Նիսի քաղցկեղին, ինչպէս ժամանակին փորձած էր իր նախորդը՝ թեմիս հիմնադիր առաջնորդն ալ:
Բայց կրկին ապարդի՛ւն:
Ան առաջինը չէր խաբուողներուն, քանի որ իր նախորդներն ալ, ինչպէս նաեւ բարի կամքի տէր շատեր եւս փորձած էին եւ ձախողած՝ հարցին անտեղեակ ըլլալով եւ չտիրապետելով Նիսի թնճուկին, նաեւ ծանօթ չըլլալով վերոնշեալ համակարգին իսկական դերակատարներուն, ինչպէս նաեւ իրենց բուն նպատակներուն:
Կ՚երեւի, թէ այդ համակարգը Առաջնորդարանին եւ Մայր Աթոռին վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով՝ առաջին օրէն սկսած, գրեթէ հինգ տարիէ ի վեր «սուրբ պատարագ» մատուցանելու համար կը կանչէ մոսկուաբնակ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռին կողմէ փիլոնազուրկ հռչակուած հոգեւորականներ: Որպէսզի, եթէ ոչ ամէն Կիրակի, գոնէ տօներու եւ տաղաւարներու առիթներով «սուրբ պատարագ» մատուցուի ինքնակոչ սարկաւագներով, Պարսամեան վարժարանի աշակերտներով (իրենց ուսուցիչներուն ուղեկցութեամբ):
Մինչ Ֆրանսայի Իրաւարար ատեանին որոշումով Նիսի համագարգի եկեղեցին կորսնցուցած է առաքելական անուանակոչումը, անոնք փորձեցին եւ դեռ ալ կը շարունակեն փորձել բարերար Չամքերթէնի նուիրատւութեամբ՝ միմիայն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին համար կառուցուած այդ եկեղեցին սա «պատարագ կոչուած բեմադրութեամբ» վերակենդանացնել:
Աւելին, Ֆրանսական դատարանին կողմէ կայացուած որոշումին համաձայն տուգանք չվճարելու համար, անոնք նաեւ հրաժարեցան իրենց «առաքելական» կոչումէն եւ դարձան «église arménienne Sainte Marie – association 1901» կրօնական պարզ միութիւն մը: Հոս կ՚ուզենք զգուշացնել, սկսեալ՝ Ֆրանսայի ժողովուրդէն, Առաջնորդարանէն մինչեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռը, հետեւեալ իսկական վտանգին՝ իրենց վերջին ժողովին կայացուած որոշումին մասին (քանի որ որեւէ օրինական եւ իրաւական կապ չկայ այս միութեան եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ): Ուրեմն, այսուհետեւ, անոնք այս միութեան սեփականութիւնը հանդիսացող սոյն եկեղեցւոյ շէնքը, ինչպէս նաեւ իրեն կից Պարսամեան վարժարանի շէնքը որուն հողատարածքը կը պատկանի եկեղեցւոյ, կրնան պարզապէս վարձել կամ նոյնիսկ ծախու հանել, քանի որ այլեւս ո՛չ թեմին եւ ո՛չ ալ Նիսի հայ գաղութին (բացի համակարգին համախոհ քանի մը ընտանիքներէ) հաշիւ տալու ստիպողութիւն օրինապէս չունին:
Արդէն հինգ տարիէ ի վեր բոլորովին ինքնագլուխ դարձած այս համակարգին վարմունքը չափ եւ սահման չունի: Մէկ կողմէն Մոսկուայէն եկած փիլոնազուրկ «եպիսկոպոս»ներով եւ ինքնակոչ սարկաւագներով կը շարունակուի բեմադրութիւնը Նիսի համակարգի համախոհներուն առջեւ, որոնք վստահաբար անգիտակից հաւատացեալներ են: Միւս կողմէ ալ կը պատահին այնպիսի բաներ, որոնք աներեւակայելի պիտի թուին նիսեցի չեղողներուն: Օրինակ, կան մարդիկ, որոնք գիտակից են Սուրբ Հաղորդութեան իմաստին, բայց չեն ուզեր «գէշ մարդ» ըլլալ համակարգի իրենց բարեկամներուն հետ: Հետեւաբար, նախ ներկայ կ՚ըլլան Մատլէնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բեմադրութեան եւ յետոյ վազելով կը փութան Սէն Ֆիլիփ եկեղեցի, որպէսզի ստանան Հայր Գրիգորի ձեռքէն իսկական Հաղորդութիւն:
Իսկ հետեւեալ պատահարը աննախադէպ է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Ողբացեալի մը քոյրը կը փափաքի յուղարկաւորութեան արարողութիւն անոր հրկիզումէն առաջ: Բայց սգաւորը ունի ուրիշ խնդիր մըն ալ. հանգուցեալը չէ մկրտուած: Սուրբ Աստուածածնի այլեւս ո՛չ հայ առաքելական, ո՛չ կաթողիկէ եւ ո՛չ աւետարանական, այլ պարզապէս՝ հայկական եկեղեցւոյ համար հարցը պարզ է: Եւ ուրեմն քանի որ փիլոնազուրկ «եպոսկոպոս»ն ալ Նիսէն բացակայ է, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ինքնակոչ սարկաւագը կը հասնի հիւանդանոցի «անաստուած»ին, նախ կը «մկրտէ» դիակը եւ մռմռալով՝ կարճ աղօթքով մը կը պարգեւէ ուրախութիւն եւ սփոփանք՝ ներկայ հարազատներուն:
Այո սիրելիներ, ասոնք են մեր Նիսի կրօնական աշխարհի վերջին նորութիւնները: Այլեւս ձեզի կը մնայ անուանել՝ ինչպէս որ կ՚ուզէք, մեր քաղաքի ողբերգա-զաւեշտալի իրադարձութիւնները:
Եթէ Հայը Մայր Հայաստանի մէջ աղանդներու դէմ կը պայքարի, այս մէկը Փարիզի Առաջնորդարանէն օդանաւով մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ կը պատահի:
Յարգելի հաւատացեալ հայ ժողովուրդ, կեանքիս ընթացքին ունեցած եմ «նամուս»ով անհաւատ, անաստուած, կամ տարբեր կրօնի պատկանող շատ մը բարեկամներ, որոնք չունենալով հանդերձ Աստուծոյ հաւատք եւ սրբութեան հասկացողութիւն, միշտ ալ յարգած են իրենց շուրջի հաւատացեալներուն հաւատքը եւ անոնց սրբութիւնները:
Անկեղծօրէն, ինչ որ կ՚ապրինք Նիսի մէջ, շատ իւրայատուկ է, չի նմանիր իմ բոլոր տեսած եւ ապրածներուս:
Այսինքն, Հայուն այս տեսակը իսկապէս հանելուկ է ինծի համար, քանի որ չեմ գիտեր, թէ այս մարդիկ իրենք զիրե՞նք կը խաբեն, թէ Աստծոյ, անշուշտ՝ եթէ իրենք զիրենք հաւատացեալ կը կարծեն:
Ես չգտայ. դո՛ւք փորձեցէք գտնել պատասխանը:
ՆՈՒՊԱՐ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Նիս
Posted by: irma seropyan <irmaseropyan@yahoo.fr>
Yorumlar kapatıldı.