Յիսուսի Չարչարանքներու ,Խաչելութեան ,Մահուան ու Թաղման Յիշատակութեան Օր: Աւագ ուրբաթը Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակութեան օրն է: Այդ օրը եկեղեցիներու մէջ տեղի է կ’ունենայ Թաղման կարգ:
Աւագ ուրբաթ ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի թաղման ծաղիկներով եւ մշտադալար ծառերու ճիւղերով կը պատրաստուի խորհրդանշանական գերեզման,որը կը դրուի եկեղեցւոյ Սուրբ խորանի առջեւ,իսկ խորհրդանշանական գերեզմանին-դագաղ- երկու կողմերուն ալ կը դրուի երկու վառող մոմեր, ի յիշատակ աւետարար հրեշտակներու:
Արարողութեան ընթացքին, ծաղիկներով եւ ծառի ճիւղերով պատրաստուած խորհրդանշանական գերեզմանը-դագաղ- կը պտտցուի եկեղեցւոյ շուրջ:
Պատրաստեց: Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.