İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Աւագ Հինգշաբթի Վերջին ընթրիք,Ոտնլուայ եւ Խաւարման Գիշեր(Լացի Գիշեր)

Աւագ հինգշաբթին   նուիրված է Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին, իբրև Հաղորդութեան խորհրդի հաստատում: Քրիստոս վերջին ընթրիքէն հետոյ, ցուցաբերելով ճշմարիտ հեզութեան ու խոնարհութեան օրինակ, կը լուայ իր աշակերտներու ոտքերը:Աւագ հինգշաբթի երեկոյան կը կատարուի “Խաւարման կարգ”, ի յիշատակ մեր Տիրօջ Յիսուս Քրիստոսի մատնութեան ,խաւարման կարգ ի արարողութիւնը կը վերաբերուի նաեւ Աւագ Ուրբաթին՝ խորհրդանշելով Տիրօջ խաչելութեունն ու թաղումը:

Խորանի վրայ կը վառուին տասներկու մոմեր,անոնցմէ մին սեւ գոյնով որ,կը խորհրդանշէ Յուդան,իսկ մէկ հատ ալ մեծ մոմ մը խորանի կեդրոնը:

Խաւարման արարողութեան ընթացքին աւետարաններէն կը կարդացուին եօթը հատուածներ
  աւետարանական ընթերցումները կը յիշեցնեն ,Յիսուսի Գեթսեմանի պարտեզի մէջի աղօթքը, Յիսուսի մատնութիւնը,Յանձնուիլիը,Ապտակուիլը, Անոր  անարգուելը եւ Պետրոսի երեք անգան ուրանալը:
Իւրաքանչիւր անգամ երբ աւետարան կը կարդացուի աւարտին մոմերը մէկ-մէկ կը մարուին, վերջաւորութեան  կը մնայ կեդրոնի մեծ մոմը որ,կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսը որ մինակ լքուած էր:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Yorumlar kapatıldı.