İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սուրբ Զատիկ Տօն Յարութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի  
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը  կամ Զատիկը քրիստոնէութեան  հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է:Զատիկը շարժական տօն մըն է,նշելու կայուն օր չունի : Իւրաքանչիւր տարի կը նշուի լիալուսնի  մերձակայ կիրակի օր’ Մարտ  22 մինչեւ Ապրիլ 25 ինկած ժամանակահատուածին մէջ: Ծաղկազարդէն մինչեւ Զատիկ  եօթը օրերը Աւագ Շաբաթ կը կոչուի եւ շաբթուան օրերն ալ նոյն Աւագ անունը կը կրեն:

Աւագ Երկուշաբթի-Անպտուղ թզենիի չորնալը:
Այս օրը կը մտաբերենք այն դէպքը ,երբ Յիսուս անեծքով չորցուց անպտուղ թզենին եւ Երուսաղեմի Տաճառի  մաքրագործումը:
Յիսուս Երուսաղէմի վերդարձի ճամբուն  վրայ կ’անօթենայ եւ կը տեսնէ թզենի մը որուն վրայ պտուղ չի կար,Յիսուս կ’անիծէ թզենին ու նոյն պահուն  կը չորնայ թզենին:Հոս պտուղը կը խորհրդանշէ մարդկային բարի գործերն ու առաքինութիւնները,որոնցմէ զուրկ մարդ կը պատժուի թզեննի օրինակով:
Երբ Յիսուս Երուսողէմի Տաճառ կը մտնէ ,կը տեսնէ վաճառորոդեր ,որոնք տաճառին մէջ առեւտուր կ’ընեն:Յիսուս անոնց կ’ըսէ:<<Իմ տունը ,աղօթքի տունէ,դուք զայն աւազակներու  որջ դարձուցած էք>>:Աստուծոյ Տաճառը աղօթքի եւ պաշտամունքի տուն է,եւ կարելի չէ ան առքուվաճառքի տեղ դարձնել:Այս արարքով Տէրը մեզի կը սորվեցնէ սրբութիւններու հանդէպ պատշած վերաբերմունք ցուցաբերել:
Աւագ Երեքշաբթի -Տասը Կոյսերու առակը:
Աւագ Երեքշաբթի եկեղեցին կը յիշատակէ Տասն Կուսանաց առակը: Ըստ Աւետարանի, Քրիստոս Երուսաղէմ մտնելէն երկու օր ետք տասն կուսանաց առակը կը պատմէ:
Հին ժամանակներին, այս տօնին բոլոր նորահարսերն ու աղջիկները եկեղեցի կ’երթային եւ վառած մոմեր բռնած, ամբողջ վերնատունը կը լուսաւորեն: Աւելի վերջերը նաեւ սովորութիւն է Աւետարանի Տասը Կուսանաց նուիրուած հատուածի ընթերցման ատեն շապիկ հագուած տասը դեռատի աղջնակներ մոմեր բռնած՝ խորանին դիմաց կը շարուէին :
Աւագ Չորեքշաբթի
Աւագ շաբթուան կարեւոր իրադարձութիւնները կը սկսին Չորեքշաբթի օրուընէ: Աւանդոյթի համաձայն Չորեքշաբթին չարն ու վատը կը չէզոքացնէ: Այսօր լուացք ընելու, կերակրամանները փայլեցնելու, տունին բոլոր անկիւնները սրբելու-մաքրելու օրն է, ամէն աղտեղութիւն պէտք է այս օր մաքրուի:
 Աւագ Հինգշաբթի
Աւագ Չորեքշաբթիին կը յաջորդէ արդար, առատ, մաքուր Հինգշաբթին: Այսօր հաց կը թխեն, բլիթ եւ բաղարջ: Զատկուան հաւկիթները կը ներկեն-կ’եփեն, կը հաւատան, որ Աւագ Հինգշաբթի օրը ներկուած հաւկիթները երկար ատեն չեն աւրուիր: Կը ներկեն մեծ քանակութեամբ՝ ընտանիքին բոլոր անդամները, հիւրերը գոհացնելու ու բաժնելու համար: Հաւկիթը ներկելու համար կը գործածուին սոխի կեղեւները, որ կարմիր գոյն ունի: Աւագ Հինգշաբթի օր կ’եփուի ոսպի ապուր, ի խորհրդանիշ, իբրեւ աչքի արցունք: Այս օր ժողովուրդը ,մանաւանդ կիներ ներկայ կը գտնուին եկեղեցիի բոլոր արարողութիւններուն՝ «Պատարագ»ին, «Ոտնլուայ»ին , ”Խաւարման գիշեր կամ Լացքի գիշեր” ին: Այս օրուան համար յատուկ ուտեսեղէն ձթաիւղով Ոսպի Ապուր կը պատրաստուի:
Աւագ Ուրբաթ
Աւագ Ուրբաթ օրը, ըստ եկեղեցական տօնացոյցի, Քրիստոսի Խաչելութեան օրն է, մահն ու թաղումը, ուստի սուգի օր է: Աւագ Ուրբաթը իբրեւ կարեւոր տօն կը յարգուի , այսօր նաեւ կը խուսափին ծանր աշխատանքեր կատարելէ:  Եկեղեցիներուն մէջ սովորութիւն է այսօրը սուգի դագաղ շինել: Բոլորը կը մասնակցին Ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութեան՝ սուգի ու վիշտի խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ: Թաղման ժամերգութենէն ետք ժողովուրդը դագաղին վրայ դրուած Աւետարանն ու խաչը կը համբուրէ :
Ուրբաթ օրուայ ուտելիքը եւս առանձնայատուկ է՝ քացախով կերակուր ուտելը պայման է, որ կը յիշատակէ Քրիստոսին մահուընէ առաջ քացախ խմցնելը:
Խթում:
Խթում կը կոչուի Զատիկին նախորդող Շաբաթ գիշերը:  Երեկոյեան եկեղեցիէն վերադարձին ընտանիքը կը բոլորուի խթման գիշերուայ սեղանին շուրջ:
ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈՆ (Զատիկ)
Հայոց ազգագրական բոլոր խումբերը Զատիկը կը տօնեն մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ, որ կը համապատասխանէ եկեղեցական Ս. Յարութեան տօնին: 
Հաւկիթ ներկել, բարեկամներու տուները այցելել եւ բարեկամներու նուէր ղրկել Զատկական  սովորութիւն է : Մեծ պահքի բոլոր սպասումները կը խտանան օրհնաբեր այս տօնին մէջ: Առտու կանուխ, եկեղեցիի զանգերուն հետ ողջ ժողովուրդը տօնական հագուստներ հագած կը հաւաքուի եկեղեցիին մէջ:
Ժամերգութեան աւարտին մեծերը կ’ողջունեն միմեանց՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» ըսելով, ստանալով՝ «Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի» պատասխանը: Փոքր տղաք պատանիներ հաւկթախաղի մէջ կը մրցին:
Հին Ժամանակներ , հայ ժողովուրդը  անպայման Զատիկին  մատաղ կ’ընէր: Եկեղեցիէն ետք կը բաժուէր  Զատկուան մատաղը : Ապա ետք կը սկսին այցելութիւններն ու շնորհաւորանքները: Զատկին 2-3 օր տօն կը պահուի եւ Զատիկ շնորհաւորելու փոխադարձ այցելութիւնները պարտադիր էր, բարեւի փոխարէն՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» կ’ըսեն:
Զատիկը նաեւ տնօրհնէքի օր է, քահանաները կը շրջին տունէ տուն, կ’օրհնեն տուները՝ սեղանին դրուած հացը, աղը, ջուրը, խունկը, կանթեղները, մառանին ամէնէն կարեւոր բարիքները. քահանան կը վերադառնայ առատօրէն վարձատրուած:
Հայ կեանքի մէջ զատկուան տօնական սեղանը  կը զարդարուի ճոխ, առատ ու բազմազան ուտելիքներով ,որովհետեւ մեր նախահայրերը հաւատացած էին ,որ այս տօնը նաեւ իրենց կը բերէր առատութիւն եւ բարիք:
Ընդհանրապէս զատկուան սեղանին վրայ կ’ըլլար սոխի կեղեւով կարմիր ներկուած հաւկիթ  որը , առնչուած է այս տօնի գաղափարախօսութեան հետ , Քրիստոսի թափած արեան գոյնին հետ,զատկուան գաթա, ձկնեղէն, բրինձով եւ չամիչով կամ ծիրանի հիւթով պատրաստուած եղինձը,որ կը խորհրդանշէ ժողովուրդը ,իսկ մէջի չամիչը կամ չիրը անոր հաւատքը,բանջարեղէն,կաթնեղէն, միրգեղէն  եւ կարմիր գինի:
Հին ատեններուն հայ ժողովուրդը ունէր  զատկուան յատուկ հետաքրքրական աւանդապաշտութիւն, իբրեւ օրինակ կարելի է յիշել անոնցմէ մի քանիները:
Շատ մը  հայաբնիկ վայրերու մէջ ժողովուրդը համոզուած էր որ, Սուրբ  Զատիկի օրը  բախտ բաժնելու  օր է եւ ով~ որ, այդ օրը կը քնանայ  այդ բախտէն կը զրկուի : Զատիկի յաջորդող օրերուն աւանդութիւն էր,հարսունցուներու ուխտավայրեր ու սրբավայրեր այցելութիւնը:
Յաջորդ օրը՝ մեռելոց է:  Մասնաւորաբար կարեւորութիւն ունի Զատկի Մեռելոցի Երկուշաբթին: Գերեզմանատուն կ’երթան բոլորը տղամարդ թէ կին, մեծ թէ պզտիկ, իրենց հետ տանելով զատկական կերակուրներ, կարմիր ներկուած հաւկիթներ, ուղղակի տապանաքարերու մօտ հացկերոյթի սեղաններ կը բացուէր:Այդ օր գերեզմանոցը տօնական հանդիսավայր մը կը դառնայ : Քահանաները գերեզմանները կ’օրհնեն, կիներ խունկ եւ մոմ կը վառեն:   Զատկական Երկուշաբթիի Մեռելոցը իրական տօնախմբութեան կը վերածուէր՝  ուրախութեան ծիսակարգի, կարծէք իրենց ուրախութեան հաղորդակից կը դարձնեն նաեւ սիրելի հանգուցեալները:

Տոքթ.Սարգիս Ատամ

Yorumlar kapatıldı.