«Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ, որ միշտ լնու զպէտս սրբոյ սպասաւորութեան առաքելական եկեղեցւոյ» (Շարական)
Աստուածաշնչական պատգամէն եւ քրիստոնէական ընդհանուր Եկեղեցւոյ Հայրերու վկայութիւններէն գիտենք, թէ Եկեղեցին մարդացեալ Աստուածորդւոյն գործը կը շարունակէ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ, եւ հետեւաբար կրնանք յայտարարել՝ թէ Քրիստոս ներկայ է այս աշխարհի մէջ Եկեղեցիով:
Ահաւասիկ այս հասկացողութենէն մեկնելով՝ որպէսզի մարդ արարածը կարենայ ստանալ մարդացեալ Աստուծոյ ներկայութեան բարիքները, Քրիստոս հաստատեց Խորհուրդներ (Մկրտութիւն եւ Հաղորդութիւն), իսկ ժամանակի ընթացքին, եւ անոր կարիքներուն համաձայն, Եկեղեցւոյ Հայրեր հաստատեցին նաեւ ա՛յլ խորհուրդներ, որոնց մէջ՝ նաեւ ձեռնադրութիւնը:
Քրիստոնէական Եկեղեցին՝ որպէս տեսանելի հոգեւոր կազմակերպութիւն, ժողովուրդին մատչելի եւ հասկնալի դառնալու համար կը գործածէ նաեւ տեսանելի միջոցներ: Ահաւասիկ այս տեսանելի միջոցներու դրսեւորումն են Եկեղեցւոյ խորհուրդները, ուր հաւատացեալը կը ստանայ Ս. Հոգիի անտեսանելի շնորհները:
Բոլորս ալ գիտենք որ Խորհուրդը կը կատարուի նիւթական իրերու միջոցով, որոնք դարերու ընթացքին Եկեղեցւոյ շարականներու եւ աղօթքներու կատարումով եւ Ս. Հոգիի ներգործութեամբ՝ աստուածային նշանակութիւն եւ արժէք կը զգենուն: Այլ խօսքով, խորհրդակատարութեան ընթացքին աստուածայինն ու գերբնականը տեսանելի իրի մը միջոցով կը մօտենան հաւատացեալին, եւ այնուհետեւ հաւատացեալը հաղորդակից կը դառնայ անհունին, հոգեւորին եւ յաւերժութեան:
Ինչպէս քրիստոնէական ընդհանուր Եկեղեցւոյ մէջ, նոյնպէս ալ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրութիւնը ա՛յն խորհուրդն է, որով Աստուծոյ եւ Անոր Եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուած անձ մը, առաքելական յաջորդութեամբ՝ շնորք, իշխանութիւն եւ կարգ կը ստանայ աւետարանը քարոզելու, ուսուցանելու եւ խորհուրդներ կատարելու: Քրիստոս իր առաքելութեան ընթացքին ընտրեց իր աշակերտները եւ անոնց տուաւ իշխանութիւն. «Մկրտեցէ’ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Սորվեցուցէք անոնց այն բոլոր բաները որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթ. ԻԸ 19-20) :
Առաքեալները, երբ Պենտեկոստէի օրը Ս. Հոգիով լեցուեցան, իրենց կարգին՝ աստուածային այդ իշխանութիւնը փոխանցեցին իրենց անմիջական յաջորդներուն եւ այնուհետեւ շարունակուեցաւ այդ իշխանութիւնը դարերու ընթացքին քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ: Մեր նիւթէն շեղած կ’ըլլանք եթէ մխրճուինք խօսելու եկեղեցականին մտաւոր պատրաստութեան եւ նուիրումի մասին: Այդ մասին շա՜տ գրած ենք անցեալին. փափաքողներուն կը թելադրենք կարդալ www.vanagan.com կայքէջին գրութիւնները:
Ձեռնադրութիւնը մկրտութեան եւ դրոշմի նման անկրկնելի եւ անջնջելի է: Այլ խօսքով՝ անձ մը որ ձեռնադրուած է չի՛ կրնար անգամ մը եւս ձեռնադրութիւն ստանալ: Աւելի յստակ բացատրելու համար մեր ընթերցողներուն՝ ձեռնադրութեան խորհուրդի անկրկնելիութիւնն ու անջնջելիութիւնը, կ’ուզենք յստակացնել եւ յայտարարել՝ թէ ձեռնադրող եպիսկոպոսը Ս. Հոգիի շնորհքին փոխանցիչն է, եւ կամակատարը լոկ՝ աստուածային կամքին. «զի արժանի լիցի ի ձեռն կոչմանս այսորիկ զօրութեան եւ շնորհաց ձեռնադրութեանս՝ առնուլ զշնորհս քահանայութեան յամենակալէն Աստուծոյ» (Մաշտոց ձեռնադրութեան): Հետեւաբար՝ կարելի չէ այդ շնորհը ջնջել, որովհետեւ պարգեւողը Աստուած է:
Մեր այս բացատրութիւնը ամրացնելու եւ հաստատելու համար օրինակ կը բերենք վերջերս իր կարգին մէջ վերահաստատուած Տ. Աբգար Քահանայի պարագան: Տակաւին երէկ էր կարծէք, երբ յայտարարուեցաւ թէ Տ. Աբգար Քահանան «կարգալոյծ» հռչակուած եւ աշխարհականներու շարքին դասուած էր Լեւոն Գըլըճեան անունով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ.-ի տնօրինումով: Անշուշտ մեզի անծանօթ են ա՛յն շարժառիթները, որոնք պատճառ դարձան քահանային «կարգալուծման» ու ապա վերականգման…
Ընթերցողը հիմա հարց պիտի տայ թէ ինչու՞ միայն պահպանիչով մը վերականգնուեցաւ իր կարգին մէջ Տ. Աբգար Քահանան, եւ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ «աշխարհական» անձ մը պարզ պահպանիչ աղօթքով մը կրնայ վերահաստատուիլ իր կարգին մէջ: Պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է. քահանային ձեռնադրութիւնը անջնջելի է եւ անկրկնելի, եւ հետեւաբար «անսաստ» եկեղեցական մը կարելի է միայն զրկել իր պաշտօնէն՝ այլ խօսքով քահանայագործելէ, որպէս պատիժ, ու ապա ապաշխարանքէ ետք՝ վերականգնել զինք իր կարգին մէջ:
Այստեղ անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան առարկան կը դառնան այն բոլոր արժանաւոր եկեղեցականները, որոնք քինախնդրութեամբ հեռացուեցան Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, որովհտեւ չէին պատկաներ ստրկամոլներու եւ կամակատարներու հաւաքածոյին: Ողբա՜մ զքեզ Հայ Եկեղեցի….
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
21 Մարտ 2016
__._,_.___
________________________________________
Posted by: VOSGAN@aol.com
Yorumlar kapatıldı.