İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Թուրքիոյ Համար Որեւէ Ելք Չեմ Տեսներ՝ Բացի Քաղաքացիական Պատերազմէն». Կարօ Փայլան

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական «Telerama» շաբաթաթերթին իր տուած հարցազրոյցին մէջ, Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ (HDP) կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան զգայացունց հաստատումներ կատարած է:

Զրոյցը վարած լրագրող Օլիվիէ Փասքալ-Մուսլար նախ նշած է, թէ գաղթականներու տագնապին գծով Թուրքիան անշրջանցելի դարձած է Եւրոպայի համար. բայց արդեօք վերջինս լաւ կշռա՞ծ է հաւանական հետեւանքները այն «դաշինք»ին, զոր կ՛ուզէ կնքել բռնակալ, ձեռնավարող, հալածախտէ տառապող նախագահ Էրտողանի հետ: Ան նկարագրելով Էրտողանը՝ մէկ առ մէկ թուած է անոր՝ տարիներու վրայ երկարող յատկանշական բոլոր դէպքերը, դիրքորոշումները, ռազմավարութիւնները, որոնք հասցուցած են թրքական իշխանութիւններուն կողմէ քիւրտերուն նկատմամբ ներկայի անսանձ հալածանքին։
«Լարումը անդադար կը սաստկանայ Թուրքիոյ մէջ: Ի՞նչ է անոր ծանրակշռութեան աստիճանը» հարցումին, Փայլան տուած է հետեւեալ պատասխանը. «Հարիւր տարի առաջ, լիրբ եւ պատեհապաշտ կառավարութիւն մը՝ Երիտթուրքերու կառավարութիւնը, նախընտրեց ազգային փոքրամասնութեան մը վերագրել Թուրքիոյ բոլոր հարցերը, ներառեալ՝ համաշխարհային թատերաբեմին վրայ իր նուաստացումը: Ատիկա վերջ գտաւ Ցեղասպանութեամբ: Այսօր քիւրտերը՝ երէկուան հայերն են: Կը սպաննուին ընդհանուր անտարբերութեամբ: Ի տարբերութիւն հայերուն, անոնք զինուած են եւ կազմակերպուած: Բայց Էրտողան թիրախ առած է նաեւ խաղաղ բնակիչները, ներառեալ՝ կիները եւ երախաները: Իսկ Եւրոպան կը լռէ՝ սարսափած այն գաղափարէն, որ Էրտողան յանկարծ թոյլ կու տայ Յունաստան անցնիլ այն երեք միլիոն սուրիացիներուն, զորս ընդունած է: Այդ յանցաւոր լռութիւնը, սակայն, ոչինչով պիտի պաշտպանէ Եւրոպան: Եթէ դէպքերը գէշ ընթացք ստանան, ապա այս անգամ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր պիտի բախեն իր դուռը»:
«Նոյն բեմագրութի՞ւնը կը կրկնուի մեր աչքին առջեւ» հարցումին պատասխանելով՝ Փայլան նախ խստօրէն դատապարտած է Թուրքիոյ վարած սուրիական քաղաքականութիւնը՝ ընդգծելով, որ Անգարա կ՛ուզէ հեռավար կերպով ղեկավարել այդ երկիրը, աջակցելով իսլամապաշտ խմբակցութիւններու, ինչպէս՝ «Նուսրա»ին: «Բայց ատիկա ապո՛ւշ բան է: Սուրիա կրնայ ղեկավարուիլ միա՛յն բազմամշակութային հիմք ունեցող վարչաձեւով», ըսած է Փայլան եւ շարունակած. «Ուրիշ սխալ մը՝ Քրտական հարցը: Քանի մը տարի առաջ ձեռնարկուած էր խաղաղութեան գործընթացի մը, որուն ինք՝ Էրտողան անձնապէս աջակցած էր: Բայց այնպէս, ինչպէս 1914-15ին, երկիրի ղեկավարները սկսան հակամարտելու փոքրամասնութեանց դէմ՝ հրապարակաւ զանոնք ամբաստանելով որպէս թուրք ազգի դաւաճաններ. ներկայիս եւս, կառավարութիւնը երկիրի բոլոր հարցերու պատասխանատուութիւնը կը բարդէ քիւրտերուն կռնակին: Քանի որ թուրքերը չեն յաջողիր «կարդալ» իրավիճակը, քաւութեան նոխազ մը փնտռեցին, ու ներկայիս անոր վրայ է որ կը յարձակին բրտօրէն: Այս ամէնը թերեւս քաղաքացիական մեծ պատերազմի մը սկիզբը ահազանգէ… Հայերը հրացան չունէին եւ կազմակերպուած ալ չէին, իսկ քիւրտերու պարագան ճի՛շդ հակառակն է»:
«Ինչպէ՞ս դուրս ելլել այս վտանգաւոր անելէն» հարցումին, Փայլան տուած է հետեւեալ պատասխանը. «Անկէ դուրս ելլելու միակ միջոցը քիւրտերուն հետ խաղաղութեան գործընթացն էր: Սակայն, Էրտողան, որ պատեհապաշտ մըն է, իշխանութեան գլուխ մնալու համար ձեւ մը գտաւ, շրջեց այդ գործընթացը եւ ընտրեց պատերազմը: Բայց ձայն մը ինծի կ՛ըսէ, թէ ան կը գտնուի իր քաղաքական ասպարէզի վերջին փուլին, շրջանին աւարտէն առաջ իսկ»:
Հայ երեսփոխանը, պատասխանելով յաջորդ հարցումին, թէ «ինչպիսի՞ դեր կրնան խաղալ գերպետութիւնները», ըսած է, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներ, թէ՛ Ռուսիա եւ թէ Եւրոպա քաջ կը գիտակցին, թէ Թուրքիա կը զօրակցի «Նուսրա»ին, ապա աւելցուցած է, թէ ինք մաս կը կազմէ երկիրի ամավարկը ուսումնասիրող խորհրդարանականներու խումբին եւ որպէս այդպիսին՝ անձամբ հաստատած է, թէ այդ պիւտճէէն որոշ տողեր յստակ ոչ մէկ յատկացումի կը համապատասխանեն: «Խօսքս միլիառներու մասին է», շեշտած է ան եւ ըսած. «Վստահ եմ, որ այդ գումարները գործածուեցան «Իսլամական պետութեան» նման խմբակցութիւններու օժանդակութեան նպատակին համար»:
Ամավարկը ուսումնասիրող խումբը բացատրութիւններ պահանջած է այդ առթիւ, բայց ապարդիւն եղած է դիմումը: «Եւրոպան չի կրնար շարունակել օգնել կառավարութեան մը, որ նման վարք որդեգրած է», ըսած է Փայլան: «Խօսքս եւրոպացիներուն կ՛ուղղեմ. եթէ շարունակէ՛ք ձեր աջակցութիւնը Էրտողանին, ապա օր մը պիտի տեսնէք, որ միլիոնաւոր գաղթականներ պիտի վազեն դէպի ձեր սահմանները, որովհետեւ ի՛նչ ալ ըլլայ իրեն հետ ստորագրելիք ձեր համաձայնութիւնը, Էրտողան չի՛ կրնար եւ չ՛ուզեր իսկապէս կասեցնել քիւրտերուն եւ սուրիացիներուն՝ միւս կողմ անցքը: Այդ ամէնը, ինչ կ՛ընէ Էրտողան, հակոտնեայ է ձեր արժէքներուն, եւ իր որոշումները պիտի դառնան հետզհետէ աւելի՛ խօլ», եզրակացուցած է ան:
Ապա տալով քիւրտերուն վերաբերող խաղաղութեան գործընթացին մասին իր կարծիքը, Փայլան յոռետեսութիւն յայտնած է՝ հաստատելով, որ երկու կողմերէն ալ կան արմատական դիրքորոշումներու տէր տարրեր, որոնք ոչ մէկ հաւատք կ՛ընծայեն խաղաղութեան կարելիութեան: Ան ըսած է, թէ իրենք՝ որպէս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն, փորձած են տարհամոզել քրտական կողմի արմատականները՝ բացատրելով, որ հաւանական պատերազմ մը հարիւր հազարաւոր կեանքեր պիտի խլէ, բայց այդ ջանքերը ապարդիւն եղած են: Ներկայիս, երկու կողմերը, ընդհակառակն, բոլորովին բեւեռականացած վիճակ կը պարզեն: «Երբ կ՛արտասանեմ խաղաղութիւն բառը, երկու կողմերէն ալ կը հայհոյեն ինծի… Ամէն ինչ իր սկզբնական կէտին՝ զերոյի վերադարձած է: Չէք կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն դժուար գործ է ամէն ինչ զերոյէն վերսկսիլը: Մենք չենք կրնար յաջողիլ առանց միջազգային աջակցութեան: Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, ԱՄՆ եւ Անգլիա աչք փակեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ի դէմ: Արդեօք հիմա՞ ալ նոյնը պիտի ընեն քիւրտերու ջարդերուն հանդէպ», յայտնած է ան:
Ապա պատասխանելով «Կեզի»ի շարժումի ծիրէն ներս թուրք երիտասարդութեան՝ քաղաքականութեան մէջ ներգրաւումի մասին հարցումի մը, Փայլան ըսած է, թէ այսօր, այդ շարժումէն շուրջ երեք տարի ետք, անկարելի է երիտասարդներու այդ զանգուածը վերադարձնել քաղաքականութեան, որովհետեւ՝ «այդ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը քիւրտերու հանդէպ վախ մը ունի, որովհետեւ ամբողջ երեք սերունդ՝ անոնց կրկնուեցաւ, թէ քիւրտերը Թուրքիոյ դաւաճաններ են… Անոր մէ՛ջ է որ կը կայանայ Էրտողանի ուժը… ան իր շուրջ կը համախմբէ ոչ միայն պահպանողական կրօնամէտները, այլեւ՝ ազգայնամոլները»:
«Տակաւին կարելի՞ է բանակցիլ Էրտողանի հետ» հարցումին, Փայլան պատասխանած է, թէ այլեւս ո՛չ մէկը ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անոր վրայ՝ նշելով, թէ խորհրդարանին մէջ իր կուսակից շուրջ 250 երեսփոխաններէն այլեւս ոչ մէկը կը յաջողի տեսակցիլ Էրտողանի հետ: «Նոյնիսկ եթէ այդ կարելիութիւնը ունենային, ամէն պարագայի, ո՛չ մէկը կրնայ քննադատել անոր որոշումները: Այլեւս միայն դիւանակալութիւնը, զինուորականները եւ լրահաւաք ծառայութիւնները մնացած են: Այդ պատճառով է որ բացի քաղաքացիական պատերազմէն՝ այլ լուծում չեմ տեսներ», ըսած է Փայլան:
Աւարտին, լրագրողը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ եւ լրագրողներուն դէմ ի գործ դրուող ճնշումներուն եւ հարց տուած է Փայլանին, թէ արդեօք ինք եւս ֆիզիքապէս սպառնալիքի ենթակա՞յ է: Փայլանի պատասխանը եղած է հետեւեալը. «Անցեալ օրը, նախարար մը զիս սաստելով ըսաւ. «Այսօր դեռ հանգիստ կրնաք պտըտիլ փողոցները: Բայց վաղուընէ իսկ, ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ»: Իսկ ես իրեն պատասխանեցի, թէ ինք իր հրամանին տակ հարիւրաւոր ոստիկաններ ունի եւ կրնայ զիս սպաննել տալ: Բայց եթէ ժողովուրդին ընտրած անձը պիտի չկարենայ ժողովրդավարութեան մասին խօսիլ եւ առաւել եւս՝ ժողովրդավարութիւն պահանջել իր երկրին մէջ, ապա ո՞վ պիտի ընէ այդ մէկը»:

Yorumlar kapatıldı.