İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Յովհաննէս Պուլատեան Իր Ամբողջ Ունեցուածքը Ժառանգ Կը Ձգէ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ՖՐԵԶՆՕ.- Երկարամեայ համայնքային գործիչ Յովհաննէս Պուլատեան իր ամբողջ ունեցուածքը ժառանգ ձգած է Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան։ Այս մասին յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Կիրակի, Մարտ 6ին, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 40ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան դրուատեց իր ունեցուածքը Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան վստահելու Պուլատեանի սոյն քայլը՝ շեշտելով, որ անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ նոր թափ մը տալ 40ամեայ հիմնարկութեան կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու իրագործման։ Յովսէփեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքին կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ անիկա ամերիկահայութեան ողնասիւնը կը հանդիսանայ, եւ կոչ ընելով հայկական կազմակերպութեանց, որ իրենց ուշադրութեան կեդրոնը դարձնեն այդ համայնքը։
Տասնամեակներէ ի վեր Ֆրեզնօ հաստատուած Յովհաննէս Պուլատեան Միացեալ Նահանգներ ժամանած է 1970ականներու սկիզբը, որմէ առաջ ան լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամներէն մէկը եղած էր եւ ծանօթ էր համայնքի կարիքներուն առատաձեռնօրէն գոհացում տուող իր արարքներով։
Արհեստով զինագործ ըլլալով՝ ան նորարարութիւններ բերած է մետաղներ հալեցնելու եւ ձուլելու մարզին մէջ։ Ան կը շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Ֆրեզնոյի հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն՝ օրինակելի տիպար մը հանդիսանալով նոր սերունդին։
Յովհաննէս Պուլատեանի այս նուիրատուութեան ակնարկելով՝ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան շեշտած է. «Այս քայլը օրինակելի արարք մը եւ նուիրումի իւրայատուկ արտայայտութիւն մըն է»։

Yorumlar kapatıldı.