İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

(տեղի ունեցան Գերմանիոյ Հայոց Թեմի նոր ընտրութիւնները). 5 եւ 6 Մարտ 2016 թուականներուն Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմական-Պատգամաւորական տարեկան հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Թեմի 15 համայնքներէն շուրջ 35 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Թեմին հոգեւոր դասը` նախագահութեամբ Բարձշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի:

****
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ DIÖZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND

Allensteiner Str. 5, 50735 Köln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267

www.armenische-kirche.de, E-Mail: info@armenische-kirche.de

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

(տեղի ունեցան Գերմանիոյ Հայոց Թեմի նոր ընտրութիւնները)

5 եւ 6 Մարտ 2016 թուականներուն Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմական-Պատգամաւորական տարեկան հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Թեմի 15 համայնքներէն շուրջ 35 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Թեմին հոգեւոր դասը` նախագահութեամբ Բարձշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի:

Երկօրեայ ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր զանազան հարցեր, ինչպէս օրինակ Առաջնորդարանի եւ իրեն կապուած համայնքներու 2015 թ. գործունէութեան տեղեկագրութիւնները եւ նիւթական հաշուետւութիւնները, Առաջնորդարանի հոգեւոր գործունէութիւնը, փոխ-յարաբերութիւնները ՀՀ Դեսպանութեան եւ Գերմանահայ զանազան հաստատութիւններու հետ:

Օրակարգային հարցերու շուրջ, որոնք ներկայացուեցան պատասխանատու անձերու կողմէ, տեղի ունեցան աշխոյժ քննարկումներ, կատարուեցան զանազան առաջարկներ, որոնք ափոփուեցան արձանագրութեան մէջ եւ յանձնուեցան Թեմական Խորհուրդի ուշադրութեան եւ ի պահանջել հարկին` գործադրութեան:

2016-ի ԹՊԺ-ի Օրակարգը կը ներառնէր նաեւ Թեմական մարմիններու նոր ընտրութիւններ, քանի որ լմնցած էր անոնց գործունէութեան 3-ամեայ տարեշրջանը:

Փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ԹՊԺ-ի Դիւանին մէջ ընտրուեցան`

Տոքթ. Խաչիկ Րաֆֆի Կազէր, Տոքթ. Մարգարիտ Ասօյեան-Լինգ, պրն. Պենյամին Պօղոսեան եւ պրն. Լեւոն Դանօյեան:

Թեմական Խորհուրդին մէջ ընտրուեցան`

Տիկ. Սօսի Շայէր, Տոքթ. Սարգիս Ատամ, Տոքթ. Ֆրեդ Միրզախանեան, պրն. Արա Վարդանեան, պրն. Սերովբէ Օտապաշեան, պրն. Գրիգոր Սաղլամէր, պրն. Վազգէն Ուրախեան եւ պրն. Ռոպէր Ելեկէն:

Հաշուեքննիչ մարմնին մէջ ընտրուեցան`Տիկ. Հիլտա Տէիրմենճի եւ տիկ. Ռիթա Գրիգորեան:

ԹՊԺ-ի երկօրեայ նիստերը փակուեցան Բարձշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեան խօսքով, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմական մարմիններու նախորդ տարիներու անդամներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր անդամները:

ԹՊԺ-ը իր աւարտին հասաւ Գարեգին Սրբազանի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ միասնական «Հայր մեր»ով:

Դիւան Առաջնորդարանի

Քէօլն, 10.03.2016 Դիւան Առաջնորդարանի

Yorumlar kapatıldı.