İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հակահայ Բանաձեւ Մը Կը Տապալի Նաեւ Քընթաքիի Մէջ

ՖՐԵՆՔՖՈՐԹ, Քընթաքի.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Երկուշաբթի, Մարտ 7ին, Քընթաքիի նահանգային Ծերակոյտին մէջ կարելի եղած է ձախողութեան մատնել թիւ 168 բանաձեւը, որ կը փորձէր Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը աղաւաղուած կերպով ներկայացնել։

Արդարեւ, անսալով Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին՝ նահանգի հայ համայնքի քանի մը տասնեակ անդամներ դիմած էին իրենց նահանգային ներկայացուցիչներուն, բացատրելու համար պատմական իրողութիւնները խաթարուած ձեւով ներկայացնել միտող այս փորձին ծալքերուն մասին, այսպիսով՝ ապահովելով բանաձեւին տապալումը։
Այս յստակացումներուն շնորհիւ, Քընթաքիի նահանգային Ծերակոյտի նախագահը Մարտ 7ին որոշեց օրակարգէն հանել այդ բանաձեւին քննարկումը։
«Քընթաքիի հակահայ բանաձեւի ձախողութիւնը դարձեալ ցոյց տուաւ, որ ժողովրդավարական գործընթացները կրնան դրական արդիւնքներու հասցնել, միաժամանակ փաստելով, որ նահանգային ծերակուտականները կը մերժեն նահանգի ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու եւ իրականութիւններ չարափոխելու ջանքերը, յատկապէս երբ միջամտողը Իլհամ Ալիեւի նման բռնատէր մըն է», կը յայտնէ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց եւ համայնքային կապերու վարիչ Արթուր Մարտիրոսեան։

Նշենք, որ թիւ 168 բանաձեւը Մարտ 1ին ներկայացուած էր Քընթաքիի նահանգային Ծերակոյտին, անոր անդամներէն՝ Տէյմըն Թէյըրի կողմէ։

Yorumlar kapatıldı.