İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ «ԾԱԾԿՈՑԸ»՝ ԽՈՃԱԼՈՒՆ

Ատրպէյճանական ներքին քաղաքական կեանքի մութ ծալքերն ու հաշիւները մեծ դեր ունին 1992 թուականի Փետրուար 25էն 26 լուսցող գիշերուան դէպքին հետ, որ կատարուեցաւ ազատագրուած Ստեփանակերտէն չորս մղոն դէպի հիւսիս գտնուող՝ Խոճալուի մէջ: Ազերի հակաքարոզչական մեքենան այնքան մը կ՛աղաւաղէ որ, տեղին է յատուկ գիտաժողով մը, տարեկան դրութեամբ կազմակերպել եւ Խոճալուի դէպքերու իրականութիւնը ներկայացնել եւ բացայայտել:

Նկարուած աղիողորմ տեսարաններն ու նկարագրուած անցուդարձերը կը ներկայացնեն, թէ այդ օրերուն, ազերիներուն համար, Շուշիի բարձունքներուն նման, որքա՜ն ռազմագիտական կարեւոր դիրք գրաւող Ասկերանի շրջանին մէջ գտնուող Խոճալուն: Այդ շրջանէն է, որ հետեւողականօրէն կ՛արձակուէին զանազան տեսակի ծանր ռումբերը Ստեփանակերտի անմեղ բնակչութեան վրայ, ահ ու սարսափ ստեղծելով եւ տասնեակ զոհեր խլելով, եւ դեռ աւելի՛ն, Խոճալուն իրարմէ կտրած էր Մարտակերտն ու Ստեփանակերտը՝ պաշարման տակ առնելով Մարտակերտը, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ ռազմագիտական դժուար պայմաններ ստեղծելով:
Մահասփիւռ Խոճալուն լռութեան մատնելու միակ միջոցը, զայն գրաւելն էր:
Սակայն, կարեւորագոյն խոչընդոտն այն էր թէ, շրջանէն ներս զինեալներու կողքին կար բնակչութիւն՝ թուրք մեսխեթցիներ, որոնք անզէն էին եւ դժուար օրեր կ՛ապրէին տեղւոյն ազերի զինեալներուն հետ:
Երբ հայրենի ուժեր ազատագրելու ընթացքին մէջ էին, դիտմամբ ամբողջութեամբ չէին պաշարած Խոճալուն, առիթ տալով որ անմեղ բնակչութիւնը կարենայ խոյս տալ դէպի հիւսիս-արեւելք: Հոս է որ պատահեցաւ անակնկալը, երբ վտանգաւոր դիրքերէն խոյս տուող մեսխեթցի բնակչութիւնը, սպանդի ենթարկուեցաւ տեղւոյն ատրպէյճանական զօրքին կողմէ։
Ինչպէ՞ս կարելի էր նմանօրինակ սադրիչ արարք մը կատարել…Ին՞չ էին մութ ծալքերն ու դրդապատճառները: Այդ օրերուն, երբ դեռ Խորհրդային Միութեան կառոյցները փուլ եկած էին եւ օրուան ազերի ղեկավար Այազ Մութալիպովի ընդդիմադիրներուն համար զինք տապալելու դիւրին միջոցներէն մէկն էր նմանօրինակ անմարդկային արարք մը կատարելը…եւ այդ ալ իր թիւ մէկ ընդդիմադիր եւ ոխերիմ թշնամի Հայտար Ալիեւի եւ իր հլու կամակատարներու ձեռամբ:
Առաջին հերթին, դիւրին էր անմեղ էակներ սպաննելը, եւ այնպիսի կացութեան մը ընթացքին, որ դիւրութեամբ կարելի էր այպանել հայոց ազատամարտիկներն ու յատկապէս օրուան ազերի ղեկավար Մութալիպովի կարողութիւնն ու հեղինակութիւնը:
Այդպէս ալ եղաւ, եւ պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Մութալիպով ենթարկուեցաւ բուռն ճնշումի եւ կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ, որոշ վերիվայրումներէ եւ Իսա Կամպարի եւ ապա Ապտուլֆաս Էլչիպէյի ղեկավարութիւնը ստանձնելէն ետք, այդ մութ հաշիւներու ետին գտնուող Հայտար Ալիեւն է ստանձնեց նախագահութիւնը 1993-էն ի վեր, եւ իր հրաժեշտէն ետք, ցայսօր ընտանեկան բնոյթ ստացած երկրի ղեկավարութիւնը 2003-էն ի վեր կը շարունակէ իր որդին:
Սակայն հայորդիին համար, կարեւորը այդ ջարդարարի վերագրումներն են, որոնց գծով վաւերական փաստերը յստակ են, սկսելով օտար լրագրողներու յուշերէն ու հաստատումներէն, մինչեւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու զեկուցումներն ու նոյնինքն այդ օրերու Ատրպէյճանի նախագահ Մութալիպովի խոստովանութիւնները:
Հաւանաբար, Խոճալուի դէպքերու այս աղաւաղումը, ձախող փորձ մըն է պատմութեան էջերուն մէջ «ծածկելու» Սումկայիթի փոկրոմը:

Yorumlar kapatıldı.