İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոս Անճելըսի Հայութիւնը Կը Պատրաստուի Միասնաբար Ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակը

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի հայութիւնը, անգամ մը եւս ի մի գալով՝ որոշած է Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցումը ստանալու համար ազդու պահանջ մը ներկայացնել։ Արդարեւ, Կիրակի, Ապրիլ 24ին, կ.ե. ժամը 1ին, Լոս Անճելըսի Ուիլշըր պողոտային վրայ (6300 Wilshire Boulevard) գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ Արդարութեան հանրահաւաքը՝ ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակը եւ դատապարտելու անոր ուրացումը։

Համայնքի գլխաւոր կրօնական, քաղաքական, երիտասարդական եւ այլ կազմակերպութիւններ դարձեալ համախմբուած ու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Լոս Անճելըսը ցնցած 166,000 հոգինոց աննախընթաց քայլարշաւին ոգիով քաջալերուած՝ կոչ կ՛ընեն համայնքին, որ իր ամբողջական զօրակցութիւնը ցուցաբերէ միասնականութեան ոգին ամրապնդող նման քայլերու՝ աջակցելով այս նպատակով կազմուած Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբին։
Հակառակ այն իրողութեան, որ այս տարի Կիրակի օրուան զուգադիպող հաւաքին ընթացքին խճողումը նուազ պիտի ըլլայ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարբեր շրջաններու եկեղեցիներէն, վարժարաններէն եւ համայնքային կեդրոններէն տրամադրելի պիտի ըլլայ հանրակառքերով փոխադրութիւն։ Ամբողջական ցանկը պիտի հրապարակուի մօտիկ ապագային։
Ցոյցին համար յատուկ շապիկներ արդէն իսկ կը ծախուին Կլենտէյլի, Հոլիվուտի եւ Վելի Վիլեճի «Ճոնզ» խանութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Amazon.com եւ Ebay.com կայքերուն վրայ։ Շապիկներու վաճառքէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի հանրահաւաքի ծախսերուն։ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ հայորդիներուն, որ այդ շապիկները գնելով եւ հագուելով՝ քայլարշաւին համար քարոզչութիւն կատարեն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջան
Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջան
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Խորհուրդ
Հայկական Իրաւանց Խորհուրդ
Հայկական Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն

Yorumlar kapatıldı.