ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ նահանգային խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ անոր Հայկական օրէնսդրական համախմբումին համագործակցութեամբ (գլխաւորութեամբ՝ Խաչօ Աշաճեանի, Ատրին Նազարեանի, Սքաթ Ուիլքի եւ Քեվըն Տէ Լիոնի), այս տարի եւս Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ քաղաքական հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարք մը տեղի պիտի ունենայ, Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակը ոգեկոչելու եւ Հայ Դատին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու նպատակով:
Այս տարի, Սաքրամենթոյի մէջ Հայ Դատի ջատագովումն ու Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի պիտի ունենան Երկուշաբթի, Ապրիլ 18ին։
2002էն ի վեր, նահանգի զանազան շրջաններէն հարիւրաւոր հայորդիներ կը հաւաքուին Սաքրամենթօ, Հայ Դատի յանձնախումբին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին ու Ծերակոյտի անդամներուն հետ ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ խորհրդակցելու համար հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ այս հաւաքները իւրայատուկ առիթներ են հայութեան ձայնը լսելի դարձնելու համար՝ մայրաքաղաքի քաղաքական շրջանակներէն ներս:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին մէջ կայանալիք ոգեկոչման ձեռնարկներուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան խորհրդարանի անդամներ ու ծերակուտականներ, որոնցմէ ետք պիտի վաւերացուին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւեր, ապա հաւաքի մասնակիցները առիթ պիտի ունենան խորհրդակցելու խորհրդարանականներուն եւ ծերակուտականներուն հետ:
Խումբը ճամբայ պիտի ելլէ Կիրակի, Ապրիլ 17ին: Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancawr.org/ca_advocacy_day կայքէջը, կամ դիմել CAstate@ancawr.org հասցէին եւ (818) 500-1918 թիւին:
Yorumlar kapatıldı.