İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպի մէջ ռումբերու ու հրթիռներու պայթիւնները, աւերածութիւնները, տակաւին կը շարունակուին աննկարագրելի ձեւով

Հալէպ քաղաքը վերջին օրերուն կ՛անցնի պատերազմական շատ ծանր հանգրուանէ մը: Արդարեւ, անցնող շաբաթը եւ յատկապէս վերջին քանի մը օրերուն սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ: 


Հետեւաբար, մինչեւ այս վայրկեանս Հալէպի հայաբնակ թաղամասերէն ոչ շատ հեռու՝ ծայրամասային շրջաններու մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն պատճառով մերթ ընդ մերթ կը լսուին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ, որոնց պատճառը քանի մը օրէ ի վեր սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներն են: Վերոնշեալ պատճառով ալ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին բազմացաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծումները ընդհանրապէս Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ, որոնց կարգին է նաեւ քրիստոնեաբնակ եւ հայաբնակ շրջանները: Այսուհանդերձ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ կը դառնայ Հալէպի զանազան շրջաններ՝ Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ, Վիլլաներ, Սէյրաֆի (Գափրի), Թելեֆոն Հաուաի, ալ-Ճապրիյէ, Մէյսելուն, Ազիզիէ եւ այլ թաղամասեր: Ինչպէս, նախապէս ալ նշած էինք, որ հրթիռակոծման թիրախ դառցած էին նաեւ հայկական թաղամասեր, ազգապատկան կառոյցներ ինչպէս, Նոր Գիւղ շրջանի ՍՕԽ-ի Հալէպի Ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ ամբողջութեամբ վնասուեցաւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Հայ Ծերանոցի («Վ.Կիւլպէնեան» մայրանոց) ու ՔԵԱ ճեմարանի կարգ մը բաժիններ: Արդարեւ, Հալէպի մէջ ռումբերու ու հրթիռներու պայթիւնները, աւերածութիւնները, տակաւին կը շարունակուին աննկարագրելի ձեւով:

Yorumlar kapatıldı.