İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Թելեթոնի Մեկնարկային Հաւաքոյթին Հանգանակուեցաւ 95,000 Տոլար

ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինին (ՍԱՐՖ) կազմակերպութեամբ, ՍԱՐՖի թելեթոնին մեկնարկը տեղի ունեցաւ 11 Փետրուար 2016ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանը. ներկայ էին գաղութիս երեք համայնքներու հոգեւոր հայրեր, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով բարերարներ եւ հայրենակիցներ:

Երեկոյի հանդիսավարն էր ՍԱՐՖի փոխատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Փետրուար 21ին կայանալիք ՍԱՐՖի թելեթոնին խորհուրդը եւ շեշտեց մեր հայրենակիցներուն նիւթաբարոյական աջակցութեան կարեւորութեան մասին:

ՍԱՐՖի անդամ եւ թելեթոնի յանձնախումբի պատասխանատու Վազգէն Մատենլեան իր կարգին ներկայացուց գործնական աշխատանքներն ու այցելութիւնները, ուր որ անկ է, ի նպաստ ծրագիրի փայլուն յաջողութեան:

Երեկոյի գլխաւոր պատգամաբերն էր Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, որ հարազատօրէն ներկայացուց սուրիահայութեան ամէնօրեայ տագնապին եւ գոյատեւման պայքարին մասին, յատկապէս՝ Հալէպի մեր հայրենակիցներուն առօրեայ ահն ու սարսափը, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքի անապահով վիճակն ու ցաւը… Ան ըսաւ. «Եկէք զօրակցի՛նք Մայր գաղութ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու ցաւն ու տագնապը մեղմացնելու այս նուիրական աշխատանքին»:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր քաջալերական խօսքերով ու «Պահպանիչ»ով յաջողութիւն մաղթեց սրբազան այս գործի բոլոր աշխատակիցներուն եւ մասնակից կազմակերպութիւններուն։

Երեկոյի հայ երաժշտութիւնը հնչեցուց սիրուած արուեստագէտ Յարութ Փամպուքճեան:

Ինչպէս միշտ, քսակները լայն բացած մեր հայրենակիցներու օժանդակութեամբ հաւաքուած գումարը այդ երեկոյ հասաւ 95,000 տոլարի:

Վարձքը կատա՛ր մեր նուիրատուներուն:

Միասնաբար զօրակցի՛նք ՍԱՐՖի թելեթոն-դրամահաւաքի փայլուն յաջողութեան:


Yorumlar kapatıldı.