İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը Պիտի Մեծարէ Յակոբ Եւ Մինա Շիրվանեանները

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Մարտ 6ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկի «Ռոտիօ» սրահին մէջ տեղի ունենալիք Հայ մշակութային հիմնարկութեան տարեկան 40րդ ճաշկերոյթին ընթացքին, հիմնարկութիւնը պիտի մեծարէ տէր եւ տիկին Յակոբ Եւ Մինա Շիրվանեանները՝ երկար տարիներու ընթացքին իրենց կատարած բարերարութեանց համար:

Շիրվանեանները, որոնց ղեկավարութիւնը եւ նուիրատուութիւնները հիմնական դեր ունեցած են Լոս Անճելըսի հայ համայնքի կազմութեան մէջ, պիտի արժանանան Հայ մշակութային հիմնարկութեան «Տարուան ամոլը» մրցանակին։
Շիրվանեանները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին Հայ մշակութային հիմնարկութեան, 1956ին Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք գործօն ներկայութիւն մը եղած են հայ համայնքէն ներս։
Արդարեւ, Մինա Շիրվանեան եղած է Իրանահայ միութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ հանդիսացած է անոր առաջին նախագահներէն մին, իսկ Յակոբ Շիրվանեան քանի մը տարի եղած է Ֆերահեան Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան փոխատենապետը։
Ամոլը զօրավիգ կանգնած է շարք մը այլ կազմակերպութեանց, ներառեալ՝ Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին, Ֆերահեան Ազգային միջնակարգ-երկրորդական վարժարանին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ Օգնութեան միութեան եւ Հայկական հիմնադրամին:
Համայնքին իրենց ցուցաբերած սպասարկութեանց համար, Շիրվանեանները Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն արժանացած են «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանին, իսկ Արամ Ա. կաթողիկոսէն՝ «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանին: Նաեւ, Շիրվանեանները պարգեւատրուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ամենաբարձր քաղաքացիական շքանշանով, նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի կողմէ: Անոնք մեծարուած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ժառանգութիւն» մրցանակով, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ եւ «Էտվենթիս»չ հիւանդանոցի հիմնարկութեան «Մարդասիրական» մրցանակով:
Շիրվանեանները նաեւ գործունեայ եղած են ամերիկեան քաղաքական կեանքէն ներս: Արդարեւ, Յակոբ Շիրվանեան կը հանդիսանայ առանձնայատուկ հայ անձնաւորութիւն մը, որ հինգ իրերայաջորդ նահանգապետներու կողմէ՝ Ռանըլտ Ռիկընի, Ճերի Պրաունի, Ճորճ Տէօքմէճեանի, Փիթ Ուիլսընի եւ Կրէյ Տէյվիսի, նշանակուած է նահանգային զանազան յանձնաժողովներու եւ մարմիններու անդամ:
Նշենք նաեւ, թէ անցեալ Դեկտեմբերին կայացած հաւաքի մը ընթացքին, Շիրվանեանները 50,000 տոլար նուիրած էին «Մենք Ենք Գիւմրին» ծրագիրին, որուն առաջին նպատակն է նորոգել Գիւմրիի Երիտասարդական կեդրոնը։
Հայ մշակութային հիմնարկութեան տարեկան 40րդ ճաշկերոյթին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-9219 թիւին։

Yorumlar kapatıldı.