İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայ Դատը Կը Ջանայ 10 Միլիոն Տոլարի Նպաստ Ապահովել Սուրիահայութեան

ԵՐԵՒԱՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց վարիչ Էլիզապէթ Չուլճեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ Փետրուար 11ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Հայ Դատի յանձնախումբը ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու յաջորդ պետական ամավարկին մէջ 10 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն նկատի առնուի Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքէն Հայաստան հաստատուած 20 հազար հայ գաղթականներուն:

«Անցեալ տարի յատուկ հանդիպումներ ունեցանք Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին օժանդակութեան բաժինին հետ, որ կը զբաղի փախստականներու վերաբնակեցման աշխատանքներով: Մեր մտահոգութիւնները յայտնեցինք՝ շեշտելով, թէ բաւարար օգնութիւն չի ցուցաբերուիր Սուրիայէն Հայաստան հաստատուած գաղթականներուն: Մենք կը փորձենք լուծումներ գտնել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Ամերիկան օժանդակել, յատկապէս՝ օգնել թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այն հայ ընտանիքներուն, որոնք վերաբնակեցուած են. օգնե՛նք իրենց, գոնէ՝ բնակարանի վարձքի ծախսերը փակելու գծով», յայտնած է Չուլճեան:

Yorumlar kapatıldı.