İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ցեղասպանութեան Ուրացման Դէմ Բողոքի Լուռ Ցոյցեր Ամերիկեան Համալսարաններու Մէջ

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 4ին, Հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումը հանդիսացող Համահայկական ուսանողական միութիւնը (All-ASA), Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման բողոքի լուռ ցոյցեր պիտի համակարգէ Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն մէջ, համագործակցութեամբ ՀԵԴի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի մարմիններուն, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ «Ալֆա Կամա Ալֆա» եւ «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ուսանողական ընկերակցութիւններուն։

«Ուրացման Արատ» ընդհանուր խորագիրին տակ կայանալիք ցոյցերուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ միաժամանակ դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ առաջ մղուող ուրացման արշաւը եւ այդ արշաւին մէջ Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութիւնը: Ցոյցերը պիտի կայանան առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 3 (Խաղաղականի ժամով), որոնց զուգահեռ համացանցային արշաւներ տեղի պիտի ունենան ընկերային ցանցերու միջոցաւ՝ հետեւեալ հասցէներով.

«#StainOfDenial»,

#ArmenianGenocide

եւ «#DivestTurkey»։ Այս վերջինը կապ ունի Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան համալսարաններու կատարած ներդրումները ետ քաշելու արշաւին։

«Ուրացման Արատ» ցոյցերուն կը մասնակցին հետեւեալ համալսարանները՝ «Քալ Փոլի Փոմոնա», Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Նորթրիճի մասնաճիւղեր, Քլերմոնթի քոլեճներ, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճ, Լոս Անճելըս Հովիտի քոլեճ, «Լոյոլա Մերիմաունթ», «Օքսիտենթըլ», Փասատինայի քաղաքային քոլեճ, Սանթա Մոնիքայի համալսարան, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Սանթա Պարպարայի, Սան Տիէկոյի, Ռիվըրսայտի եւ Սանթա Քրուզի մասնաճիւղեր եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան։

Այս տարի, Քալիֆորնիայէն դուրս գտնուող համալսարաններուն մէջ եւս նման ցոյցեր պիտի կայանան՝ նախաձեռնութեամբ «Նորթիսթըրն», «Թաֆթս» եւ «Կրենտ Վելի» համալսարաններու հայ ուսանողներուն։

Yorumlar kapatıldı.