ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Յունուար 28ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր կազմակերպել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ու Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները:
Վեհափառ հայրապետը նախ ջերմօրէն գնահատեց Սուրիոյ հայութեան ամուր կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ մեր համայնքային կառոյցներուն՝ հակառակ զիրենք շրջապատող աննպաստ պայմաններուն: Կաթողիկոսը նաեւ գնահատեց առաջնորդ սրբազանին ու ազգային մարմիններուն ցուցաբերած նուիրեալ ու հետեւողական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ՝ մեր ժողովուրդի զաւակներու կարիքներուն օգտակար եղող շտապ մարմինին գործունէութիւնը: Վեհափառը գնահատեց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած միասնակամութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ թելադրեց, որ գաղութը լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն:
Ապա, առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով՝ Ազգային իշխանութեան, ժողովուրդին եւ իր անունով խոր շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին, որ ոչ միայն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ հայութեան, անցնող տագնապալից շրջանին, այլ նաեւ նիւթապէս օգտակար հանդիսացած է՝ կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին ճամբով:
Ժողովականները լայնօրէն քննարկեցին Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող կարելիութիւնները՝ թեմական, համայնքային, տնտեսական ու քաղաքական երեսներով:
Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, թէ Սուրիոյ մեր հայ համայնքը՝ որպէս Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մին, պէտք է իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերէ Սուրիոյ վերականգնումին առաջնորդող բոլոր աշխատանքներուն:
Yorumlar kapatıldı.