Հերա Ցուրու
1910ին, երբ մեծ մայրս Սիրվարդը ծներ է Արաբկիրի Թասքուսա գիւղը, չէր գիտեր, որ հինգ տարի ետք պիտի կորսնցնէր քոյր-եղբայրները՝ մահուան ճամբաներուն վրայ, անապատին մէջ: Ոչ ալ իր մայրը՝ Հայկանուշը, հարս եկած՝ հեռաւոր Ակն քաղաքէն, միտքէն կ՛անցընէ՞ր, որ պիտի կորսնցնէր քոյր-եղբայրները եւ նոյն ձեւով՝ մայրն ու հայրը Մեծ պապս՝ Թովմասը, երբ ջութակ կը նուագէր տօներուն՝ Արաբկիրի մայր եկեղեցիին մէջ, նոյնպէս չէր մտածեր, որ 15 սեպտեմբեր 1957ին, քաղաքապետութիւնը ուժանակով պիտի պայթեցնէր 13րդ դարու կառոյց այդ տաճարը: Ինծի կ՛ըսէր. “Մեր եկեղեցին 3000 հոգի կրնար ընդունիլ: Մեծ մօրդ մկրտութեան՝ շուրջի գիւղերէն ալ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ. այն ատեն՝ Արաբկիրը 11000էն աւելի հայութիւն կը հաշուէր”:
Տէր Զօրի այրող աւազներուն մէջ անյայտ ու անհետ կորսուած ազգականներ, կորսուած քոյր-եղբայրներ. հասա՞ն որեւէ տեղ, ո՞ղջ են. եթէ փրկուեցան՝ ո՞ւր են…: Մեռա՞ն. ո՞ր հողը ծածկեց զիրենք… ո՞ւր վառես մոմ մը իրենց հոգիին…: Հարցումներ՝ ասոնք, պահուած հարազատներուս հոգիին խորը, անոնց՝ որոնք յաջողեցան բոպիկ եւ սովահար հասնիլ Պոլիս, Գում-Գաբուի հայոց պատրիարքարանը, գաւառներէն փրկուած անհամար գաղթականներու այդ ապաստանարանը:
Հոն, Գում-Գաբուի ապաստանեալները կը գտնէին զիրենք պաշտպանող երդիք մը եւ կտոր մը հաց – առաջին դարման մը իրենց տառապանքին:
Քիչ ժամանակ ետք, որբերուն համրանքը կ՛աճէր՝ հազարներով: Հայկական կազմակերպութիւնները կը բանային խոհանոցներ՝ զանոնք կերակրելու համար. կը հայթայթէին հագուստեղէն: “Ի՜նչ որբ…,- կը կանչէր Հայկանուշ մամիկս,- մեր աղջիկներն են, մեր որդիներն են, մե՛ր զաւակները”: Այսպէս, ամէն կիրակի, ամբողջ տարի մը, կերակուրներ կ՛երթային իրենցմէ՝ Պոլսոյ որբանոցներուն:
1917ի սկիզբը, ա՛լ ձուլուած Գում-Գաբուի համայնքին, մերինները կը մասնակցէին “անապատի որբերուն համար” կազմակերպուող հանգանակութիւններուն: Իրենց զրկանքին մէջ, անոնք կը հաւաքէին ինչ որ կրնային՝ իրենց “զաւակներուն” համար: Այդ օրերէն միակ յիշատակ, փրկուած՝ գիրքի գրքի մը մէջ պահուելով, թուղթէ կրծքանշան մըն է, 98 տարեկան, պարզ վերնագրով մը՝
, ՓՐԿԵՑԷ՛Ք ԱՆԱՊԱՏԻ ՈՐԲԵՐԸ ե
Մեծ մայրս կ՛ըսէր. “Երբ ժողովուրդ մը չ՛ուզեր մեռնիլ, չի մեռնիր”: Կրծքանշանը, մեծ պապիս օձիքէն, անցեր է իր որդիին՝ Գառնիկի ձեռքը, որ ծներ է Գում-Գաբու՝ 1922ի շուրջ, եւ յետոյ՝ իր ձեռքէն՝ հասեր է իմ ձեռքս: Իր մահէն քանի մը տարի առաջ, Գառնիկ պապս զիս կանչեց՝ ինծի յանձնելու համար ընտանեկան աւանդները: Ո՛չ ոսկի լիրաներ, ո՛չ զարդեղէն ու ադամանդ. այլ՝ հին լուսանկարներ, հին գրութիւններ: “Մեր ժառանգութիւնը,- ըսաւ ինծի,- մեր պատմութիւնն է”:
Իսկ Սիրվարդ մեծ մայրս կը շարունակէր. “Թէ մայրդ անգամ մտքէդ հանես, քու մայր լեզուդ չմոռնաս”:
***
Այսօր, “Ազատ Օր”ի օգնութեամբ, կրծքանշանը հասած է եւ կը ցուցադրուի Ցեղասպանութեան թանգարանը, Հայաստան: Ջուրը իր ճամբան գտաւ:
Նուէրս թո՛ղ ըլլայ ի յիշատակ Սիրվարդին, Արուսին եւ Գառնիկին՝ Հայկանուշի եւ Թովմասի զաւակներուն. ազգականներուս՝ որոնք փրկուեցան, որպէսզի ես ծնիմ եւ ըլլամ…:
İlk yorum yapan siz olun