╬ ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ ╬
Որպէս զի կաղանդ տօնենք տեւական
ուր որ գացինք
ուր որ գաղթեցինք
մեզի հետ
մեր ծառն ալ տարինք:
Թէ մարեցաւ մոմերէն մին
տեղը չորս մոմ վառեցինք
Թէ խաղալիք մը կոտրեցաւ
կամ ժապաւէն մը փրթաւ
տեղը միշտ նորը դրինք
Բայց չգիտցանք –
արմատները ե՞րբ չորցան
Ոստերուն մէջ ԱՒԻՇԸ ե՞րբ ցամքեցաւ.
Եւ հիմա – ԾԱՌԸ աւելի շքեղ
թէպէ՛տ շողշողո՛ւն
սակայն ՄԵՐԸ ՉԷ
Yorumlar kapatıldı.