İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

“Մեղեդի”։

Որպէս ծառայութիւն Հայ երգի ու երաժշտութեան, Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հաստատուեցաւ նոր մատենաշար մը՝ “Համբարձումեան Մատենաշար” եւ հրատարակուեցաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. “Մեղեդի”։
Նորահաստատ մատենաշարէն լոյս տեսնող առաջին հատորը երիտասարդ երաժշտագէտ՝ Արթիւր Պաղտասարեանի պատրաստած երգարանն է։

Ան, արտասահմանի մէջ սկսած եւ քաղաքիս մէջ աւարտած գիրքի երկար պատմութիւնը կ՚ամփոփէ իր նպատակով. “Կ’ուզեմ որ սիրենք ու ապրեցնենք հին եւ նոր այս երգերը, որոնք մեզի կը պատկանին: Այս պատճառով ու նպատակով է որ պատրաստեցի “Մեղեդի” ձայնագրեալ երգարանը, որպէսզի օգնական ըլլայ մեր ուսուցիչներուն: Կը յուսամ եւ կը մաղթեմ, որ այս համեստ գիրքի միջոցաւ երիտասարդներ գաղափար կþունենան Հայ երգահաններու ու իրենց յօրինումներուն մասին: Կը յուսամ որ “Մեղեդի”ի միջոցաւ մեր երախաները, երիտասարդներն ու չափահասները ամրացնեն իրենց կապերը մեր պապենական մշակոյթին հետ”։

Գիրքի գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է Սէլին Պետիկեանի, որ ի մի բերած է Վահէ Պէրպէրեանի “Նռնենի” եւ Ատիս Զարեանի “Կոմիտաս Վարդապետն ու մանուկներ”ը
գծագրութիւնները։
Հատորը, որ ձօնուած է Հայ գիրքի ու տպագրութեան 1600-ամեակին եւ Սիրվարդ Գարամանուկի ծննդեան 100-ամեակին, կը բացուի Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող խօսքով՝ “Սիրել” խորագրով, ապա տեղ կը գրաւէ հեղինակի “Երկու խօսք”ը։ Ի տարբերութիւն այլ հրատարակութեանց, այս հատորին մէջ երկու խօսքերը տեղադրուած են նաեւ անգլերէնով՝ ի դիւրութիւն եւ ի գործածութիւն օտարներու եւս։
Երգարանը կը բաղկանայ 21*29.7 սմ. չափերով 152 էջերէ, որուն առաջին մասին մէջ հեղինակը ամփոփած է աւելի քան յիսուն երգեր, իրենց ձայնանիշերով, ինչպէս նաեւ լատինական տառադարձութեամբ։ Պէտք է նշել, որ այս հատորը պիտի ունենայ իր ուրոյն տեղը Պոլսահայ տպագրութեան պատմութեան մէջ, քանի վերջին աւելի քան հարիւր տարիներու ընթացքին քաղաքիս մէջ լոյս տեսած առաջին լրիւ ձայնագրեալ երգարանն է։ Երգերը ընտրուած են զանազան տարիքներու համար՝ մանկականէն մինչեւ դասական, հոգեւորէն մինչեւ աշխարհիկ։
Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ ընթերցողը կը գտնէ հատորի մէջ առկայ երգերու յօրինողներու ամփոփ կենսագրականներն ու նկարները։ Վերջին բաժնին մէջ տեղ կը գրաւեն հայկական երաժշտական գործիքներու նկարները, նիւթերու ցանկը, հեղինակի շնորհակալական խօսքը եւ այլն։
Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Գերմանիաբնակ Պետրոս Ռոպէր – Անժէլ Գազանճըօղլու ամոլը՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր՝ Սամուէլ Գազանճըօղլուի եւ իրենց եղբօր՝ Կարպիս Պոյաճեանի։
Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

Yorumlar kapatıldı.