Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին, հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած է Նաւասարդ, որ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին որպէս, հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն։ Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ, այդ առթիով կը կատարուէին խրախճանքներ, թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր,նուէրներ, եւայլն…։
Արեւմուտքի մէջ Յունուար 1-ը որպէս ,Նոր Տարի ընդունելութիւն գտած է ԺԴ. դարու վերջաւորութեան։ Հայստանի զանազան շրջաններուն մէջ շարունակուած է Նաւասարդը տօնել, որպէս Նոր Տարի։ Հաւանաբար, 1650-ական թուականներուն, հետեւելով Հռոմէացիներուն, հայերը Նոր Տարին կապեցին Յիսուսի ծննդեան տօնին եւ սկսան տօնել Յունուար 1-ին։
Աւելի վերջ, յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ընդհանրացաւ Ամանորի նոր անունը՝ Կաղանդը, որ կը նշանակէ կանչել-կոչել ամսուան մուտքը(Լատիներէն՝ Կալանդիա, Յունարէն Քալիանս)։ Կան նաեւ հետեւեալ անունները, որոնք նոյն իմաստը ունին,Տարեգլուխ,Տարեմուտ,Ամանոր, Տարեվերջ։
Նոր տարուան նախօրեակին, հայ ժողովուրդին հետ կապուած շատ սովորութիւններ կան, յիշենք հետեւեալները։
Ա)Տօնածառը, Կաղանդ Պապի(Ձմեռ Պատիկ) ներկաթիւնը,որոնք Նոր Տարուան-Կաղանդի խորհրդանիշներն են։
Շատ հին ատէններէն, բոլոր կրօններուն մէջ գոյութիւն ունեցած է ծառի պաշտամունքը։ Հայ ժողովուրդին համար Սօսին եւ Բարտին եղած են «Կենաց Ծառ»։
Հայ կեանքի մէջ «Սօսեաց Անտառը» եղած է Դիցաբանութան հաւատավայրը, որ իր մէջ կը պարփակէր բարօրութեան, առատութեան յատկանիշեր։
Հեթանոսական շրջանին, քուրմերը ամսուան առաջին օրը, ժողովուրդը կը հրաւիրէին պաշտամունքի, ներկայ կ’ըլլային թագաւորներ եւ իշխաններ, շատ շքեղ ձեւով կը զարդարէին մեհեանները։ Ապա, սկսան զարդարել տօնածառը, խնձորով, նուռով, կաղինով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը, բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքներով։
Բ) Ատենօք հայ կեանքի մէջ սովորութիւն էր,կաղանդին եւ Սուրբ Ծննունդին դաղի տղոց Ամաորի ու Սուրբ Ծննդեան տօնի երգերով դաղեցիներու տօնը շնորհաւորել:
Սովորութիւն էր ,Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը եւ Սուրբ Ծննունդի նախօրեակին, որ տղաք խմբովին տունէ-տուն երգելով, պարելով կը պտտէին, դաղեցիներուն ամանորը եւ Սուրբ Ծննունդի տօնը կը շնորհաւորէին,մէկ ձեռքերնին տոպրակ միւսին լապտեր կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ նուէրներ կը խնդրէին եւ բարի մաղթանքներով կը հեռանային։
¬ Շնորհաւոր նոր տարի,շատ տարիներուն մայրիկ:
Անոնք կ’երգէին Նոր Տարուայ հետեւեալ շարականը:
ՄԵԼՔՈՆ ԳԱՍՊԱՐ ԵՒ ՊԱՂՏԱՍԱՐ ԱՒԵՏԻՍ
Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան, աւետիս,
եփէ մայրիկ եփէ թանէլի բիլաֆ
հիմա պապան կուգայ, անօթի ծարաւ
պապային պաստօնը տունը մնացեր
Սօֆիային աչքը դուռը մնացեր…
ՄԱՅՐԻԿ ՇԱՏ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ.
Գ) Կաղանդին եւ Սուրբ Ծնունդի տօնին հայ կեանքի մէջ սովորութիւն էր, սեղանը տօնական յատուկ ուտեսեղէններով զարդարել:
Սեղանը կը զարդարէին եօթը տեսակ ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներ.- Չիր, չամիչ, թուզ, պաստեղ, կաղին, փիլաւ, նուռ, -ճզմուած սիսեռ, ճզմուած ցորեն եւ նաեւ որպէս,ճաշ նաւասարդի կորկոտ, Ղարաբաղի հարիսա, ապուր, քէշկէկ, Պոլսոյ անուշապուր,Պոլսոյ թոփիկ,Հաւ,Աքլոր,Մսեղէն զանազան ճաշեր, Տօլմա,Պլլոր(Սարմա)։
Խմորեղէններ,Կաթա, բոկեղ, կլոճ, տարի հաց, սեղանը կը լուսաւորուէր մոմերով։
Բ) Կաղանդին սովորութիւն է, նաեւ նուէրներու փոխանակումը:
Փոքրիկներուն եւ հարսնցուներուն կը տրուէր նուէր կամ զուարճալի խօսքերով մաղթանք, իսկ մեծերուն՝ շնորհաւորութիւններ, մաղթանքներ։
Բ)Հայ ժողովուրդը ունի նաեւ կաղանդի յատուկ նախապաշարումներ, հաւատալիքներ:
Իւրաքանչիւր հայ բնավայրի շրջան ունէր իր նախապաշարումներն ու հաւատալիքները։ Դեկտեմբեր 31-ին, ամէն տեղ հաց կը թխէին մեծ քանակութեամբ։ Նոր տարին կ’սկսէր նոր թխուած հացով։ Հացի կողքին կը թխուէր նշանաւոր Տարի Հացը, ցորենի ալիւրով, ջուրով կամ կաթով շաղուած բաղարջը։ Տարի Հացը տափակ հաց մըն էր, շերտերու բաժնուած, ընտանիքի անդամներուն թիւով, երեսը զարդարուած էր չամիչով, ընկոյզով եւ զանազան նկարներով գծագրուած խաչով կամ տարուան թուականով։
“Տարի Հաց”ը կը խորհրդանշէ Նոր Տարին,որուն երեսին վրայ կ’երեւէին 12 գիծեր եւ կամ ճիւղաւորումներ,որոնք կը ներկայացնէին տարուան 12 ամիսները: Անոր մէջ կը դրուէր դրամ, իսկ որուն որ ելլէր այդ դրամը, կ’ըլլար բախտաւորը եւ ընտանիքը իր բախտը կը սպասէր որ անկէ գայ։
Վանեցի հայերու երտասարդները Յունուար 1-ին “Տարուայ Հաց” ը կը տանէին աղբիւր ,կը թրջէին հացը եւ կը պահէին մինջեւ տարեվերջ հացակարօտ չմնալու մտադրութեամբ:
Կարնիցի հայրու Ամանորի գիշերը տան պետը,ընդհանարապէս մեծ հայրը հանդիսաւոր դիրքով կը նստէր իր բազմոցի կամ աթոռի վրայ եւ ընտանիքի բոլոր անդամները կարգով կը համբուրէն անոր աջը , իսկ ինք ալ կը համբուրէր անոնոց աչքը եւ անոնց ափերուն մէջ կը դնէր դրամ եւ կամ կաղանդի նուէր մը.
Անատօլուի Արեւելք-Հարաւ շրջանի հայ գիւղերու մէջ երբ որ, Ամանորի գիշեր եկեղեցւոյ կոնչակները կը հնչէր, ոմանք եկեղեցի կը փութային,ոմանք կը նախընտրէին տունը մնալ ,տունի դուռը բաց կը ձգէին ,հին տարուայ չարիքներւ դուրս դնելու եւ նոր տարուայ բարիքներտ ընդունելու համար,Ամանորի կէս գիշերին հայ կտրիճներու հրացանները կ’որոտային փողոցներու մէջ.
Ատենօք հայ գիւղացիներ կը հաւատային որ,ճիշդ կէս գիշերին աղբիւրներ վազող ջուրերու եւ գետերու ջուրի մէջ ոսկի կը հոսին, հետեւաբար , ով~ որ,կրնայ ճիշդ ժամին աղբիւրէն ջուր առնել եւ կամ գետէն ջուր բերել , այդ ջուրը ոսկիի կը փոխուի.
Ընդհանրապէս, Անատոլուի հայ կեանքի Ամանորի գիշեր,տան պետը եւ կամ տան մեծը բաժակը բարձրացնելով կը շնորհաւորէր տան բոլոր անդամներու Ամանորը եւ կ’օրհնէր Ամանորի սեղանը ու կ’արաջարկէր նախ մեղր ուտել, ապա բարի մաղթանքներով զիրար կը շնորհաւորէին տան անդամները.
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Ամանորի գիշեր ժամը 00.30 ին բոլոր եկեղեցիներու մէջ կը կատարուի “Նուռնօհնեք”ի արարողութիւնը: Հայկական աւանդուեան մէջ “Նուռ” ը իբրեւ ազգային խորհրդանիշ կեանքի,ծաղկունքի եւ արատութեան իմաստ ունի:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Yorumlar kapatıldı.