ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Հոկտեմբեր 27, 2015ին մասնակի արդարութիւն մը իրականացուեցաւ երբ, Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Պոլսոյ Պատանեկան Տան»՝ «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») կալուածին մէկ մասը վերադարձուեցաւ իր օրինական տիրոջ՝ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:
«Քեմփ Արմէն»ը տունն էր 1500է աւելի որբերու, որոնց «տունդարձ»ը Անատոլուի խորերէն եւ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը պարտինք Հրանդ Կիւզէլեան անուն հայ աւետարանական հերոսին: Հոն էր որ նահատակ թղթակից Հրանդ Տինք եւ կինը՝ Ռաքել, հանդիպած եւ ամուսնացած էին: Ճամբարը Մայիս 2015ին քանդուելու իրավիճակի մէջ կը գտնուէր:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան տնօրէն Զաւէն Խանճեան վերջերս յատուկ նամակով մը՝ ուղղուած Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի, շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան դրական միջամտութեան եւ դերին՝ «Քեմփ Արմէն»ի մասնակի վերադարձին առումով: Ապա Խանճեան կոչ ըրաւ վարչապետին՝ կալուածին հողերը ամբողջութեամբ վերադարձնելու իր իրաւատիրոջ՝ Հայ աւետարանական եկեղեցիին, որ օրինաւոր կերպով գնած եւ ձեռք բերած էր կալուածը ու կառուցած զայն՝ ճամբարի մանուկներու քրտնաջան աշխատանքով:
Yorumlar kapatıldı.