İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Գլուխը Ողջ Ըլլայ» Իսթանպուլահայ Գրականութեան

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Մարմարա»-ի խմբագրատունէն ուղարկուած տեղեկատուական թղթածրար մը կը գուժէր մահը հոգածու եղբօր մը, սիրելագոյն անձի մը, ազնուական հոգիի մը, իսկական պոլսեցիի մը, ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն, սփիւռքահայ ամէնէն վաւերական բանաստեղծներէն եւ պոլսահայութեան ազգային ջիղն ու գիտակցութիւնը լաւագոյնս դրսեւորող, մեսրոպաշունչ խրամատի առաջամարտիկ` Արթօ Ճիւմպիւշեանը. գրական անունով` Զարեհ Խրախունին:

 Պատկառելի բանաստեղծի, արձակագիրի, յուշագիրի, թատերագիրի, թարգմանիչի, լեզուական պատշաճեցումի վաստակներուն առընթեր, Խրախունին ունէր նաեւ պատկառելի մանկապատանեկան պատշաճեցումի հարուստ արտադրութիւն: Դասաւորուած աշխատանքի եւ աշխատաժամի հաւատարիմ բանաստեղծը յատուկ ջանադրութեամբ կը վերականգնէր Վարուժանի եղերական մահուամբ ընդհատուած հայ գրականութեան ազգային-աւանդական գիծը եւ կու տար յատկանշական ստեղծագործութիւններ:  Հակառակ իր նշանակալի ներդրումին, հրատարակուած բներգական հատընտիրներու մէջ տեղ չէր տրուած «Ստուեր եւ արձագանգ»-ի եւ մանաւանդ «Հոգեհանգիստ»-ի անզուգական հեղինակին:
Խրախունիին մտերմութեան վայելքը առանձնաշնորհում նկատած, փոխան յաւուր պատշաճի արտայայտութեան, կը համարձակիմ մէջբերել իր 26 նոյեմբեր 2006 թուականակիր նամակէն հատուած մը, ուր Խրախունին խրախունիական ոճով մը կը ներկայացնէ իր գրական վաստակն ու հաւատամքը –
«Յիրաւի, 18 տարեկանէս ի վեր, երբ Մխիթարեան լիսէն աւարտեցի Դ. Վարուժանի մասին շուրջ 25 վայրկեան տեւող աւարտաճառ մը կարդալով, իտէալս եղաւ անոր ուղղութիւնն ու գործը շարունակել, միաւորելով Վ. Թէքէեանի սահուն, հանգիստ, տեղ տեղարձականման ոճին հետ:
«Ես ոչ ոքէ «գոփի քաշեցի» … նորարարութիւններ փորձեցի` առանց ոեւէ մէկը ընդօրինակելու, պարզապէս` դարուն յառաջընթացին հետ քայլ պահելու եւ մեր լեզուին արտայայտութեան միջոցները զարգացնելու համար:  Միշտ հաւատացի բանաստեղծութեան մտքի ու մշակոյթի հիմնական սնունդներէն մէկը ըլլալուն, եւ ջանացի հեռու պահել զայն սրամտութեան կամ զուարճախօսութեան պատառիկներ ըլլալը, – որքան ալ քաղցրահամ ու հաճելի ըլլան անոնք:  Բայց հիմա ափսոսանքով կը տեսնեմ, որ – բացի մէկ ձեռքի մատներու վրայ համրուող քանի մը բանիմաց ու անաչառ հոգիէ – գրեթէ ոչ ոք կ՛անդրադառնայ իմ այս կեցուածքին ի ողջութեան, որ մեր դպրութեան մայր հոսանքին պաշտպանութիւնն ու առաւել խորացումն ու ընդարձակումն է, փոխանակ` խոտորեցումի եւ ճապաղեցումի»:

Yorumlar kapatıldı.