Քանի մը օր առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն» հատորը, զոր երկասիրած է Գրիգոր Հ. Գալուստեան (Կիլիկեցի)։ Այս նոր հրատարակութիւնը «Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» շարքին Թ. հատորն է։ Շարքը նախաձեռնութիւնն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին։
Զէյթունի առնչուածութիւնը Մարաշի պատմութեան՝ հետաքրքրական է, եւ կը բացատրուի անով որ, ան մերձակայքը գտնուելով Մարաշի, իր հերոսական մարտնչումներով, եւ շրջապատին հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններով՝ միաձուլուած է շրջանի պատմութեան։ Ահա թէ ինչու հատորին մէջ ընդարձակ տեղ գրաւած է Զէյթունը։
Այս վերահրատարակութիւնը մեծադիր 1135 էջերէ կը բաղկանայ։ Հարուստ բովանդակութեան վրայ, այս անգամ եկած են աւելնալու տեղանուններու, անձնանուններու եւ այլ բնոյթի ցանկեր, որոնք այնքան կարեւոր են նման աշխատասիրութիւններու համար։ Ինչպէս նախորդներուն, շարքին իններորդ հատորին խմբագիրն է Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան։
Վերահրատարակուած հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած են Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեանները, ի յիշատակ իրենց մարաշցի հօր՝ Զաւէն Տէր Պետրոսեանի։
Շարքին յաջորդ հատորները պատրաստութեան մէջ են արդէն եւ հերթաբար լոյս պիտի տեսնեն։
Yorumlar kapatıldı.