Այսու խոր յուզումով մերազն ժողովուրդին կը յայտնենք թէ՝ Էսայեան եւ Կեդրոնական Վարժարաններու երբեմնի ուսուցիչ, յայտնի մտաւորական եւ գրչի մշակ, յօդուածագիր եւ բազմահատոր բանաստեղծութիւններու հեղինակ, Պատրիարքական Աթոռոյս զանազան հրատարակութիւններու աշխատակից՝ ՏԻԱՐ ԱՐԹՕ ՃԻՒՄՊԻՒՇԵԱՆ (ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ) իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց 27 Նոյեմբեր 2015, Ուրբաթ, յետ միջօրէին։
Հանգուցեալը պարգեւատրուած էր, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ», Պատրիարքական Աթոռոյս «Պատուոյ Ա. Կարգի», Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշաններով։ Արժանացած էր Համազգային «Անահիտ» գրական, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի, Ֆրանսահայ Գրողներու «Էլիզ Գաւուքճեան-Այվազեան» գրական, «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակներուն։ Իր գրական վաստակը արժանացած էր նաեւ օտարներու գնահատանքին։
Նկատի ունենալով հանգուցեալին երախտաշատ վաստակն ու արժանիքները, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոսպոսի տնօրինութեամբ, ի յարգանս բարեյիշատակ գրչի մշակին կազմակերպուած է Ազգային Յուղարկաւորութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 3 Դեկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին։
Կը հրաւիրուին Աթոռոյս հոգեւորական դասը, համայնքային եւ թաղային մարմինները, դպրաց դասերը, կրթական եւ գրչի մշակները, մատուցանելու իրենց յարգանքի տուրքը Մեսրոպեան աւանդի անխոնջ սպասաւորին, որուն կեանքը եւ գործունէութիւնը պատուով կ՚արձանգրուի Հայ գրականութեան պատմութեան եւ ի մասնաւորի Պոլսահայ դպրութեան ու մշակութային տարեգրութեանց մէջ։
«Ընկալ մարդասէր տէր, աղաչեմք զքեզ՝ զհոգի սորա ընդ սուրբս քո ՚ի հանգստեանն արդարոց. եւ թուեա ի համարս սրբոց քոց ՚ի ձեռն փրկութեան միածնի քո, եւ նորոգութեան հոգւոյդ սրբոյ»։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Yorumlar kapatıldı.