Սօսի Միշոյեան – Տապպաղեան ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը գրէ.
Երէկ գիշեր ( 27 Նոյեմբեր,2015) իր մահկանացուն կնքեց 89 ամեայ պոլսահայ վաստակաւոր բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին: Ազատատենչ ոգիով տոգորուած բանաստեղծ էր Խրախունի: Դեռ վերջերս, իր « Ստուեր եւ Արձագանգ» ժողովածուն կ’ընթերցէի եւ հայու ճակատագրին համար տառապողի մը կերպարը կ’ուրուագծուէր մտապատկերիս դիմաց:
Բանաստեղծը հայոց պատմութիւնը վերակոչելով իր երեւակայութեամբ մատնանիշ կ’ընէ թէ’ օտարին նուաճողական կեցուածքը եւ թէ’ հայու բախտն ու պատմական հերոսներուն սխալները : Տեղ մը հեգնանքով կը դիմէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ըսելով. « Ապրի հայը, որ գիտէ լռել միայն- օտարին դիմաց Որ գիտէ կրել միայն- օտարին համար մինչդեռ անոնք մէկ բառ գիտեն Մէկ բառ կ’ուզեն- տիրել միայն»: Ո՞վ չյիշէր դպրոցական գրասեղաններուն ետին նստած ու յաճախ կրկնած իր « Այս Ծառը Սուրբ » հայ ժողովուրդի անմահութիւնը խորհրդանշող բանաստեղծութիւնը: Ծառ տնկեցէք եղբայրներ կաղնի սօսի եղեւին Պարտէզին մէջ – դաշտերուն Լերան վրայ – ժայռերուն քարքարուտին ապառաժին Ձեր թաղարին սովորական կամ սեղանին ամէնօրեայ Ծառ տնկեցէք – պիտի բռնէ անպայման – Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ Պիտի երկինք բարձրանայ Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն որոնք կուգան աշխարհի չորս ծագերէն ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար – ալեւոր… Օ՜ տնկեցէք Ամուր ձեռքով խնամեցէք զարդարեցէք պաշտպանեցէք պաշտեցէք Ազատութեան ծառն է այս …: Իր գրչակից Զահրատին նման սովորական առարկաները մարմնաւորելու, անձնաւորելու ու կեանք ու ոգի ներշնչելու կարողականութեամբ ու արուեստի նուրբ ճաշակով կը ստեղծէ այլաբանական բանաստեղծութիւններ:
Ահա տեսէք սովորական ծխամորճին դիմելով ինչպիսի խորունկ այլաբանական մտքեր կը հաղորդէ բանաստեղծը: Երկուքիս ալ Փայտին տեսակը լաւ է- Լաւ մը տաշուած նրբացած Գոյն ջնարակ անթերի Ոչ այնքան մեծ, ոչ այնքան փոքր Լայն չէ նեղ չէ- կատարեա’լ Ինչ որ պէտք է վերջապէս… Բայց նորէն ալ Ատեն ատեն կը բարկանամ Կը նախանձիմ, կ’անիծեմ Ծխամորճիս չա’փ ալ չկամ ես – կ’ըսեմ Երբ կը տեսնեմ թէ չ’այրիր Իր մէջ վառող կրակէն: Քանի կաղանդը կը մօտենայ կ’ուզեմ յիշատակել հոս նաեւ իր բարեմաղթանք – Երգը Կաղանդի Մեծ ու պզտիկ մանչ ու աղջիկ- ամէն մարդ Հոգին լեցուած աչքերն յորդած ուրախութեան ծովերով Եթէ վազէ’ թեւաբաց Ողջագուրէ ո’վ որ ելլէ իր դիմաց Զայն համբուրէ սիրարբած- տօնէ’ այդ օրն անմոռաց ու կանչէ. Ազատութիւն, Խաղաղութիւն Ուրախութիւն եղբայրներ Օ՜ այն ատեն – իրաւ որ Կաղանդ կ’ըլլայ ամէն մարդու ամէն օր:
Խաղաղութեան ,ազատութեան, ուրախութեան ջատագով սիրելի’ բանաստե’ղծ, դուն որ « Հոգեհանգիստ» երգեցիր բոլոր անոնց, որ գերեզման չունեցան, Աղօթք ու արցունք բաշխեցիր «բոլոր անոնց որ աշխարհով մէկ ցրուած լքուած մնացին» Խաչ ու խորան եղար այն «հաւատքին համար,որ աւերակ հին տաճար մ’է դեռ կանգուն…» Անդորրութիւն բաշխող սիրելի’ վարպետ թող հողը թեթեւ գայ վրադ եւ հոգիդ խաղաղութեան մէջ ննջէ:
Yorumlar kapatıldı.