İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

23 Նոյեմբերին Հռենոսեան Շրջանի Բողոքական եկեղեցւոյ նախագահ պատուելի Մանֆրէտ Րէքովսքի սոյն եկեղեցւոյ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Առաջնորդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ: Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանը, հիւրաբար Քէօլն գտնուող Գերշ. Նորվան Արքեպս. Զաքարեանի եւ Թեմական Խորհուրդի անդամներու հետ միասին ողջունեց հիւրերը Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը Առաջնորդ Սրբազանի եւ Պատուելի Րէքովսքիի նախագահութեամբ: 


ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ

DIՃZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 KՓln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
 www.armenische-kirche.de, E-Mail: info@armenische-kirche.de


 23 Նոյեմբերին Հռենոսեան Շրջանի Բողոքական եկեղեցւոյ նախագահ պատուելի Մանֆրէտ Րէքովսքի սոյն եկեղեցւոյ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Առաջնորդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան
100ամեակի առթիւ:
Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանը, հիւրաբար Քէօլն գտնուող Գերշ. Նորվան Արքեպս. Զաքարեանի եւ Թեմական Խորհուրդի անդամներու հետ միասին
ողջունեց հիւրերը Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը Առաջնորդ Սրբազանի եւ Պատուելի Րէքովսքիի նախագահութեամբ: 
Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան առթիւ, յիշեցնելով սաղմոսերգու խօսքերը. “Ահա որչափ բարի ու որչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միասնութեամբ բնակին” եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բողոքական եկեղեցւոյ
համերաշխ կեցուածքին եւ աջակցութեան 100ամեակի առթիւ: Պատուելի Րէքովսքի իր քարոզին մեջ մասնաւորապէս շեշտեց ցեղասպանութեան ճանաչման
կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Քէօլնի միջեկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Րայնէր Ֆիշէր եւ փոխատենապետ Րայնէր Վիլը:

Յետ արարողութեան համայնքի Գրադարանի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը հիւրերու ի պատիւ, ուր Թեմական Խորհուրդի անդամ Տիար Նորայր Պօյաճեան ողջոյնի խօսք ուղղեց հիւրերուն եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Գերմանահայոց Թեմի եւ անոր գործունէութեան մասին: Ապա Հռենոսեան Շրջանի Բողոքական եկեղեցւոյ նահանքային պետութեան մօտ ներկայացուցիչ Պատուելի Վէքէլմանն ընթերցեց Նահանքային Խորհուրդի Նախագահ Տիկին Քարինա Կէօտէքէի ողջունի խօսքը: Կէօտէքէ իր խօսքին մէջ կը նշէր. “Մարդկութիւնը անցեալ դարի մէջ երեք ողբերգութիւն ապրեցաւ. նազիներու բարբարոսութիւններէ եւ սթալինիզմէ առաջ հայերը զոհ եղան 20. դարի առաջին ցեղասպանութեան” …
“Մարդկութիւնը սակայն չ՛ուզեր իր ահաբեկչական սխալներէն դաս հանել եւ կը կրկնէ զանոնք: Մեր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է յիշել,
որովհետեւ, ինչպէս Պապ Ֆրանցիսկոս կ՛ըսէ. ուր որ յիշողութիւն չկայ, հոն չարը կը շարունակէ արգելք ըլլալ վերքերու բուժման”:

Քէօլն, 24.11.2015 Դիւան Առաջնորդարանի

file:///C:/Users/User/Downloads/Haghortakrutyun%2011-15-2.pdf

Yorumlar kapatıldı.