İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համաստեղ (1895 -1966). Բարի եւ Ազնուական Հայուն Բանաստեղծը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
Այս տա­րի լրա­ցաւ ծննդեան120-ա­մեա­կը սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւո­րա­գոյն դէմ­քե­րէն ­Հա­մաս­տե­ղի, որ 49 տա­րի ա­ռաջ, 1966ի այս օ­րը՝ ­Նո­յեմ­բեր 26ին, ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ ի­րեն նո­ւի­րո­ւած յո­բե­լի­նա­կան հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, երբ օ­րո­ւան եզ­րա­փա­կիչ ե­լոյ­թը կ­’ու­նե­նար, բե­մին վրայ յան­կար­ծա­մահ ին­կաւ ու չկրցաւ ամ­բող­ջաց­նել իր սրտի խօս­քը։

Հայ հո­ղին ու գիւ­ղին, հայ գիւ­ղա­ցիին եւ տոհ­միկ հա­յու­թեան, ա­կա­մայ պանդխ­տու­թեան եւ հայ­րե­նա­հան սփիւռ­քի մէջ յայտ­նո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դին, մեծ աշ­խար­հին հետ քայլ պա­հե­լու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ ա­րա­րող հա­յոց փոքր ա­ծո­ւին, բա­րի եւ ազ­նո­ւա­սիրտ հա­յուն, մէկ խօս­քով՝ ­Հայ ­Հո­գիին ի­մաս­տուն եր­գի­չը ե­ղաւ ­Հա­մաս­տեղ։
ՅետԵ­ղեռ­նեան շրջա­նի հայ ժո­ղո­վուր­դին տա­րա­գիր բազ­մու­թիւն­նե­րը, աշ­խար­հի ո՛ր ծա­գին ալ յայտ­նո­ւե­ցան, հայ­րե­նի ի­րենց ար­մատ­նե­րուն եւ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան տէր կանգ­նե­լու ա­մէ­նէն հա­րա­զատ եւ վա­ւե­րա­կան կան­չը ստա­ցան ­Հա­մաս­տե­ղի գրա­կա­նու­թե­նէն։
Տա­րեց թէ պա­տա­նի, հայ­րե­նա­մերձ գօ­տի­նե­րը ին­կած թէ հե­ռա­ւոր ա­փեր տարտղ­նո­ւած հա­յու բե­կոր­նե­րը ի­րենց սրտին եր­գը, մտքին լոյ­սը եւ հայ­կա­կա­նու­թեան համն ու հո­տը գտան ­Հա­մաս­տե­ղի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն եւ պատ­մո­ւածք­նե­րուն մէջ։ ­Սի­րե­ցին ու կա­պո­ւե­ցան ա­նոր եւ, ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րով, հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ժո­ղովր­դա­կան տա­ղան­դի պա­տո­ւան­դա­նին ար­ժա­նա­ցու­ցին ­Հա­մաս­տե­ղը։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Համ­բար­ձում ­Կէ­լէ­նեան՝ ան ծնած էր ­Խար­բեր­դի մեծ գիւ­ղե­րէն ­Փեր­չէն­ճի մէջ, 1895ին։ Ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին իր ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ ­Հա­մաս­տեղ պի­տի շեշ­տէր, Փեր­չէն­ճի հողն ու եր­կին­քը, մար­դիկն ու ա­նա­սուն­նե­րը ի­րենց նմա­նը չու­նէին ո­րե­ւէ այլ տեղ. իւ­րա­յա­տուկ եւ անկրկ­նե­լի էին
Գիւ­ղա­կան դպրո­ցը ա­ւար­տե­լէ ետք, ­Հա­մաս­տեղ իր ու­սու­մը ստա­ցաւ ­Խար­բերդ նա­հան­գի մեծ քա­ղաք­նե­րէն ­Մե­զի­րէի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ ա­շա­կեր­տե­լով հայ գիւ­ղագ­րու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Թլ­կա­տին­ցիի եւ հայ բա­նաս­տեղ­ծա­շունչ ար­ձա­կի վար­պետ­նե­րէն ­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեա­նի, ո­րոնք ­Հա­մաս­տե­ղի մէջ ցա­նե­ցին բարձ­րո­րակ ու ար­գա­սա­բեր սեր­մե­րը նրբա­հիւս հա­յե­րէ­նի եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճա­շա­կի։
1911ին ա­ւար­տեց ­Կեդ­րո­նա­կա­նը, տա­րի մը ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ իր ծննդա­վայ­րի գիւ­ղա­կան դպրո­ցին մէջ եւ 1913ին մեկ­նե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ՝ միա­նա­լու հա­մար տա­րի մը ա­ռաջ հոն պան­դուխտ գա­ցած հօ­րը։ Այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ մահ ­Հա­մաս­տեղ ապ­րե­ցաւ ու ստեղ­ծա­գոր­ծեց ­Նիւ Եոր­քի մէջ, ո­րու բազ­մազ­գեան մեծ քա­ղա­քի խայ­տաբ­ղէտ ու խա­ժա­մուժ մթնո­լոր­տը չկրցաւ կլա­նել հայ­րե­նի հո­ղին ու ջու­րին, հայ գիւ­ղա­ցիին եւ ա­նոր պարզ ու վճիտ բա­րու­թեան պաշ­տա­մուն­քով եւ ան­մար յի­շո­ղու­թեամբ բա­բա­խուն ­Հա­մաս­տե­ղի սիրտն ու միտ­քը։
Ինչ­պէս որ իր մտե­րիմ­նե­րը եւ կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, նոյ­նինքն ­Նիւ Եոր­քի մէջ ­Հա­մաս­տեղ ստեղ­ծեց իր «­Հա­յաս­տան»ը, տան պար­տէ­զը մշա­կեց եւ հո­ղա­գոր­ծու­թիւ­նը դար­ձուց կեան­քի վա­յելք­նե­րէն մէ­կը։ Գ­տաւ նաեւ իր աշ­խար­հա­յեացքն ու հա­յու յու­զաշ­խար­հը լիո­վին կի­սող կեան­քի ըն­կե­րը՝ Սըր­բու­հի ­Հա­մաս­տե­ղը, ո­րուն հետ ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի ի­րենց կեան­քը լե­ցու­ցին հան­րա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ ի­րենց եր­կու դստրե­րուն ալ վա­րա­կե­լով հա­յա­շունչ ա­ռօ­րեա­յով։ ­Հա­մաս­տե­ղի գրա­կան տու­նը դար­ձաւ ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք»ը, ո­րուն է­ջե­րուն՝ օ­րա­թերթ ե­ղած ժա­մա­նակ, 1917ին, լոյս տե­սան ­Հա­մաս­տե­ղի ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներն ու պատ­մո­ւածք­նե­րը։ Իսկ 1922էն ետք, երբ ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի խմբագ­րու­թեամբ սկսաւ «­Հայ­րե­նիք Ամ­սագ­րի» հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, ­Հա­մաս­տեղ դար­ձաւ ա­նոր մնա­յուն աշ­խա­տա­կի­ցը՝ միա­ժա­մա­նակ հան­դի­սա­նա­լով ա­մէ­նէն ա­ւե­լի կար­դա­ցո­ւող ու փնտռո­ւած ստո­րագ­րու­թիւ­նը։
Ինչ­պէս որ իր գրա­կա­նու­թեան մէջ ի­րաւ ար­ժէք­նե­րու ան­դա­ւա­ճան փա­րած հե­ղի­նա­կը մնաց, այն­պէս ալ ազ­գա­յինհան­րա­յին կեան­քի մէջ, ե­րի­տա­սարդ իր տա­րի­քէն, ­Հա­մաս­տեղ ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­ւա­տա­ւոր գոր­ծիչ­նե­րէն, որ իր լայ­նա­խո­հու­թեամբ եւ ազ­նո­ւա­կա­նու­թեամբ սի­րո­ւե­ցաւ ու յար­գո­ւե­ցաւ նաեւ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ, նոյ­նիսկ այն տա­րի­նե­րուն, երբ միջկու­սակ­ցա­կան վէ­ճերն ու հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը անշնչե­լի դար­ձու­ցած էին հայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։
Հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րուն միաս­նա­կան գնա­հա­տան­քին եւ գուր­գու­րան­քին ի­րա­ւա՛մբ ար­ժա­նա­ցաւ ­Հա­մաս­տեղ, ո­րով­հե­տեւ բո­լո­րի սրտին ու մտքին հա­րա­զատ՝ վա­ւե­րա­կա՛ն բա­բա­խու­մը խտա­ցած էր մեծ բա­նաս­տեղ­ծին ազ­գա­յին մէկ ու միակ պատ­գա­մին մէջ՝
«Ա­րիւ­նով գծո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս է, որ սերմ­նա­ցա­նը բու­ռը կը լեց­նէ՝ ցո­րե­նի սեր­մե­րը նե­տե­լու։ ­Մեծ համ­բե­րու­թիւ­նով եւ զո­հո­ղու­թիւ­նով աշ­խա­տանք տա­րո­ւած է ար­դէն քա­րե­րը մաք­րե­լու։ ­Մենք կը հա­ւա­տանք հո­ղի բա­րու­թիւ­նով մեր ժո­ղո­վուր­դի խա­ղաղ եւ համ­բե­րա­տար աշ­խա­տան­քին։ Ան ար­տը պի­տի դար­ձնէ բեր­րի ու բար­գա­ւաճ»։
Հա­մաս­տեղ ան­խոնջ ստեղ­ծա­գոր­ծող էր եւ «­Հայ­րե­նիք»նե­րու թէ հայ մա­մու­լի այլ պար­բե­րա­կան­նե­րու է­ջե­րուն լոյս տե­սած իր գոր­ծե­րը ա­ւե­լի քան եօ­թը մե­ծա­դիր հա­տոր­ներ կը կազ­մեն։ Իր ա­ռա­ջին գոր­ծե­րը՝ «­Գիւ­ղը», «Անձ­րեւ»ը եւ «­Քաջն ­Նա­զար եւ 13 պատ­մո­ւածք­ներ» հա­տոր­նե­րը 1920ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն ար­դէն հրա­տա­րա­կո­ւած էին՝ հե­տա­գա­յին ար­ժա­նա­նա­լով մէ­կէ ա­ւե­լի վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեանց։ Իր մե­ծա­գոյն ե­րազն էր ամ­բող­ջաց­նել 1920ա­կան­նե­րուն սկսած «Ս­պի­տակ ­Ձիա­ւո­րը» երկ­հա­տոր վէ­պը, որ 1950ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ։ ­Բա­նաս­տեղ­ծա­կան իր ժա­ռան­գու­թեան յի­շար­ժան գոր­ծե­րը կը հան­դի­սա­նան «Այ­ծե­տո­մար» եւ «Ա­ղօ­թա­րան» հա­տոր­նե­րը։ Իսկ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, ծննդեան 70ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թով, ­Հա­մաս­տեղ ամ­բող­ջա­ցուց եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ը լոյս ըն­ծա­յեց «Ա­ռա­ջին ­Սէ­րը» վի­պա­կը։
Պէտք է կար­դալ եւ ըմ­բոշխ­նել ­Հա­մաս­տե­ղի գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ լիար­ժէք պատ­կե­րա­ցում կազ­մե­լու հա­մար հայ գրա­կա­նու­թեան այս ան­զու­գա­կան աս­պե­տին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան մա­սին։
Հա­մաս­տե­ղի տա­րա­բախտ վախ­ճա­նը ա­րա­գա­ցաւ, երբ 1965ի ­Մար­տին կորսն­ցուց իր կեան­քի ըն­կե­րը՝ Սր­բու­հին, ո­րուն մա­հո­ւան պատ­ճա­ռած վիշ­տը ուղ­ղա­կի հի­ւան­դա­ցուց ­Հա­մաս­տե­ղի սիր­տը։ Ար­դէն քա­նի մը ան­գամ թե­թեւ ուժգ­նու­թեամբ սրտի կա­թո­ւած­ներ ան­ցու­ցած էր այ­նու­հե­տեւ, երբ յո­բե­լի­նա­կան տա­րո­ւան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­լու հա­մար շրջա­գա­յե­ցաւ տար­բեր նա­հանգ­ներ, մին­չեւ որ ­Նո­յեմ­բեր 26ին, ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ յո­բե­լի­նա­կան հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, բե­մին վրայ իր ար­տա­սա­նած խօս­քը չկրցաւ ամ­բող­ջաց­նել եւ այդ­պէս, յան­կար­ծա­կի, վեր­ջին հրա­ժեշ­տը տո­ւաւ իր պաշ­տած ժո­ղո­վուր­դին։
Մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­խառն պաշ­տա­մուն­քով սի­րեց ու փա­րե­ցաւ ­Հա­մաս­տե­ղի գրա­կա­նու­թեան եւ հա­յոց մե­ծա­մեծ ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ լու­սա­ւոր աստ­ղի ան­մար փայլ­քին ար­ժա­նա­ցուց ­Հա­մաս­տեղ ա­նունն ու ժա­ռան­գու­թիւ­նը բա­րի եւ ազ­նո­ւա­կան ­Հա­յու ինք­նա­տիպ այս եր­գի­չին։
Հա­մաս­տե­ղի ան­մահ յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լով՝ այ­սօ­րո­ւան մեր նե­րաշ­խար­հը կը ջեր­մաց­նենք «­Հա­յու Ո­գին» քան­դա­կող իր բա­նաս­տե­ղու­թե­նէն քա­նի մը հա­տո­ւա­ծի ըն­թեր­ցու­մով.-
Մի հարց­նէք ի՞նչ է, ո՞ւր է,
Ո՞ւր­կէ կու գայ ­Հա­յու ո­գին:
Ինչ­պէս ա­րեւն է հուրհ­րան,
Ինչ­պէս կա­նանչն է դաշ­տե­րուն,
Ա՜յ ճիշդ այդ­պէս, ա­մէն տեղ է
Հա­յու ո­գին:
Մեր հո­վե­րուն, մեր լեռ­նե­րուն
Մեր դաշ­տե­րուն հո­սող ա­ռո­ւի
Կան­չին հետն է
Հա­յու ո­գին:
Մեր լե­զուն է ա­րե­ւա­վառ որ թէ՛ մար­մին, թէ՛ հո­գի է.
Կը բաշ­խո­ւի որ­պէս նշխարհ, որ­պէս հա­ղորդ ու նկա­նակ:
Կը բաշխ­ւի որ­պէս մար­մին, որ­պէս գի­նի,
Գի­նի ու մաս՝
Հա­յու ո­գին:
Այդ ո­գին է որ կը գաղ­թէ, կ­’ել­լէ ճամ­բայ
Մեր երկն­քէն ու մեր հո­ղէն, ու կը գտնէ
Ուր ­Հա՛յ մը կայ ու ա­նոր հետ զրոյց կ­’ը­նէ:
Ան կը ժպտի, ան կը տխրի, ու ա­նոր հետ ար­ցո՛ւնք կու լայ:
Ու կը հսկէ որ ոչ մէկ ­Հայ չըլ­լա՛յ շե­ղի էն լոյս ճամ­բէն:
Մեր հո­գիի էն լո՛յս ճամ­բէն, որ մեր հո­ղին
Ու երկն­քին մեզ կը տա­նի
Հա­յու ո­գին:
Ինչ ալ ը­սենք, բայց դեռ քիչ է,
Ի՞նչն է ի­րաւ հա­յու ո­գին:
Ե­թէ նա­յիք ձեր հոգ­ւոյն մէջ,
Պի­տի գտնէք մեր պա­պե­րէն բազ­մու­թին մը.
Պի­տի գտնէք սա­ղա­ւար­տեայ բա­նակ մը հին.
Պի­տի գտնէք ի­մաս­տու­թիւնն ու ճրա­գը մեր վան­քե­րուն:
Ձեր հոգ­ւոյն մէջ պի­տի գտնէք
Ձեր լեռ­նե­րուն ու ժայ­ռե­րուն մէջ թաք­նո­ւած,
Ար­ձա­գան­գի պէս թաք­նո­ւած,
Հա­յու ո­գին:

Yorumlar kapatıldı.