15 Փետրուար 1885ին ծնած էր հայ ժողովուրդի գրական մեծ տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակը, որ միայն 30 տարի ապրեցաւ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս, այլեւ խոստմնալից տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ թուրք ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց անոր կեանքին թելը։
Կանխահաս տաղանդ էր Ռուբէն Սեւակ, որովհետեւ քսան տարեկանին արդէն, սիրային քերթուածներով հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած պահէն սկսեալ, ան նոր հորիզոններ բացաւ հայ մտքին ու հոգիին առջեւ։ Էապէս բանաստեղծական զգայնութեամբ երկնեց իր ստեղծագործութիւնները՝ սիրային քերթուածներ ըլլան անոնք թէ մարդկային անարդարութեան դէմ պոռթկացող արձակ էջեր, բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած յուշ-պատումներ ըլլան անոնք թէ հրապարակագրական ջղուտ ու գաղափարապաշտ ելոյթներ։
Շնորհազարդ տաղանդ մը եղաւ Ռ. Սեւակ, որ ՄԵԾ ՊԱՏԳԱՄի տէր էր եւ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր ոչ միայն հայ գրականութեան եւ հայ մտքի անդաստանին, այլեւ հանուր մարդկութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան։
Միայն 23 տարեկան էր, երբ ի տես թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող հետեւողական կոտորածներուն՝ ի լուր մարդկութեան հետեւեալ պոռթկումը պիտի ունենար Օգոստոս 1908ին.
«Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր՝ ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն-արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ… մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ… մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ եւ ապրիլ ձեւացնել… ահա՛ դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ, ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չþըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»։
Ա՛յս խորութեամբ Ռուբէն Սեւակ ընկալեց Հայոց Արհաւիրքը եւ անոր ընդմէջէն երգեց ողջ մարդկութեան ցաւն ու տառարանքը, ընդվզումն ու ցասումը։
Բանաստեղծ, արձակագիր ու մտաւորական աշխոյժ գործիչ էր Չիլինկիրեան Յովհաննէսի որդի Ռուբէնը, որ 1905ին, քսան տարեկանին, իր առաջին քերթուածները լոյս ընծայեց Ռուբէն Սեւակ ստորագրութեամբ։
Ծնած էր Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի գիւղը։ Ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի յաճախած է Պարտիզակի Ամերիկեան դպրոցը, իսկ 1901ին ընդունուած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1905ին եւ ղրկուած է Լօզան՝ տեղւոյն համալսարանի բժշկական ճիւղին հետեւելու համար։
Լօզանի ուսանողական տարիները հանդիսացան Ռուբէն Սեւակի ինչպէս բժիշկի փայլուն մասնագիտացման, նոյնպէս եւ գրական-ստեղծագործական ինքնահաստատման բեղուն գործունէութեան շրջան։ Դասերու կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ազգային-հասարակական կեանքին՝ յատկապէս Լօզանի Արմենիա ուսանողական միութեան ճամբով։ Միաժամանակ զարկ տուաւ գրական իր ստեղծագործութեանց՝ սիրոյ, ընկերային ցաւերու եւ հայ ժողովուրդի ազգային տառապանքին նուիրուած իր բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով պոլսահայ մամուլի էջերուն։ Յատկապէս 1909ի Ատանայի կոտորածը ծանրագոյն խոց պատճառեց Ռուբէն Սեւակ բանաստեղծին, որ ազգային ընդվզումի, բողոքի ու պայքարի խորախորհուրդ յուզաշխարհ մը հայ գրականութեան յանձնեց 1910ին հրատարակուած իր առաջին գրքոյկով՝ «Կարմիր գիրքը» խորագրին տակ։ «Ջարդի Խենթը», «Թրքուհին» եւ «Մարդերգութիւն» խորագրուած երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէ բաղկացած իր այս գործով՝ Ռուբէն Սեւակ թարմ շունչ բերաւ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բացած ու հարթած ազգայնաշունչ բանաստեղծութեան, ինքնատիպ ոճով խոհական ներհայեցութեան ուղղութիւնը բանալով։
Ռուբէն Սեւակ 1911ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուեցաւ բժիշկ եւ աշխատանքի անցաւ Լօզանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Բժշկական իր ծառայութեան շրջանին ծանօթացաւ ու կապուեցաւ գերմանուհի Եանի Ապէլի հետ. ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակ՝ Լեւոն եւ Շամիրամ։ Սեւակ փաստօրէն հայացուց գերմանուհին, որ ոչ միայն անվարան հետեւեցաւ իր ամուսինի ընտրած կեանքի ուղիին (հակառակ գերմանացի իր ծնողքին դրած արգելքին, Եանի Ապէլ 1914ին Սեւակի հետ հաստատուեցաւ Պոլիս), այլեւ՝ հայօրէն մեծցուց Սեւակի զաւակները բանաստեղծին նահատակութենէն ետք։
Ռուբէն Սեւակ չուզեց ապրիլ Լօզանի հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ։ Վերադարձաւ Պոլիս ու ամբողջապէս նուիրուեցաւ գրական-հասարակական եռուն գործունէութեան, բայց թրքական պետութեան ցեղասպանական հարուածը պոկեց կեանքին թելը նաեւ հայ գրականութեան անդրանիկ մեծն Սեւակին։
1911էն սկսեալ, բանաստեղծութեանց կողքին, ան ձեռնարկեց արձակի եւ, «Բժիշկի գրքէն փրցուած էջեր» ընդհանուր վերտառութեան տակ, Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն լոյս ընծայեց իրական կեանքէ վերցուած պատմուածքներ՝ իբրեւ արձակագրի իր տաղանդը հաստատելով։ Բժիշկի իր կենսափորձէն վերցուած պատկերներով՝ Ռուբէն Սեւակ գեղարուեստական բարձրարժէք մշակումի արժանացուց ե՛ւ անբուժելի հիւանդութեանց մատնուած մարդոց մահուան դէմ մղած բուռն պայքարն ու կեանքի անհուն սէրը, ե՛ւ պանդխտութեան մէջ հիւանդացած ու մահացող հայ մարդոց ազգային, ընկերային եւ մարդկային ողբերգութիւնը, ե՛ւ սիրոյ անմար կրակով տոչորուած պարզ մարդոց անսահման յուզաշխարհը։
Իբրեւ այդպիսին՝ այդ պատմուածքները Ռուբէն Սեւակ արձակագրին ապահովեցին նոյնքան լիարժէք պատուանդան՝ բանաստեղծի բարձունքին կողքին։
Պոլիս հազիւ հաստատուած՝ Ռուբէն Սեւակ դէմ յանդիման գտնուեցաւ իթթիհատական կառավարութեան ձեռնարկած հայ քաղաքացիներու զօրակոչին։ Զինուորագրուեցաւ օսմանեան բանակին իբրեւ բժիշկի եւ ծառայութեան կոչուեցաւ զինուորական հիւանդանոցներու մէջ։ Իր այդ հանգամանքով թէեւ փրկուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան բաժին հանուած հաւաքական ձերբակալութենէն եւ տարագրութենէն, բայց Յունիսին իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու տարագրուեցաւ Չանղըր, ուր թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճրային ծրագիրը Սեւակին ճակատագրակից ու եղեռնակից դարձուց հանճարեղ Դանիէլ Վարուժանին։ Հայ գրականութեան մեծանուն երկու դէմքերը նահատակուեցան 26 Օգոստոսին։ Պատմական արխիւներուն մէջ կայ վկայութիւնը թուրք սայլապանի մը, որ կը նկարպագրէ, թէ ինչպիսի՛ վայրագ դաժանութեամբ թուրք ոստիկանները ծառի մը կապած եւ ուղղակի մորթած են միայն հայ գիրին ու դպրութեան ծառայելու «յանցանքը» գործած Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։
Մահէն առաջ թուրք դահիճները Ռուբէն Սևակին առաջարկած են ընդունիլ իսլամութիւն, ամուսնանալ թուրք պաշտօնեայի մը աղջկան հետ և փրկել իր կեանքը։ Ռուբէն Սևակի հետ աքսորավայրին մէջ գտնուող հայ գործիչները փորձած են համոզել Սեւակին ընդունիլ առաջարկը և փրկուիլ…. սակայն Ռուբէն Սեւակ կտրրուկ մերժած է այդ առաջարկը։
Yorumlar kapatıldı.