Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
19 Նոյեմբեր 1918-ին, 97 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան անխոնջ ու բազմահմուտ պահապաններէն եւ վաստակաշատ երախտաւորներէն Մաղաքիա Արք. Օրմանեան։ Ուշագրաւ զուգադիպութեամբ մը, Օրմանեան վախճանեցաւ ճիշդ նոն այն օրը՝ Նոյեմբեր 19ին, երբ 1896-ին ընտրուած էր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք, 12 տարի ղեկավարելու համար համազգային կարեւորութեամբ այդ նուիրապետական աթոռը, հայ ժողովուրդին համար ծայր աստիճան կարեւոր ու փոթորկալի ժամանակաշրջանի մը մէջ։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք իր ընտրութենէն առաջ արդէն մեծ հեղինակութիւն էր Օրմանեան՝ իբրեւ գիտուն աստուածաբան եւ ներհուն հայագէտ, որ իբրեւ այդպիսին պատնէշի վրայ մնաց ու անխոնջ աշխատանքով հարստացուց հայ հոգեմըտաւոր ժառանգութիւնը՝ նաեւ պատրիարքութեան շրջանին եւ այնուհետեւ ալ, մինչեւ իր վերջին շունչը։
Ծնած էր Պոլսոյ հայաբնակ արուարձաններէն Բերայի մէջ, 23 Փետրուար 1841-ին, հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը յարկին տակ եւ կնքուած էր Պօղոս անունով։
Նախնական կրթութիւնը ստացաւ կաթողիկէ Հայր Աթանասի դպրոցին մէջ եւ 10 տարեկանին ծնողքը զինք ուղարկեց Հռոմ՝ Անտոնեանց միաբանութեան Ս. Լուսաւորիչ վանքը։ 1856-ին իբրեւ կրօնաւորի օրհնուեցաւ վանահայր Հայր Կղեմէս Միքայէլեանի ձեռամբ՝ Մաղաքիա անուանակոչուելով։
Հռոմի Վենետիկեան Դպրոցին մէջ լատիներէնը զօրացնելէ եւ Ճարտասանութիւն ուսանելէ ետք, ընդունուեցաւ աստուածաբանական Ս. Ապողինարի Վարժարանը, որուն չորս աստիճանները յաջողութեամբ աւարտեց եւ 1863-ին Քահանայ ձեռնադրուեցաւ Երուանդ Արք. Հիւրմէզեանի ձեռամբ։ 1865-ին պաշտպանեց աստուածաբանական իր աւարտաճառը, արժանացաւ Եպիսկոպոսի աստիճանին եւ հայերէնի ուսուցիչ նշանակուեցաւ Վատիկանի Փրոփականտայի Դպրանոցին մէջ։
1866-ին վերադարձաւ Պոլիս, ուր տարի մը Անտոնեան Միաբանութեան Աբբահայր Սուքիաս Եպս. Գազանճեանի քարտուղարութիւնը ստանձնելէ ետք՝ նշանակուեցաւ տեսուչ եւ ուսուցիչ Թագսիմի Անտոնեան վարժարանին։ Շարունակեց աստուաբանական, իմաստասիրական եւ եկեղեցական իրաւագիտութեան մէջ իր ուսումնասիրութիւնները եւ 1867-ին Հռոմ մեկնեցաւ՝ մագիստրոսի իր աւարտաճառը պաշտպանելու համար։ Փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց եւ արժանացաւ Հռոմի Աստուածաբանական Կաճառի անդամակցութեան։
1869-ին, Գազանճեան Եպիսկոպոսին հետ Պոլսոյ Անտոնեան Միաբանութիւնը ներկայացուց Հռոմի մէջ գումարուած Վատիկանեան ժողովին, որ դարձակէտ կազմեց Օրմանեանի կեանքին մէջ։ Ազգային իր ներշնչումներով եւ Հայոց Հաւատքի դաւանաբանական առանձնայատկութեանց կառչելու իր մօտեցումներուն պատճառով՝ բուռն քննադատութեանց եւ դատապարտանքի արժանացաւ։ Գազանճեան Աբբահօր հետ բառացիօրէն խոյս տուին Հռոմէն՝ պապական շրջանակներու հալածանքէն ազատելու համար եւ վերադարձան Պոլիս։
Այդ օրէն սկսաւ Օրմանեանի եւ իր գաղափարակիցներու աստիճանական հեռացումը Կաթոլիկ եկեղեցիէն, որ մերձեցման ու հաշտեցման տասնամեայ ուղի մը կտրելէ ետք, ի վերջոյ, յանգեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մայր գիրկը վերադառնալու 1879-ի պաշտօնական քայլին։
1879-ին ալ սկսաւ Օրմանեան Սրբազանի առաքելական ծառայութեան շուրջ քառասնամեայ շրջանը, որուն 12 տարիները, 1896-էն 1908, Օրմանեան արդիւնաւորեց իբրեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք։ Բայց մինչեւ իր պատրիարք ընտրութիւնը, յատկապէս նշանակալից եղաւ Կարնոյ մէջ, 1880-ականներուն, հայ յեղափոխական շարժումներու բռնկման ժամանակաշրջանին, Օրմանեանի ծաւալած ուսուցչական գործունէութիւնը Սանասարեան վարժարանի մէջ եւ, ապա, սուլթանական իշխանութեանց մօտ իր միջնորդական առաքելութիւնը՝ ի նպաստ հարիւրներով բանտ նետուած հայ երիտասարդներու ազատ արձակման։
1886-ին, Կարնոյ հայոց առաջնորդի իր պաշտօնէն հրաժարելով, Օրմանեան անցաւ Ս. Էջմիածին, ուր Մակար Կաթողիկոսի կողմէ Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Գարեգին Սրուանձտեանցի եւ այլոց հետ։ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մէջ երկու տարի աստուածաբանութեան դասախօս ըլլալէ ետք, նշանակուեցաւ Արմաշի վանքին տեսուչ եւ այդ պաշտօնին վրայ ունեցաւ, սերունդ պատրաստելու եւ պատմագրական իր գործերը ամբողջացնելու առումներով, բեղուն գործունէութիւն։
1896-ին, երբ Մատթէոս Իզմիրլեան Պատրիարքի հրաժարումով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նոր գահակալ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը առաջացաւ, աչքերը ուղղուեցան դէպի Արմաշի երախտաշատ վանահայրը եւ Օրմանեան արժանացաւ Պատրիարքի պաշտօնին։
Հեզասահ չընթացաւ Օրմանեանի պատրիարքութիւնը՝ ոչ միայն Պոլսոյ հայոց պատրիարքական շրջանակներու ներքին հակասութեանց եւ մրցակցութեանց հեղձուցիչ մթնոլորտին առումով, այլեւ Համիտեան բռնատիրութեան հետ տեւական շփման, բախման եւ համերաշխութեան սահմանագիծը գտնելու ամէնօրեայ դժուարութեանց հետեւանքով։ Առանձին քննարկման ու արժեւորման էջի կը կարօտի Օրմանեանի պատրիարքութեան շրջանը, որ անփառունակ վախճան ունեցաւ, երբ հանրագրութեամբ մը ամէն կարգի մեղադրանքի թիրախ դարձաւ Օրմանեան ու պահանջուեցաւ անոր հրաժարականը։ Օրմանեան կաթուած ունեցաւ, բայց վերապրեցաւ ու տարիներ պայքար մղեց, որպէսզի իր անձին դէմ եւ անուան շուրջ կատարուած վերագրումներն ու մեղադրանքները սրբագրել տայ։
Վերջապէս, Եղիշէ Արք. Դուրեան Պատրիարքի օրով, 1909-ին, Օրմանեան Սրբազան անպարտ հռչակուեցաւ իր դէմ եղած բոլոր ամբաստանութիւններէն։
Բայց ազգային-հանրային պաշտօնավարութեան վերջնականապէս հրաժեշտ տուած էր այլեւս Օրմանեան։ Ամբողջապէս նուիրուեցաւ իր գիտաշխատութեանց եւ ամբողջացուց իր կոթողական գործերը՝ «Հայապատում»ը եւ «Ազգապատում»ը, որոնք հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր մեծարժէք ժառանգութիւնը կը հանդիսանան՝ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի անունը յաւերժացնելով։
1914-ին աքսորուեցաւ Երուսաղէմ, ուր մնաց մինչեւ 1917 եւ իր աշխատասիրութիւնները ամբողջացուց։ Անցաւ Դամասկոս, իբրեւ տարագիր, ուր լոյս ընծայեց իր «Խոհք եւ Խօսք» հաւաքածոն։ 1918-ի Մայիսին յաջողեցաւ վերադառնալ Պոլիս, բայց քանի մը ամիս ետք՝ Նոյեմբեր 19-ին, առյաւէտ փակեց այնքան բան տեսած ու ապրած իր իմաստուն աչքերը։
Օրմանեան Պատրիարքի յիշատակին կ’արժէ մէջբերել վկայութիւնը անոր աշակերտած հայ բեմի մեծատաղանդ վարպետին՝ Վահրամ Փափազեանի.-
«Սրբազանը, շնորհիւ իր պատրիարքական գայիսոնի, եթէ չկարողացաւ կասեցնել եւ չէզոքացնել հայ մտաւորականութեան բնաջնջումը Տաճկաստանում, գոնէ կարողացաւ հեռացնել այդ աղէտը, որքան կարելի էր…
«Օրմանեանը այն դէմքերից էր, որոնք մեր ազգի չարքաշ պատմութեան դժուարին ռոպէներին կարողացել են խարիսխ դառնալ մեր ցեղի տարուբեր նաւին եւ զերծ են պահել նրան նաւաբեկութիւնից»:
Yorumlar kapatıldı.