İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 10 Նոյեմբերին Նիւրնպէրկի Սբ. Զէպալտ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միջեկեղեցական արարողութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ, կաթոլիկ, ասորի եւ բողոքական եկեղեցիներու հոգեւորականներ, Նիւրնպէրկի Հայ Համայնքի երգչախումբը, քաղաքային, ընկերային եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ:

ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ
DIÖZESE DER ARMENISCHEN KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 Köln, Tel.: 0221/ 7126223 – 71500397 Fax: 7126267
www.armenische-kirche.de, E-Mail: info@armenische-kirche.de
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
 10 Նոյեմբերին Նիւրնպէրկի Սբ. Զէպալտ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միջեկեղեցական արարողութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ, կաթոլիկ, ասորի եւ բողոքական եկեղեցիներու հոգեւորականներ, Նիւրնպէրկի Հայ Համայնքի երգչախումբը, քաղաքային, ընկերային եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ:

 Գերմանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Գերպ. Կէրհարտ Եպս. Ֆայկէի հրաւէրով 12 Նոյեմբերին Պօննի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը կաթողիկէ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու միջեւ, գլխաւոր նիւթ ունենալով Մերձաւոր Արեւելքէն Գերմանիա գաղթող քրիստոնեայ փախստականներու վիճակը եւ իրենց օգնելու հնարաւորութիւնները: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները հետաքրքրող այլ նիւթեր: Առաջնորդարանի կողմէ հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Հոգշ. Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանը:

 14 Նոյեմբեր 2015 Շաբաթ օրը Կէօփինկէնի մէջ Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանի ձեռամբ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ Տիար Եոհաննէս Քէրխէրի կողմէ հայ-գերմանական բարեկամութեան եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած խաչքարի օծումը, որ տեղադրուած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Օծման արարողութեան ներկայ էին եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՀ Գերմանիոյ Դեսպան Տիար Աշոտ Սմբատեան, Կէօփինկէնի Քաղաքապետ Տիար Կիտօ Թիլ, Տիար Քէրխէր եւ Արժ. Տ. Տիրատուր Քհնյ. Սարտարեան: Ներկայ էին նաեւ ասորի-ուղղ. քոյր եկեղեցիէն Արժ. Հապիպ աւ. քհնյ. Էօնտէր եւ Արժ. Մէլքի Քհնյ. Թէպէր, այլ պատուոյ հիւրեր եւ համայնքայիններ:

Հանդիսութեանց երաժշտական բաժինը ստանցնած էին Արմինէ Ղուկասեան եւ Իզապէլլա Մելքոնեան:

Քէօլն, 18.11.2015 Դիւան Առաջնորդարանի

Yorumlar kapatıldı.