ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԷՆ , ԱՅՍՕՐ , ՄԵԶԻ ԻՄՉ` ՄՆԱՑ.
4 Ապրիլ 2015 թուականին, Հայ ժողովուրդը նշեց, Հայ հողին եւ հողի մարդուն , ազատատենչ ու վեհատենչ ,իր անզուգական ՀԱՅՐԻԿ`ին ,Ամենայն Հայոց 125րդ. Կաթողիկոս ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆ ի ծննդեան 195-րդ. տարեդարձը,իսկ 29 Հոկտեմբեր 2015 (Նոր տոմարով 10 Նոյեմբեր 2015) թուականին յիշատակեց անոր վախճանման 108-րդ.տարելիցը. Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան , որ հայոց ոսկեմատեանին մէջ, իր վեհաշուք տեղը գրաւած է ,հոգեմտաւոր, ազգային, քաղաքական , մշակոյթային ու հայ գրականութեան իր մեծագործ հեղինակութեամբ, եւ նաեւ յաւերժացած է, իբրեւ, Հայ հողին ու Հողին մարդու խորհուրդն ու արժէքը.
ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՄ
Հայ եկեղեցւոյ 125.րդ. կաթողիկոս, հասարակական–քաղաքակական եւ հոգեւոր մշակոյթային գործիչ, մտաւորական ու գրող Մկրտիչ Ա.Վանեցին –Խրիմեան Հայրիկ ծնած է,4 Ապրիլ1820 թուականին Վանի մէջ:Նախնական կրթութիւնը Վասպուրականի վանական դպրոցներու մէջ ստանալէ վերջ,1842 թուականին հաստատուած է Պոլիս. 1854 թուականին ձեռնադրուած է վարդապետ,1855-1856 թուականներու միջեւ հրատարակած է“Արծիւ Վասպուրականի“ամսագիրը. Յունիս 1856 վերադարնալով Վան, ստանձնած է Վարագավանքի վանահայրութիւնը.1857 թուականին կը հիմնադրէ Վանի Հոգեւոր Ժառանգաւորաց վարժարանը,իսկ1858 թուականին վերստին կը հրատարակէ “Արծիւ Վասպուրականի” հանդէսը.
1863-65 թուականներուն կը հրատարակէ “Արծիւ Տարոնօ” երկշաբաթաթերթը , որուն հրատարակութիւնը կառավարութեան կողմէ վերջ կը տրուի :
1868 թուականին Սբ. Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս կ‘օծուի,1869 թուականին կ‘ընտրուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք:Ան կը պայքարի գաւառական երեսփոխաններու թիւը Պոլսոյ Հայ Ազգային Ժողովի մէջ աւեկացնելու համար,Պոլսոյ հայ մեծահարուստներու դժգոհութեան պատճառաւ Օգոստոս 1873 թուականին պատրիարքութիւնէն.
1878 թուականին իբրեւ Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար կը մասնակցի Պերլինի վեհաժողովին. Ան Պերլինի վեհաժողովի մէջ կը փորձէ Եւրոպական մեծ տէրութիւններու բարեացակամութիւնը ձեռք բերել, սակայն վեհաժողովի արդիւնքներէն հիասթափուած կը վերադառնայ Պոլիս եւ փոխելով իր դիրքորոշումը կոչ կ‘ընէ ժողովուրդին ազգային ազատագրական պայքարի համար.
Խրիմեան Հայրիկի անունը կը նոյնանայ “Հարիսայ եւ Թուղթէ Շերեփ“ի օրինակի պատմական քարոզին հետ , որ Հայոց Ազգային Զարթօնքին եւ Հայ ազգային ազատագրական պայքարին ռահվիրա առաջնորդի կողմէ տրուեցաւ մեր ժողովուրդին Օգոստոս 1878 թուականին Պերլինի Վեհաժողովէն Պոլիս վերդարձէն ետք. 1879 թուականին կ‘ընտրուի Վասպուրականի հոգեւոր առաջնորդ :
Խրիմեան Հայրիկի անունը կապուած է նաեւ , Անատօլուի Հայ Ժողովուրդի յուզումներու հետ:15 Յուլիս 1890թուականին Գումգափուի ցոյցերէն յետոյ Թուրքական կառավարութիւնը զինքը կ‘աքսորէ Երուսաղէմ: Մայիս 1892 թուականին կշընտրուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս,սակայն Թուրք սուլթանը թուրքահպատակ Խրիմեանին Սր.Էջմիածին երթալ չի թոյլատրէր, Ռուսաստանի Ցարի միջնորդութեամբ Խրիմեան Հայրիկի Սբ. Էջմիածին երթալ ,ուշացումով կը թոյլատրուի եւ 26 Սեպտեմբեր 1893 թուականին կ‘օծուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս: Ան եռանդուն պայքար կը մղէ ,Հայ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւելու մասին Ռուս Ցարական կառավարութեան 1903 թուակիր օրէնքների դէմ.
Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսութեան օրօք , Սբ. Էջմիախնի Վանքի մէջ կառուցուած է թանգարան, մատենադարան , հիւրանոց , Մկրտիչ Խրիմեան գրած է բազմաթիւ հոգեւոր, կրօնաբարեխօսական, հրապարակախօսական, ազգագրական աշխատանքներ .
Հայ ժողովուրդը անոր ձօնած է նաեւ երգեր.Հայ ազգի նուրիրեալ Մկրտիչ Վանեցի Խրիմեան Հայրիկ վախճանոցաւ 29 Հոկտեմբեր1907(Նորտոմարով ,10 Նոյեմբեր 2015) թուականին.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
__._,_.___
Posted by: Sarkis Adam <sarkis_adam@yahoo.de>
Yorumlar kapatıldı.